Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան տագնապը կը շարունակուի։ Թէկուզ ցոյցերն ու բողոքի գործողութիւնները Պէյրութի կեդրոնէն փոխադրուած են հեռակայ շրջաններ, բայց եւ այնպէս, երկրին մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամը հատած են վտանգաւոր ամենատարբեր կարմիր գիծերն ու սահմանները։ Առկայ տագնապալի իրավիճակին մասին յաւելեալ եւ յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով յաջողեցայ հեռակայ բազմաձայն զրոյց մը իրականացնել երկու լիբանանահայ գործիչներու հետ, որոնք զանազան առումներով ալ առընչակից են Լիբանանի զարգացումներուն։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ամանորեան շրջանի աւանդական քէրմէսը։
Դպրոցի սրահի երդիքին տակ պատրաստուած տաղաւարները այցելեցին հոծ թիւով համակիրներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ատամնաբոյժներէն Ռուտի Պոյաճեան վերջերս օրթոտոնթիի մարզին մէջ մասնագիտանալով ստացած է վկայականը։ Մասնագիտական ուսուցման շրջանին իր կողմէ կատարուած աշխատանքը վերահսկուած է Փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն Սետա Այշէ Ճայմազ եւ Մուսթաֆա Օտապաշը վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին։ Նախագահական աշխատակազմէն ներս անոնք մաս կը կազմեն Իսթանպուլի մէջ գործող հասարակական դիւանագիտութեան խումբին։ Զեքիեան Գերապայծառ Սաքըզաղաճըի Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց երկու պաշտօնատարները։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան համար պատրաստութիւնները սկսած:
Սուրբ ծնունդի յաջորդելիք շաբաթավերջին Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի կատարէ իր երդումը եւ պիտի մատուցէ անդրանիկ Սուրբ Պատարագը՝ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ մօտալուտ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ Չըրաղանի պանդոկին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը բնոյթով անձնասէր է, եւ այդ իսկ պատճառով տեւական կը հետապնդէ զօրութիւն, քաջութիւն, փառք-պատիւ եւ յաղթութիւն։ Այս իմաստով տկարութիւն կը նշանակէ ամէն տեսակի պարտութիւն եւ կորուստ, որ կը վիրաւորեն իր անձնականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով 1915 թուականի դէպքերը կ՚որակուին՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Սա այն բանաձեւն է, որ անցեալ հոկտեմբերին ընդունուած էր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան փուլը սփիւռքի մէջ լաւ խմորուած նիւթ կը համարուէին Պոլսոյ դէպքերը։ Բնաւ զարմանալի չէր, որ սփիւռքի զանազան անկիւններէն բաւական բացասական գնահատականներ տրուէին նախկին տեղապահին, մինչեւ պատրիարք դառնալը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ հնչեցուած գնահատականներուն կամ ողջոյնի խօսքերուն վերաբերեալ։
Ամենապատիւ ընտրեալ-պատրիարք սրբազան հայրը կարեւոր տնօրինութիւններ ըրաւ Պոլսոյ Աթոռի կառավարման համակարգի տարրերը յստակեցնելու համար:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, դիւանապետ եւ լուսարարապետ - Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան նշանակուեցաւ պատրիարքական փոխանորդ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով Նորին Սրբութեան շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 11 դեկտեմբեր 2019, չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական պատգամաւորներ։
Նորակազմ Կրօնական ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ-պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 դեկտեմբեր 2019, հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։
ԵՐԱՄ
Ձեռքերը գրպանը դրած, մատները բանալ-գոցելով կը քալէր ձեան կարծրացած շերտին վրայէն։ Զառիվարը կ՚՚իջնէր մայթով, որ վտանգաւոր էր այդ եղանակին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Խշ՜շ, խշ՜շ, խշ՜շ ծովուն պէս կ՚ալեկոծին ցորենին հասկերը.
ննջած ծովուն շնչառութեան ձայնին նման շշուկ կ՚արձակեն:
տեղատուութի՜ւն,
մակընթացութի՜ւն...:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անուանի անձերու կենսագրութիւնը գիտնալ երկու բանի կը ծառայէ. նախ՝ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է հանրութեան ծառայող անձերու հանդէպ, յետոյ՝ անոնք տիպար ըլլալու հանգամանքը կ՚ունենան եւ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս կարելի է երեւելի եւ հանրօգուտ անձ ըլլալ։
Ազգային պատգամաւորական ժողովը այսօր կ՚ընտրէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։ Շաբաթավերջի քուէարկութեան արդիւնքին հետ ուղիղ համեմատութեամբ գահ կը բարձրանայ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր տեղապահի պաշտօն եւ այժմ արդէն կը ստանձնէ մեր նուիրապետական ու սուրբ Աթոռին ղեկը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ շնորհաւորական մը ուղարկած է ընտրեալ-պատրիարք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երջանկութիւնը յարաբերական հասկացողութիւն մըն է։ Իւրաքանչիւր ոք երջանիկ է իւրովի։ Այսինքն, երջանկութիւնը չունի չափ ու սահման…
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեղանիս վրայ «Պրոմէթէոս ազատագրուած» հատորը կայ, որ 1928 թուականին, Մարսէյլի «Թագւոր Խաչիկեան» տպարանէն լոյս տեսած գիրք մըն է եւ պոլսահայ նշանաւոր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանի ճամբորդական նօթերն են, որ ան գրի առած է Խորհրդային Միութեան իր այցէն ետք:
ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍԿ. ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ
Արտագրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Հանրային քննարկում» ծրագիրի հերթական յայտագիրը կը կրէր՝ «Կրթական բարեփոխումներ» խորագիրը, վերջին շրջանին Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող կարգ մը իրադարձութիւններու հետ, լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասանիւթերուն շուրջ: