Արխիւ
Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս 30 օրով։ Երէկ, Հայաստանի կառավարութիւնը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին որոշուեցաւ՝ մինչեւ 14 մայիս 2020 թուականը երկարաձգել ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցները։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ:
Պետութիւնը շարժման անցուցած է բոլոր լծակները: Յառաջիկայ շաբաթավերջին եւս փողոց դուրս գալը արգիլուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ: Քայլեր կ՚առնուին նաեւ տնտեսական հաւասարակշռութիւններուն համար:
Լեռնային Ղարաբաղի նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը այսօր կ՚աւարտի:
Անխուսափելի թեկնածուներն են Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան: Քուէարկութիւնը կ՚իրականացուի Արցախի մէջ յայտարարուած արտակարգ իրավիճակին պայմաններուն ներքեւ:
Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական բանավէճը՝ քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ:
Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն իրերամերժ ու հակասական պաշտօնական յայտարարութիւններ կը կատարուին վերջին օրերուն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի աննախընթաց տարածումը՝ աշխարհով մէկ, բոլորիս վրայ ազդեց։ Դպրոցներն ու գործատեղիները փակուեցան, մարզարաններն ու ճաշարանները գոցուեցան եւ միայն դրամատուներն ու ուտեստեղէնի շուկաները բաց մնացին, որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց անմիջական պէտքերը հոգալ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր իմ խօսակիցը Պելժիա հաստատուած Շահնուր Մինասեանն է։ Ուշագրաւ է, որ Շահնուրի հետ կարողացայ ոչ միայն լոյսին բերել ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս Պելժիոյ այսօրուան իրավիճակը, այլեւ պրիսմակը լայն բանալով՝ հարցադրումներ ուղղել այսօր խորունկ ճգնաժամ ապրող եւրոպական մեծ միաւորի ապագային մասին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եւ գիտելի է, որ ճշմարիտ վկան բոլոր սուտ կարծիքները կը խափանէ ու գաղտնի ճշմարտութիւնը կը յայտնէ եւ վկայուածը կը մեծացուցանէ, իսկ սուտ վկան հակառակ ասոր ճշմարիտը կը խափանէ ու ստութիւնը կը յայտնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ինչպէս մարմնով եւ արտաքին տեսքով, նո՛յնպէս ալ մտքով իրարմէ տարբեր են ստեղծուած, եւ շատ բնական է որ մէկզմէկէ տարբերին թէ՛ մարմնական կազմով եւ թէ՛ խորհելու, տրամաբանելու, դատելու եւ որոշելու ուղղութեամբ։ Ասիկա բնական է բանական էակին՝ մարդուն համար, քանի որ բանականութիւնը լայն մտային հորիզոն մը կը ստեղծէ՝ ուր կը գտնուին տարբեր կարծիքներ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արագ քայլերով ընթացող մարդկութեան ճանապարհին ցցուած պատի մը նման յայտնուեցաւ քորոնաժահրը եւ իր հետ բերաւ նոր երեւոյթներ. աշխարհ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ համաճարակի նախորդածին նման։ Այս բոլորով հանդերձ, համաճարակի ծաւալման պատճառ եղաւ մարդ արարածը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ մեծ բերկրանքով կը տօնենք Սուրբ Յարութեան տօնը մենք՝ երկրաւորներս, անշուշտ պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ ննջեցեալները՝ որոնք կ՚ապրին հոգեպէս եւ մուտք են գործած Տիրոջ յաւիտենական կեանքին։ Ուստի պէտք է մասնակից ընել ննջեցեալները մեր երկրային ուրախութիւններուն։
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս։ Անթիլիասի մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ս. Զատկի առթիւ տուաւ իր պատգամը։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրերը սքանչելի օրհնութեամբ փառաբանած են գեղեցկահիւս աղօթքներու ու շարականներու մէջ՝ բերելով մեր ժողովուրդին կեանքի անսպառ յոյսի եւ փրկութեան աւետիսը. «Դու ես, Քրիստոս, մարդկային ազգի կեանքն ու յարութիւնը»։
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհացրիւ իր հօտին օրհնութիւն բաշխեց՝ Տիրոջ կենաց փայտի մասունքի խաչով:
Երեւանի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին հնչած աւետիսը արձագանգեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու սրտին մէջ:
«Յարութիւնը ոչինչէն վերստին ստեղծել չէ, քնացողի վերստին արթննալը, կեանք գտնելն է»:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընկերային ցանցերու միջոցաւ խօսեցաւ Սուրբ Զատկուան քարոզը:
Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երէկ Թուրքիոյ մէջ մահացաւ եւս 97 հոգի։ Այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 1198-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ ներկայիս վարակեալներու թիւը հասած է 56 հազար 956-ի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ս. Զատկի տօնին առթիւ երէկ հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր պատգամին թրքերէն բնագիրը։
ՇԱՂԻԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Օրերս աշխարհը կը տառապի պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն: Այս համաճարակին դէմ դնելու համար խիստ կարեւոր է զօրացնել մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Մինչ միլիոնաւոր մարդիկ մեկուսացած են՝ պայքարելու քորոնաժահրին դէմ, դրական մնալը ուրիշ ժամանակներէ շատ աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ:
Դրական զգացումէն ուրախութիւն կը ծնի: Դրական զգացումներուն վրայ կեդրոնանալը շատ աւելին է, քան ժպտալը. ատիկա լաւատես մնալու եւ կացութիւնը կառուցողական տեսանկիւնէն դիտելու կարողութիւն է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ընթրիքը պատրաստ, սեղանը լի ձուկով, գինիով ու հացով, իրենց Ուսուցիչին շուրջը խմբուած են տասներկուքը, կը ճաշակեն հրամցուածը եւ կը զրուցեն անցուդարձերու, եղածներու, ըլլալիքներու մասին ու յանկարծ Ուսուցիչին արտաբերած «մատնութեան» մասին արտայայտութիւնը կը քարացնէ բոլորը:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Զատիկ է այսօր։ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարը։ Տաղաւար մը՝ որ տօնակատարութիւնն է Աստուածային յաղթանակին, տարուած ծանր քարի ետեւի վիմափոր գերեզմանի մահաբոյր ներկայութեան դէմ։