Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երէկ ունեցան առցանց զրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները անդրադարձան քորոնաժահրի համավարակի դէմ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ ներս ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն, կանխարգելիչ քայլերուն եւ հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն։
Թուրքիոյ մէջ ամբողջ թափով պայքար յառաջ կը տարուի քորոնաժահրի համավարակի դէմ։ Բոլոր պաշտօնական մարմիններն ու մասնագիտական շրջանակները կը շարունակեն ընդգծել, որ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնել կը շարունակէ տունէն դուրս չգալը։
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը կը ներկայացնէ գրողի ընտանիքի նախընտրած ուտեստներու բաղադրատոմսերը։ Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը ապրիլի 10-էն սկսեալ տուաւ «Թումանեաններու խոհանոցին մէջ» ծրագրի մեկնարկը, որու շրջանակէն ներս թէ՛ մեծահասակները եւ թէ փոքրիկները կրնան ծանօթանալ ամենայն հայոց բանաստեղծի եւ անոր ընտանիքի անդամներու նախըտրած ճաշատեսակներուն:
Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան ներկայ մեկուսացման օրերուն իր առօրեային կապակցութեամբ զրուցած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթի աշխատակից Լիանա Սարգսեանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին պոլսահայ մըն է Յովհաննէս Չեքիճեան, որ մեկուսացման այս օրերուն խորհուրդ կու տայ՝ զինուիլ համբերութեամբ ու ժամանակը անիմաստ չվատնել։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս, հայաբնակ Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վրէժ Աղաճանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս վերջինը կը փոխարինէ Արա Նաճարեանը, որ հեռացած է քաղաքապետի պաշտօնէն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Արանչա Կոնզալեզ Լայայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համավարակի դէմ ուղղուած պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ ընտրողներու նուազ մասնակցութեամբ:
Արայիկ Յարութիւնեան կը ստանձնէ Արցախի ղեկը - Արմէն Սարգսեանի կողմէ գնահատանք ու շնորհաւորութիւններ:
Վեհ. Հայրապետը կարծիք յայտնեց Հայաստանի քաղաքական կեանքի ամենակնճռոտ հարցերէն մէկուն մասին: Կառավարութեան եւ Մայր Աթոռի միջեւ բանավէճ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց փոխել նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց երկար սպասուած դրական լուր մը. օրեր անց Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի տարածման թափը անկում արձանագրել սկսած է: Տագնապը նուազագոյն վնասներով յաղթահարելու ուղղութեամբ յուսադրիչ իրադարձութիւն:
Նախարարաց խորհուրդի վերջին ժողովին ժամանակ յստակօրէն ի յայտ եկան յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները, որոնք կը բիւրեղանան միջազգային փորձառութիւններու լոյսին տակ:
Կառավարութիւնը որոշած է իսկոյն շարժման անցնիլ երաշխաւորելու համար՝ կենսաանվտանգութիւնը, սնունդի անվտանգութիւնն ու սիպերանվտանգութիւնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի անդամներէն մին եւս զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Այսպէս, ոչ եւս է Արա Թէլլէր, որ շուրջ 80 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, ուր դարմանման տակ էր շուրջ ամիսէ մը ի վեր։
Ստորեւ կ՚արտատպենք Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրականը՝ ստորագրուած գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ։
ԵՐԱՄ
Կային երկինքը, Արկ է Պամն ու քաղաքն ամբողջ՝ փլատակ, եւ աղաւնիները Զանային։ Ուրիշ ոչինչ կարծես։ Մենութեան ու կորուստի արհաւիրք մը պատեր էր իրեն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անցաւ գրեթէ ամիս մը, բանտարկուած ենք մեր սեփական յարկի տակ։ Անթիւ անհամար մեղքերու, սխալներու, թերութիւններու պատճառաւ կը կրենք պատիժ, սակայն չենք հասկնար, թէ ո՛ր մէկուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամ» բառը տառացիօրէն մեկնելով բարեկամութեան բարձրագոյն եւ իսկական նշանակութեան հասնիլ կարելի չէ։ Տառացիօրէն, «բարեկամ» կը նշանակէ մէկը, որ բարի կը կամենայ, կամ, բարիք կ՚ընէ։
Հնդկաստանի մէջ մարդամեքենայ բուժքոյրերը շուտով կը ծառայեն քորոնաժահրով վարակուած անձերուն։ Այսպէս, մարդամեքենայ բուժքոյրերն ու բուժակները շուտով կը սկսին ծառայել Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, պայքարելու համար ընդդէմ քորոնաժահրի համաճարակին։
Պերլինի մէջ, Գերմանիա, բարձրակարգ ճաշարաններէն մին անվճար սնունդ կը մատակարարէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Պերլինի մէջ բարձր վարկանիշ ունեցող ճաշարաններէն մէկը, որ փակ է յաճախորդներու համար, այս օրերուն կ՚աշխատի բժիշկներու համար՝ անվճար սնունդ մատակարարելով անոնց:
Հայկական անուշեղէնը յայտնուած է չեխական ազգային վաճառանիշներու կարգին։
Այս դժնդակ օրերուն, երբ ողջ աշխարհը զբաղած է քորոնաժահրի շարունակուող մահաբեր արշաւի չէզոքացմամբ, չեխական մամուլը կը փորձէ բացի ամենօրեայ հրատապ նիւթերէն, չեխերու մէջ լաւատեսութիւն եւ հպարտութիւն սերմանել։
Քաշմիրի մէջ վերջին օրերուն էականօրէն լարուած է ընդհանուր կացութիւնը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի զինեալ ուժերու շփման գծի երկայնքով շաբաթավերջին տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով, ըստ էութեան, տուժած են խաղաղ բնակիչներ։
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս կը հասուննայ գործարք մը։ Այսպէս, Պաքու կը նախատեսէ ձեռք բերել ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւեր։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսրայէլի պետութեան ղեկավարը կապ հաստատած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հետ։