Արխիւ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Բամբասկոտութիւնը ամենէն տգեղ սովորութիւնն է։
-Ո՜հ, ես ալ բնաւ չեմ կրնար հանդուրժել բամբասկոտ մարդոց,- հոգւոյն խորքէն հառաչ քաշելով, դժկամ ու անգոհ դէմքով խօսակցութիւնը պաշտպանեց երկրորդ մը։
Վենետիկի մէջ զբօսաշրջային հոսքի վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկեն։ Այսպէս, Վենետիկը հիւրերու գերաւելցուկ (overtourism) ունեցող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն առաջինն է, որ ճանապարհորդներու հոսքերու վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ ամէն բան՝ որ գեղեցիկ է եւ բարի, անպայմա՛ն իր թշնամին ունի։ Բնութեան մէջ, ամէն ինչ որ ոչ միայն գեղեցիկ է, հապա նաեւ՝ որեւէ կերպով օգտակար է եւ անհրաժեշտ կեանքի պահպանութեան եւ գոյատեւման համար, աւերածութիւններու ենթակայ կ՚ըլլայ։
Պրազիլի մէջ քորոնա ժահրի պատճառով բարեկենդանը չեղարկելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ։ Այսպէս, Պրազիլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ չի համարեր քորոնա ժահրի պատճառով չեղարկել նշանաւոր բարեկենդանը, որ պէտք է տեղի ունենայ փետրուարի վերջաւորութեան։
Իտալացի նկարիչը քորոնա ժահր պատկերած է դաշտին մէջ։ Այսպէս, Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ քորոնա ժահրի ողբերգական պատկեր յայտնուած է դաշտին վրայ։
Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մնացած է շատ քիչ ժամանակ։ Մէկ շաբաթէն աւելի քիչ ատեն մը կայ, որպէսզի ընտրուի երկրի նոր խորհրդարանը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ հարցերու եւ զարգացման ծրագրերու։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ՝ հրատապ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան Իտլիպի վերջին դէպքին, նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ իրադարձութիւններուն:
Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկներու շարքին ծրագիրը ընթացքի մէջ:
Ամերիկահայ յայտնի արուեստագէտ Քլինթ Պաճաքեան երէկ զրուցեց 40 երաժիշտներու հետ:
Կը տեղեկանանք, որ Sosyal Tarih հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս լոյս ընծայած է՝ դիւանագէտ ու պատմաբան Արսէն Աւագեանի կողմէ հեղինակուած գիրքը։ «Karanlıkta Kalmış Bir Eylemci: İttihatçı Komünist Salih Zeki (Kuşarkov)» կը կոչուի այս գիրքը, որ շահեկան ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն է։
Թրքահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան վիճակին շուրջ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Մեր բարենպատակ հաստատութիւններու ֆիզիքական ամրութեան երաշխաւորման համար յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիցագոյն մետրապոլիտներէն Քոնստանդին Հարիսիատիսը։ Ան ներկայիս ի պաշտօնէ Նիկիոյ մետրապոլիտն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ այն ուխտաւորները, որոնք վերջերս Երուսաղէմ մեկնած էին՝ մասնակցելու համար Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութենէն Վարդան Պալմումճեանն ու Արսէն Գովանը։ Մխիթարեանի ընտանիքի այս երկու ծանօթ անունները փութացած էին բացատրութիւններ տալու համար միութեան վարչութեան մշակութային վերջին կարեւոր նախաձեռնութեան շուրջ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ
Զինուորական մը պուտտաեականի մը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է այս նոր շարժումին խորքը, ուսմունքը. «Չարիք չընել, բարին ընել եւ միտքը մաքրազատել»: Ա՛յս է կ՚ըսէ: «Այս վեց տարեկան տղան ալ գիտէ» կ՚ըլլայ պատասխանը, որուն պուտտաեականը կը պատասխանէ. «Վեց տարեկանը գիտէ, բայց վաթսուն տարեկանն ալ անկարող է իրագործել»:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց» (Յհ 4.27):
Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ զՔրիստոս կը պատուէին, երկրորդ՝ որովհետեւ կ՚ամչնային, երրորդ՝ որովհետեւ կը վախնային:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կեանքէն, գրական վաստակէն եւ հանրային գործունէութենէն հատուածներ։
1936-ին «Աշխարհի Լոյսն Ի Հայս» Ա. հատոր եւ 1939-ին Բ. հատորը հրատարակած է։
Ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած միջազգային եռօրեայ համագումարը հասաւ իր աւարտին:
ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու ընդհատման հարցը։ Տիարպաքըրի պատգամաւոր Փայլան այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց՝ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Մեհմէտ Ճահիտ Թուրհանին։
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Այցելութեան օրերուն ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Լաշա Տարսալիայի եւ Հաշտութեան ու քաղաքացիական հաւասարութեան հարցերու գծով Պետական նախարար Քեթեւան Ցիխելաշվիլիի կողմէ։