Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2000 թուականի այս օրը՝ յունիսի 21-ին, Սիեթըլի մէջ, Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ, ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գիտցած եղէք որ շուները իմ թշնամիս չեն, սակայն անոնց հոգատարութեան համար ծախսուած անհամար գումարներուն հետ չեմ կրնար հաշտուիլ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ գումարները կրնան աւելի լաւ ծառայութիւն բերել՝ եթէ ծախսուին թերզարգացած (underdeveloped) երկիրներու չքաւոր ընտանիքներու կարօտեալ մանուկներուն համար, չէ՞ք խորհիր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քիչ էին անոնք, որոնք այս յօդուածը գրած ատենս գամուած էին հեռատեսիլի դիմաց ու կը հետեւէին րոպէ առ րոպէ հրապարակուող ընտրութեան արդիւնքներուն։ Ընտրութիւնները, որոնք վերջին երեք տարիներու ընթացքին երկրորդն էին, կրնան վերջինը չըլլալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքը լի է յուսալքութիւններով եւ անոնց յառաջ բերած «ճաք»երով։ Անկասկած, բոլորս իմացած ենք մեր սրտէն հնչած այդ «կոտրուածքի ձայնը», երբ մեր սպասումները եւ իրականութիւնը չեն համընկնիր, մեր փափաքները չեն իրականանար, խոստումները չեն կատարուիր…
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Իր կենդանութեան ընդամէնը երկու գիրք հրատարակեց եւ աշխարհէն հեռացաւ անձայն ու անշշուկ: Սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն մը չէր: Իր բանաստեղծութիւններուն պէս ինքն ալ ներամփոփ էր՝ հանրային կեանքէն բոլորովին կտրուած:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի նոր իշխանութիւնը չի կրկներ նախորդ սխալները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Յոյս ունինք՝ Հայաստան կը հասկնայ, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման միակ միջոցը հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընդամէնը օրեր առաջ կ՚ըսէինք, թէ կիրակին ճակատագրական օր է Հայաստանի համար: Սպասումներ, նոր կեանքի մը սկսելու յոյսեր կը թեւածէին ամէնուր, եռանդ մը պատած էր բոլորս…
Հայաստանի սահմանին վրայ կանգնած զինուորը առանձին է այսօր։ Մինակ, միսմինակ հերթապահութեան կ՚երթայ՝ նոյնիսկ հարիւր տոկոս վստահ չըլլալով, որ իր ըրածը վերջին հաշուով հարց մը կը լուծէ՞, բանի մը կը ծառայէ՞։ Այդ կասկածը գործնականօրէն տատամսումի չի տանիր սահմանին կանգնած զինուորը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի վաղուայ ընտրութիւնը հայոց պատմութեան մէջ ջրբաժան մըն է։ Կ՚երեւի առաջին անգամ, աննախընթացօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները քուէ պիտի գործածեն եւ այդ քուէարկութեան արդիւնքները կամ հետեւանքները սահմանափակ պիտի չըլլան միմիայն իրենց ապագայով, այլեւ ամբողջ հայութեան ճակատագրին վրայ պիտի ազդեն։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեան, որ կը գլխաւորէ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի նախընտրական ցուցակը, վաղուան ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։
Վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի մէջ երէկ աւարտին հասաւ քարոզարշաւը։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այս առթիւ զրոյց մը ունեցաւ իր լծակիցներուն եւ մամլոյ սպասաւորներուն հետ։
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որ կը գլխաւորէ «Հայաստան» դաշինքը, վաղուան արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։
Վաղը Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն նախատեսուած է։ Կ՚ակնկալուի, որ յետպատերազմեան ծանր հետեւանքներու զուգահեռ ծնունդ առած քաղաքական լուրջ տագնապը հարթուի այս ընտրութիւններու շնորհիւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։
Անթալիոյ Դիւանագիտական ֆորումը երէկ սկսաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ելոյթով։ Մասնակիցներու շարքին էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ ֆորումի շրջանակներէն ներս յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու՝ հիմնուած երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին շրջանին Հայաստանեան իրականութիւնը բաւականին տժգոյն ու դժբախտ է, նկատի ունենալով իշխանութեան աթոռին համար կռիւի ելած կողմերուն յայտարարութիւններն ու խօսակցութիւնները: Բոլորը բոլորին կը վիրաւորեն, կը մեղադրեն, կը հայհոյեն, անէծքի աստիճան արտայայտութիւններ կ՚ունենան, բարոյականութեան սահմանները շատ շատոնց արդէն անցած են բոլորը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ազատական միութեան «Ազատ Կարծիք» պաշտօնաթերթի 1922 ապրիլի առաջին թիւին մէջ Արշակ Մահտէսեան «Ատելութեան առջեւէն կործանում կ՚երթայ» յօդուածին մէջ կը գրէ.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նախկին վարչապետին համոզմամբ, հասարակութեան առկայ բարոյալքուած վիճակին պատճառով՝ բացարձակապէս պատեհ չէր Հայաստանի մէջ ընտրութեան ձեռնարկելը. «Եթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ունենար պետական մօտեցում, ապա օրակարգի վրայ պէտք է գար վարչապետի պաշտօնանկութեան հարցը»: Արմէն Դարբինեան. «2018-ի իրադարձութիւններն ու յաջորդած դէպքերը անկանխատեսելիութիւն բերին Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան, ինչ որ երեւցաւ նաեւ պատերազմի 44 օրերուն, երբ հակասական արտայայտութիւններ կը լսէինք Փաշինեանէն։ Այս պահուն ունինք ձախողած պետութիւն մը եւ չունինք համահայկական համընդհանուր ռազմավարական մօտեցում մը մեր ներկային ու ապագային վերաբերեալ: 30 տարուայ ընթացքին չենք կրցած դառնալ մէկ բռունցք՝ որպէս պետութիւն եւ սփիւռք եւ չենք կրցած մեր շահերը ճիշդ համադրել աշխարհի զարգացումներուն հետ»:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մարդկութեան մեծագոյն իղձն է անմահութիւնն ու յաւերժութիւնը եւ այս պատճառաւ մարդիկ իրենց կեանքի օրերուն կը գործեն ու կը մշակեն։ Յատկապէս Ս. Յարութեան տաղաւարի շրջանին շեշտադրուած այս գաղափարներուն հետ շատ անգամ դէմ յանդիման կը մնանք մեր առօրեային մէջ, յատկապէս երբ արժէք մը կը գնահատենք։
ԵՐԱՄ
Ջուրը, մեղկ դեղինով մը վարակուած լեմոնի շերտերէն, կը թափի բաժակին մէջ ձիւնսահանքի նման։ Կը համբուրէ ապակեայ պատերը ողորկ, թացացնելով զանոնք կ՚իջնէ վար, յետոյ բարձրանալու համար վեր նորէն ուժգին, մինչեւ բերանը գաւաթին։