Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Հայաստանի վարչապետ վերանշանակուելուն կապակցութեամբ շնորհաւորական մը ուղարկեց Նիկոլ Փաշինեանին։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց ընթացքին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներու հանգուցեալ հարազատները։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Նատին Թոփուզօղլու առաջնութեամբ աւարտած է Պահչէշէհիրի համալսարանի ֆիզիոթերափիի ու վերակենդանացման բաժինը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Քաղաքը կարդում է». արեւելահայերէն այս խորագիրը ունէր Գիրքի Երեւանի չորրորդ փառատօնը, որ այս տարի ընթացաւ աննախադէպ աշխուժութեամբ, հակառակ քորոնաժահրի վարակի սահմանափակումներուն եւ ճնշուած տրամադրութիւններուն, որ կայ այսօր՝ սահմանային միջադէպերու, նաեւ պատերազմի երկարաձիգ ազդեցութեան հետեւանքով…
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
-Հեռուէ՜ հեռու, խելքէդ միտքէդ չանցած տեղէ մը լուր մը պիտի ստանաս: Մօրաքս, հեռաւորութեան չափը լաւ շեշտելու համար, բառերը կ՚երկնցնէր, եւ ձախ թեւը բարձրացնելով, օդին մէջ կը շարժէր քանի մը անգամ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Անոնցմէ մէկտը, որուն անունը Կայիափա էր եւ որ այդ տարի Քահանայապետն էր» (Յհ 11.49):
Մեկնութիւն. գիտելի է, թէ Աստուած հրամայեց, որպէսզի մէկ քահանայապետ ըլլայ, որ կ՚ապրէր ու ապա կը փոխուէր, ինչպէս Ահարոն Եղիազարը ձեռնադրեց, իսկ ան՝ Փենէհէսը, այդպէս ալ Նորին մէջ Տէրը, երբ կ՚ուզէր համբառնալ, ձեռքը դրաւ ու օրհնեց աշակերտները եւ զանոնք տասներկու կաթողիկոսներ ըրաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակէ մը ի վեր էական նիւթ դարձած է Հայոց լեզուի պահպանման խնդիրը: Աւելի քան տասնեակ մը շեշտ կը դրուի լեզուի պահպանման, որովհետեւ աննշմար ձեւով կամաց կամաց մեր մայրենին կը փոխարինէ օտար լեզուներ (ինչ որ մեզ յառաջդիմած ըլլալու պատրանքը կու տայ) եւ կամաց կամաց կ՚անէանայ լեզուն:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Աշխարհի մէջ ամէն տարի կը փոխուի ընտանիքի ձեւը, կերպարը ու կը հեռանայ աւանդական ընտանիք հասկացողութենէն։ Աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կը նախընտրեն ապրիլ կեանքը ըստ հանգամանքներու, քան ընտանիքի շրջապատի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրեզնոյի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հայկական համայնքի պատասխանատուներէն տքթ. Վաչէ Վասիլեան այցելեց Հայաստան։ Առիթէն օգտուելով իրեն հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու նպատակով սփիւռքահայ թերթերը սկսան իրենց օրուան թիւը առցանց ձեւաչափով առաքել ընթերցողներուն: Սա ձեւ մըն էր ոտքի վրայ մնալու, յարակայելու եւ կարդացուելու. աւելի քան անհրաժեշտութիւն մը, այնպէս չէ՞:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Որքա՞ն կը փոխուի մեր կեանքը, եթէ հրաժարինք գանգատելէ։ Արդեօք սա հնարաւո՞ր է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւելի քան 300 տարիներ առաջ իշխանաւոր մը մօտենալով Խանին կ՚ըսէ. «սեւագլուխ մի անիծանէ զիս, եւ զքեզ հայհոյէ...»: Խանը ջղայնանլով կանչել կու տայ ամբաստանեալը ու կը հարցնէ. «մեք զի՞նչ չար արարաք` որ զմեզ հայհոյես»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երկու հաղորդագրութիւններով հանրային կարծիքը լուսաբանեցին իրադրութեան մասին։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գրող Արմէն Շէկոյեանի յուղարկաւորութիւնը։ Կոնտի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ հայ գրականութեան արդի վարպետին, մինչ հոծ թիւով յուղարկաւորներ վշտակցեցան իր սգաւոր ընտանիքին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ անդրադարձան տարածքաշրջանային հարցերուն։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը հանդէս եկան ելոյթներով:
«Ազգային եւ հասարակական համերաշխութեան այլընտրանք չկայ։ Առաջնահերթօրէն այս խորհրդարանէն, կառավարական համակարգէն պէտք է սերմանուի սէրը, փոխադարձ հասկացութիւնը, բարի կամեցողութիւնը», ըսաւ Վեհ. Հայրապետը ամպիոնէն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր նոր սկիզբ մըն է հայոց պետականութեան կեանքին մէջ։ Արդի պատմութեան խաչմերուկ մը, որու վրայ կուտակուած հարցականները կը տագնապեցնեն ամբողջ ազգ մը, որ կը ձգտի երաշխաւորել ինքնիշխան պետութեան ապագան՝ պատերազմի ծանրածանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրուեցաւ Մեծն քսանեակի երկիրներու գագաթաժողովին ընդառաջ նախատեսուած ֆորումին մասնակցելու։ Այսպէս, 12-14 սեպտեմբերին այս ֆորումը նախատեսուած է Պոլոնիայի մէջ, Իտալիա։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ներկայ ամրան շրջանին տեղի ունեցաւ նոր սերունդին ուղղեալ կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, թեմը կազմակերպեց «Երեխաներու ձայնը» խորագրեալ ամառնային ճամբար մը, որու եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի շրջափակին մէջ։
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն, Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ-ՀՄԸՄ մարզադաշտի մէջ։