Արխիւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Անթիլիասէն այս շրջանին օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, որոնք Կիլիկեան Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործեն, վերջին օրերուն այդ օժանդակութիւնները հասցուցին քսան կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Օփերային շրջակայքը զբօսնողներէն, քալողներէն կամ տարածքի պուրակներուն ու սրճարաններուն մէջ պարզապէս նստողներէն քիչեր գիտեն, որ Օփերայի մօտակայ պուրակին մէջ կը հանգչի հայոց մեծերէն մին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Փոքրիկ Անահիտը ունէր պուպրիկ մը: Անունը Իզապելլ: Անահիտ կը սիրէր իր պուպրիկը կարճ ձեւով անուանել՝ Պեթի: Պեթին հայ չէր: Տարիներ առաջ Անահիտի հօրեղբայրը գործուղղուեցաւ Գերմանիա:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. մոլորուածութիւնը կարելի՞ է որ խենթութիւն ըլլայ:
-Մոլորուածութիւնը բան մըն է, իսկ խենթութիւնը՝ ուրիշ բան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Մարալ Այվազ այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցի առցանց ձեռնարկի մը, որ պիտի մէկտեղէ աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երաժիշտներ։ Զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին պիտի գտնուի Մարալ Այվազ, որուն պիտի նուագակցին՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։
Ֆրանսական հեղինակաւոր «Hermès» նորաձեւութեան տունը «Instagram»ի ընկերային ցանցի իր կայքէջին վրայ ներկայացուցած է արդէն դասական դարձած «Birkin» պայուսակներու լիովին ուտելու տարբերակները, որոնք պատրաստուած են իսկական բանջարեղէնէ: Այս մասին կը գրէ «Luxury Launches»ը ու կը նշէ, որ պայուսակներու ստեղծման վրայ աշխատած է նկարիչ եւ ձեւագծող Պէն Տենցէր:
Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանին կողմէ արտադրուած «Նայիրի»ն ոսկէ մետայլի արժանացաւ Թոքիոյի ուիսքիի եւ ոգելից ըմպելիներու մրցոյթի շրջանակին մէջ։ Ճաբոնի մայրաքաղաքէն ներս այս տարուայ մրցակցութեան աշխարհի զանազան երկիրներէն 427 ոգելից ըմպելի մասնակցեցաւ։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ հերթական ցուցահանդէսը։ Պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն է այս մէկը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առընթեր գործող «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութան կեդրոնի տնօրէն նշանակուեցաւ Ճեսի Էրլըն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան այս առթիւ յայտնեց, որ նորանշանակ տնօրէնը հեղինակաւոր ակադեմական մըն է հայկական Աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու շուրջ։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ փոխանցումներու մեծ հոսք մը կը նկատուի դէպի երկիր։ Մասնաւորապէս այս առումով աշխուժութիւն մը խնդրոյ առարկայ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:
ԵՄ-ի ղեկավարներու հետ Պրիւքսելի երէկուան հանդիպումէն վերջ Պայտըն այսօր Ժընեւի մէջ ժամադրուած է Փութինի հետ. միջազգային բեմահարթակի վրայ իրերայաջորդ կարեւոր գագաթաժողովներ:
ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու բանակցութիւններու օրակարգին վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Շուշիի մէջ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ նախագահ Էրտողան անգամ մը այցելած էր Ատրպէյճան, ուր Ալիեւի հետ մասնակցութիւն բերած էր Պաքուի մէջ կազմակերպուած յաղթանակի շքերթին։
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ ժամադրուած են Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Երկրի դիմագրաւած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այս հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ բանավէճ մը ծնունդ առած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան թեւին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Իշխանափոխութենէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին, դժբախտաբար, պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը դուրս եկած է բնականոն հունէն։
CNEWA-ի կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց նաեւ Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամներէն Քովենթրի Քրիստոֆըր Եպիսկոպոսը:
ԵՐԱՄ
Հրապարակի կողքի փողոցէն կը քալէ դանդաղ ու ծանր քայլերով։ Ձեռքին պարապ դոյլ մը կայ։ Հիւղակի փոքր պարտէզէն քաղած վարունգը լեցուցեր տարեր է այս առտու քաղաքի կեդրոն, ու վաճառեր ամբողջովին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մարտի 2՝ այսօր սկիզբ առաւ իմ կեանքը: Սակայն իմ ծնողները տակաւին չեն գիտեր, որ ես կամ, այստեղ եմ, գոյութիւն ունիմ: Եւ ես մանչուկ մըն եմ: Ես պիտի ունենամ գեղեցիկ աչքեր ու դիմագիծեր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Դժուար է հաւատալ, որ հայաստանեան այս տխուր իրականութեան մէջ կարելի է ժպիտ յառաջացնող անկիւն մը գտնել եւ թօթափիլ յետպատերազմեան մղձաւանջէն եւ անոր վրայ ծանրացած նախընտրական գորշ ու յաճախ թունաւոր տրամադրութիւններէն: Ահաւասիկ, այդպիսի անկիւն մը պարգեւեցին մեզի խումբ մը խանդավառներ՝ Երեւանի մէջ հիմնելով «Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախագիծը:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11.25):
Մեկնութիւն. Քրիստոս Ինքզինք կը ցուցնէ՝ պատճառ եւ տուող յարութեան, եւ ասիկա կրկնակի կերպով. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոսի յարութիւնը մեր յարութեան պատճառն է:
Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տէր Յիսուս Քրիստոոսի սովորական ճամբորդութիւններէն մին կը ներկայանայ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (Մտթ. 12.1-14)։ Սովորական կը կոչուի, քանի մեր Տէրը երեք տարիներ շարունակ քաղաքէ քաղաք կը շրջէր եւ այդ պահուն երբ իր մօտ կը հաւաքուէին հաւատացեալներ, աշակերտներ կ՚ընկերակցէին Իրեն։