Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գողտրիկ, դրախտավայր Արցախը աշխարհին ներկայացնելու, համայն հայութիւնը մէկտեղելու սրբազան գործին է լծուած արցախցի զուարճասէր՝ Դաւիթ Վանեան։ Ղարաբաղի մաքուր օդի մէջ ծնած ու սնած, արցախցիին յատուկ հիւրընկալութեամբ ու ազնուութեամբ հասակ առած պատուարժան Դաւիթի նպատակն է՝ օգնել իր երկրին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանելի՜ է մանաւանդ տալը քան առնելը», (ԳՈՐԾՔ. Գ 35)։ Որքան ալ որ մարդ գիտնայ, թէ տալը աւելի երջանկաբեր է եւ երանելի, ան միշտ կը նախընտրէ առնել, տեւական իւրացնել եւ երբեք չկորսնցնել իր ունեցածը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը արդէն 40 տարեկան է։ Պոլսահայ իրականութեան տեսակէտէ յատկանշական յոբելեան մըն է այս մէկը։ Ամբողջ չորս տասնամեակ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ «Մարալ» այսօր պատուանդանի վրայ է՝ մեր բոլոր գեղարուեստասէրներու սրտին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
-Հայր սուրբ, ի՞նչ պայմաններու տակ ստանձնեցիք այս պատմական թեմի առաջնորդի պաշտօնը։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Քրիստոս ինչպէ՞ս Իր ճշմարիտ մարմինը կը ցուցնէր, ինչպէս Իր Աստուածութիւնը:
Պատասխան. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ վեց պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մարմինով մեզի մեծամեծ շնորհքներ պարքեւուեցաւ, այսինքն՝ մեղքերու թողութիւն, եւ կեանք, եւ յարութիւն, եւ այլն, եւ մեր հաւատքով շնորհքը կ՚ընդունինք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեկոյ էր, մեր գթասիրտ Հալէպ քաղաքի աշնանային անուշ երեկոներէն մէկը։ Ու ես յոգնած, եւ օրուան խոնջէնքէն անձնատուր եղած, տուն կը դառնայի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերական պայքարի մէջ են մարդիկ՝ անվերջ պայքարի մը մէջ, անհատապէս եւ հաւաքապէս։ Մարդիկ կ՚ապրին «կեանք» մը միշտ երկունքով եւ պայքարով այն անտեսանելի ուժերուն դէմ՝ որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն դժուարացնել կեանքը, արգելք հանդիսանալով երջանկութեան, որ ամենամեծ նպատա՛կն է մարդ էակին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբին անմոռանալի համերգաշարը Եւրոպայի մէջ:
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին արձանագրուած կարեւոր ձեռքբերում:
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի քաղաքապետարան:
Ատենապետ Պեռնար Սարըպայ յուշանուէր մը յանձնեց քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին՝ մաղթելով յաջողութիւններ:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը, որ արժանացաւ այցելուներու եւ համակիրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Դպրոցի սրահին մէջ զետեղուած էին տաղաւարները, որոնց շուրջ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Աւանդական» պարախումբի անդամներու ընտանեկան հաւաքոյթը։ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի վերյիշման տօնին զուգադիպեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին նշուեցաւ «Աւանդական» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Կիւլէչի անուանակոչութիւնը։
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւան, որ փութացած էր շնորհաւորութեան։ Իրեն կ՚ընկերանար խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանէն հաղորդավար Սագօ Արեանին:
Տ. Սահակ Բ. «Իրարու պէտք ունինք:
Նորին Ամենապատուութիւնը կը պատրաստուի այցելել Անգար:
«Հիմա մենք ունինք պատրիարք մը, որու շուրջ համախմբուելու կարողութիւնը եւ բնազդը ունի մեր համայնքը։ Այս դժուար օրերուն Աստուած մեր ուժն ու կորովը չպակսեցնէ»:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը փառաշուք ձեռնարկով մը նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մարալ»ի ներկայացումը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ «40 տարի շարունակ հայ պարը եւ մենք» կարգախօսով կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը վերածուեցաւ բառին բուն իմաստով տօնակատարութեան մը՝ երգերով ու պարերով։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հաւասարակշռեցին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պիւտճէն - Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Դարձեալ անասուններու մասին է այսօրուան նիւթս։ Անշուշտ մինչեւ հիմա կռահած պէտք է ըլլաք, որ ես անասունները սիրող կամ անոնց պաշտպան անձ մը չեմ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Marvel ընկերութեան անսահման տիեզերքի մասին անշուշտ կարելի չ՚ըլլար հակիրճ տողերով արտայայտուիլ, քանի որ տասնամեակներ շարունակ իր երդիքին տակ արտադրուած քանի-քանի գործեր անդադար կը շարունակեն հրապուրել ու կախարդել զանազան տարիքէ մարդիկ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյսը այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ ուրախ եւ երջանիկ կեանք մը, իր վստահութիւնը դնելով խոստումներու վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ գերիվեր, գերազանց ուժի մը օգնութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան տագնապը կը շարունակուի։ Թէկուզ ցոյցերն ու բողոքի գործողութիւնները Պէյրութի կեդրոնէն փոխադրուած են հեռակայ շրջաններ, բայց եւ այնպէս, երկրին մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամը հատած են վտանգաւոր ամենատարբեր կարմիր գիծերն ու սահմանները։ Առկայ տագնապալի իրավիճակին մասին յաւելեալ եւ յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով յաջողեցայ հեռակայ բազմաձայն զրոյց մը իրականացնել երկու լիբանանահայ գործիչներու հետ, որոնք զանազան առումներով ալ առընչակից են Լիբանանի զարգացումներուն։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ամանորեան շրջանի աւանդական քէրմէսը։
Դպրոցի սրահի երդիքին տակ պատրաստուած տաղաւարները այցելեցին հոծ թիւով համակիրներ։