Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ եւ թուրք խումբ մը լուսանկարիչներ կրկին միասին ցուցահանդէս ունեցած են. Երեւանի եւ Իսթանպուլի մէջ միեւնոյն ատեն նոյն ցուցահանդէսը բացուած է: Երեւանի մէջ՝ Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին, իսկ Իսթանպուլի մէջ՝ UNIG ցուցասրահին մէջ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ
Զինուորական մը պուտտաեականի մը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է այս նոր շարժումին խորքը, ուսմունքը. «Չարիք չընել, բարին ընել եւ միտքը մաքրազատել»: Ա՛յս է կ՚ըսէ: «Այս վեց տարեկան տղան ալ գիտէ» կ՚ըլլայ պատասխանը, որուն պուտտաեականը կը պատասխանէ. «Վեց տարեկանը գիտէ, բայց վաթսուն տարեկանն ալ անկարող է իրագործել»:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց» (Յհ 4.27):
Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ զՔրիստոս կը պատուէին, երկրորդ՝ որովհետեւ կ՚ամչնային, երրորդ՝ որովհետեւ կը վախնային:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կեանքէն, գրական վաստակէն եւ հանրային գործունէութենէն հատուածներ։
1936-ին «Աշխարհի Լոյսն Ի Հայս» Ա. հատոր եւ 1939-ին Բ. հատորը հրատարակած է։
Ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած միջազգային եռօրեայ համագումարը հասաւ իր աւարտին:
ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու ընդհատման հարցը։ Տիարպաքըրի պատգամաւոր Փայլան այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց՝ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Մեհմէտ Ճահիտ Թուրհանին։
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջեկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ երեսուն աստուածաբաններու ու միջեկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսաստանէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Քիեւ։ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի 8-րդ ժողովին մասնակցութիւն կը բերէ Էրտողան եւ այս ծիրէն ներս կազմակերպուած Թուրքիա-Ուքրայնա գործարար ֆորումին ժամանակ կը հանդիպի նաեւ գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներու հետ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը բացառիկ հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին:
«Մենք կը հալինք ու կը նուազինք ահազանգային համեմատութեամբ», կ՚ըսէ Նորին Ամենապատուութիւնը:
Յաջորդ տարեմուտին Վատիկանի մէջ պիտի արծարծուին Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տեղը եւ դերը:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական ծաւալուն եւ հետեւողական քննարկումներ:
Մալաթիահայերու հայրենակցական միութենէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճիի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Տաւիտ Էվեափան, Նուպար Օփան, Առէն Տատըրօղլու, Մուրատ Չեքէմ, Մենեքշէ Տիքթաշ, Ասլին Կիւրլէրօղլու, Սարգիս Պոյաճը, Մերիէմ Տելկի, Սեսիլիա Տելկի, Արէտ Շիրին Թաթլըտիլ եւ Էլիզապէթ Փէյնիրճի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդու ստեղծագործ աշխատանքի, տաղանդի եւ գեղարուեստական ուրոյն ոճի համադրումէն յառաջ կու գան անզուգական, սքանչելի ու անհամեմատելի գործեր, որոնք որպէս ժառանգութիւն, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին ու կ՚ուսումնասիրուին իրենց բովանդակութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Դարձեալ վերյիշումներով պիտի երթամ դէպի Սուրիոյ հայահոծ Հալէպ քաղաքը, որու ընկերային կեանքի սովորութիւնները վերաքաղ ընելով պիտի բաղդատեմ զանոնք՝ այժմու լոսանճելըսահայ ընկերային կեանքի սովորութեանց, որոնք դժբախտաբար չափազանցեալ ձեւ եւ նկարագիր առած են։
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գեղեցկութիւնը բան մըն է, որ իւրաքանչիւր կին կը փափաքի ունենալ. ոմանք, նոյնիսկ, վիրահատութեան կը դիմեն՝ գրաւիչ եւ հմայիչ տեսք ունենալու համար: Գեղեցկութեան չափանիշը տարբեր է տարբեր մարդոց համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
15 յունուարին բաւական անսպասելի իրադարձութեամբ մը՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւնը ներկայացուց իր հրաժարականը։ Անսպասելի, որովհետեւ մինչ այդ ռուսաստանեան «պալատական» մամուլի ներկայացուցիչներ ոչ մէկ լուր կամ վերլուծական գրած էին երկրին համար բաւական տարողունակ եւ նոյնքան «իմաստալից» այս յոյժ կարեւոր զարգացումին մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«ՊԷՏՔ Է ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆ ԱՆՊԱՅՄԱՆ, ԵՒ ՍՐՏԵՐԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆ»։
Այսպէս կ՚ըսէ Գերագին Պատրիարք Խաչատուրեան՝ Թրքահայ գրագէտ-Պատրիարքը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ֆէյսպուքը, Ինսթակրամը եւ Թուիթըրը այլեւս մեր առօրեային մաս կը կազմեն եւ արդէն իսկ բազմաթիւ անձերու համար անհրաժեշտութիւն են: Սակայն, ինչպէս ամէն բան, ատոնք եւս երբ կը չափազանցուին, կ՚ունենան ժխտական ազդեցութիւն, անխուսափելի վնասներ, որոնց մասին յաճախ կը նշեն մասնագէտներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գրեթէ տասն օրուան մէջ միլիառաւոր տոլարի վնաս, մտավախութիւններ եւ ամենաէականը խուճապի առաջնորդող ընդհանուր դրութիւն մը։
Չինաստանի մէջ եղած զարգացումները, յառաջիկայ օրերուն սպասուելիք զարգացումները եւ մտահոգութիւնները կարծես թէ պատահական չեն։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար պէտք է յարգենք մեր ծնողները:
Պատասխան. Առաջին հերթին, որովհետեւ Աստուծմէ մեզի տրուած պատուիրան՝ թելադրութիւն մըն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս զիրար կ՚օրինակեն մեքենաբար, եւ երբեմն «յիմարաբար», նոյնիսկ իրենց վնաս պատճառող արարքներով՝ իրենց մարմինը եւ հոգին կործանելու համար։ Յաճախ ո՛չինչ կը համարեն այդ մարմնական եւ հոգեւոր կործանումը, բաւ է որ օրինակեն ուրիշները, ուրիշներու պէս ըլլան եւ ուրիշներէ վար չդասուին։