Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- Հայրենասիրութիւն է սեփական ժողովուրդի տգիտութեան, անբարոյականութեան, աղքատութեան, ինչպէս եւ հիւանդութիւններու եւ այլ բազմատեսակ նիւթական եւ բարոյական կարիքներուն դէմ մաքառիլը: Հայրենասիրութիւն է անոր միտքին խաւարը փարատելը, լուսաւորել մարդկային հոգիի բարձր արտադրութիւններով եւ պաշտպանել անոնց ժառանգութիւնները բարոյական բոլոր միջոցներով (Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս):
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Քսաներորդ դարու լման երկրորդ կիսուն Հայրենիքն ու Հայ Եկեղեցւոյ արշալոյսը Շարականի տողերով «արեգակնակերպ ճառագայթներու» վերածուեցան երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Մեծագործ Հայրապետի երկարատեւ եւ բացառապէս արդիւնալից գահակալութեամբ (1955-1994թթ.)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տասնմէկ օրուան պատերազմի հետեւանքները տակաւին երեւելի են: Խօսքը կը վերաբերի մայիսի 10-ին Պաղեստինի դէմ շղթայազերծուած Իսրայէլի յարձակումին, որուն հետեւանքով Կազզէի մէջ սպաննուեցաւ 230 մարդ, իսկ վիրաւորներու թիւը հասաւ 1710-ի։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Արա Այվազեանի հրաժարականի պատճառներուն կապակցութեամբ տակաւին մեկնաբանութիւններ պիտի չտրուին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած նորանշանակ դեսպաններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Անգլիոյ դեսպան Ճոն Կալակերի եւ Արժանթինի դեսպան Մարիանօ Վերկարայի հետ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը պախարակեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վեց հայ զինուորներու գերեվարման դէպքը, վերջին օրերու լարուածութիւնով հանդերձ։ Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մալաթիայի գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մալաթիահայ հայրենակցական միութեան (Հայտէր) անդամները։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Որոշումը՝ իրն էր: Այսպէս, այդ շաբաթ, մեր թոռնուհի Վանան, քիչ մը աւելի «երկար» մեզի պիտի մնար, ո՛չ թէ որովհետեւ Մայիս 28 էր, այլ «մեծ ֆայնըլներ», քննութիւններ ունէր եւ պատրաստուելու յարմարագոյն «վայրը», մեր տունը ընտրած էր:
ԵՐԱՄ
Կը հանէ սառնարանէն լեմոն մը, կը լուայ զայն, կը դնէ սեղանին։
Կ՚ իջեցնէ ապակեայ խոշոր սափորը ամենավերի դարակէն. զայն եւս կը լուայ, կը դնէ չորնալու։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Գրէ՛»,- կը հրամայէ միտքը:
«Ի՞նչ գրեմ»,- կը պատասխանէ ձեռքը, որ կարծես չ՚ուզեր ենթարկուիլ միտքին, բայց կը շարժի սպիտակին վրայ, կը խծբծէ շրջանակներ, վեր ու վար խառն գիծեր՝ սրտի զարկերը հաստատող մեքենայէն դուրս հոսող գիծերուն պէս:
ԱՄՆ եւ ԵԱՀԿ կ՚արձագանգեն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ վիճելի առաջարկ մը օրակարգի վրայ բերաւ՝ խօսելով միջազգային դիտորդներու հրաւիրման մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն՝ մասնաւորապէս Հայաստանէ դուրս ապրող ընկերներ նամակներ կը գրեն՝ հարցնելու համար երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին։ Խնդիրը, անշուշտ, կապ ունի յառաջիկայ ամիս նախատեսուած ընտրութիւններուն հետ։
Սա հրավառութեան դրուագ մը չէ, դժբախտաբար։ Մայիսի 28-ն է այսօր, տօն է Հայաստանի մէջ, Հանրապետութեան տօն… Ափսոս, որ տօնական տրամադրութիւններ չկան երկրին մէջ, ուր կը գերիշխեն նահատակ երիտասարդներու խոր սուգը, պատերազմի ծանր հետեւանքները եւ պետութեան գոյատեւման ուղղեալ սպառնալիքները։ Մայր Հայաստանի երկնակամարին ամիսներէ ի վեր կուտակուած են սեւ ամպեր՝ խիտ, թանձր…
Չինաստանի Շանհայ քաղաքին մէջ շքեղ ինքնաշարժներ արտադրող Հարաւային Քորէայի «Genesis» ընկերութիւնը, որ «Hyundai Motor Group»ի քովընտի ընկերութիւնն է, Չինաստանի մէջ կազմակերպած է լուսային շոու մը։ 3281 անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ կազմակերպած սոյն լուսային շոուն «Կինէս»ի համաշխարհային մրցանիշ սահմանած է։
Հոլանտայի մէջ կառուցուած է Եւրոպայի առաջին ամբողջութեամբ «3D» տպագրութեան փորձագիտութիւնով տունը։ Այսպէս, հոլանտացի զոյգը տեղափոխուած է Եւրոպայի առաջին, ամբողջութեամբ «3D» տպագրութեան փորձագիտութիւնով կառուցուած տունը, կը հաղորդէ «The Guardian»ը։
«MVDR» գրասենեակը, աշխատելով չինացի «TUPDI» ընկերութեան ճարտարապետներուն հետ, քանի մը տարիէ ի վեր մշակած է ապագայապաշտ նախագիծ մը, որ յայտնի է Թիանցին Պինհայիի հանրային գրադարան անունով, կը գրէ «Luxury Launches» կայքէջը՝ մանրամասնելով, որ այնտեղ աւելի քան 1.2 միլիոն գիրք կայ։
«Հերի Փոթըր»ի մասին շարժանկարի ստեղծողները երկու անակնկալ պատրաստած են երկրպագուներու համար։ Այսպէս, այս տարի «Հերի Փոթըր» շարժանկարներու շարքի ստեղծման 20-ամեակն է, որու կապակցութեամբ շարժանկարի գործիչները քանի մը անակնկալներ պատրաստած են Հերի Փոթըրի երկրպագուներու համար, կը յայտնէ «Daily Mail»ը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնոդոսական Հայրեր,
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն,
Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու համաժողով,
Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութիւն եւ Կապրոյեան ընտանիք,
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
9 յունուար 2020 թուականին լրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 75-ամեակը: Այս առիթով մատենադարանցիները նախաձեռնած են «ՏՕՆԱԳԻՐ» գիտական ժողովածոյի հրատարակումը, որուն մեծ սիրով ու ջերմութեամբ արձագանգած են աշխարհի յառաջատար հայագէտներն ու արեւելագէտները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հրաշալի պատմական ֆիլմաշար մը, ուր նախապատուութիւնը կը տրուի հաւատքին ու հաւատքի զօրութեան: Ան Իզապելլա Քասթիյյեացի թագուհիի կեանքի մասին պատմող սպանական պատմական ֆիլմաշար մըն է: