Արխիւ
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ երկու յօդուածներով անդրադարձայ Թուրքիոյ մէջ որպէս հա՛յ հետազօտութիւն իրականացնելու դժուարութիւններէն ոմանց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը՝ խորհող, զգացող եւ որոշող անձնաւորութիւն մըն է։ Եւ մարդ՝ շնորհիւ իր լեզուի եւ գրչի ազատութեան բանաւոր էակ մըն է։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ հիմա ըստ կարգի տեսնենք, որ կ՚ըսէ. «Իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ» (Յհ 3.30):
Մեկնութիւն. զօրանալը Քրիստոսի համար չ՚ըսուիր, որովհետեւ Քրիստոս բնութեամբ Աստուած է եւ Աստուծոյ համար զօրանալ պէտք չէ:
Վաղը Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տարեկան ժողովը։ Իր տեսակին մէջ 26-րդ այս նախարարական խորհրդաժողովի ամբողջին մէջ պիտի շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքուի մէջ ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Լոնտոն, ուր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Դաշինքի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան միջազգային հրատապ խնդիրներ։
Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ բանակցութիւններ վարելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ Ռըզա Աքփոլատի կազմակերպած երեկոյթին:
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Four Seasons պանդոկին մէջ ընթրիք:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին զուգահեռ կատարուած դատական դիմումները միշտ կը զբաղեցնեն օրակարգը:
Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի վիճարկումը թէեւ բաւարար չեղաւ կասեցման համար, սակայն դատավճռի հիմնաւորումները կը համարուին թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ հակասական, ինչ որ առիթ կ՚ընձեռէ հարցը տեղափոխելու Վերաքննիչ ատեան: Իսթանպուլի կուսակալութիւնն ալ ներկայացուցած է իր խորհրդածութիւնը:
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ կազմակերպուած էր եզակի տօնավաճառ մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ երկու ներկայացուցիչներ. յանձին՝ Ժանէթ Արծիւեանի եւ Սեդա Պէշիկթաշլեանի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ. յանձին՝ Թանիա Պալճըի եւ Գարոլին Քեպապճըի։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Ամանորի սեմին Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած է քէրմէս մը:
Գատըգիւղի ընտանիքը վերջերս ոգեկոչեց մեծանուն եւ անմոռանալի ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որու ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը կը նշուի այս տարի։ Այս առթիւ Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական փառաշուք հանդիսութիւն մը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի, հայ մամուլի համար, յոբելենական տարի է: Նախ լրացաւ հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին 225-ամեակը, յոբելենական էր տարին նաեւ Պոսթոնի «Հայրենիք» թերթին համար, որ տօնեց իր հիմնադրման 120-ամեակը, եւ վերջապէս Հայաստանի մէջ կը նշուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսի 75-ամեակը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ գիշերը կու գայ եւ իր սեւ քղանցքին տակ կ՚առնէ ամբողջ միջավայրը, ամբողջ տարածութիւնը եւ կը սկսի մութին տիրապետութիւնը՝ մութը սեւութեան մէջ անտեսանելի կ՚ընէ ամէն իրականութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ շուրջ քառասուն օրեր առաջ ընթացք առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Թէկուզ եւ բողոքի ցոյցերուն ընդհանուր ձեւաչափութիւնը փոխուած է, սակայն ակներեւ է, որ ցոյցերը կազմակերպողները, ցուցարարները եւ աշխոյժ երիտասարդութիւնը հեռու են յոգնելէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Վազող մարդը» ամերիկացի ականաւոր գրող Սթեֆըն Քինկի հակաիւթոփիական վէպն է, որ գրի առնուած է Ռիչըրտ Պահմըն ծածկանունով։ «Վազող մարդը» վերջինն է չորս մասէ բաղկացեալ գրքաշարին, որ հրատարակուած է 1977-1982 թուականներու միջեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս կը հաւատան այն բաներուն որոնք «նիւթական», այսինքն տեսանելի եւ շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուած են։ Արդարեւ, ֆիզիքական աչքով դիտուած ամէն ինչ որ իրական ըլլալ կը թուի, ճշմարի՞տ է արդեօք։
Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան հիւրն է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի, որ իր պաշտօնակցին հետ կը վարէ բանակցութիւններ եւ կը սարքէ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։