Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ներկայ անցեալ, թէ անցեալ ներկայ ժամանակ՝ խառնաշփոթ շիլաշփոթ մը: Ո՛չ, ոչ, խօսքը ամենեւին քերականական եղանակներու մասին չէ՝ անցեալ-ներկայ կամ ներկայ-անցեալ ժամանակ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան մեր սիւնակին մէջ խօսքը կը թողունք հայ արդի գրականութեան տիրական դէմքերէն Վահրամ Մավեանի յատկանշական վկայութիւններէն մէկուն։ Վահրամ Մավեանի թողած աւանդը ինքնին կարեւոր է, բայց հետեւեալ գրութեան պարագային նշանակութիւնը կը կրկնապատկուի՝ այն առումով, որ վկայութիւնը կը վերաբերի ուրիշ հսկայի մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խաչիկ Դաշտենցի կենսագրութիւնը գրած ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց անոր «Բոց» աշխատութեան պատճառով Հայրենիքէն հեռանալու իրողութիւնը եւ ուզեցի անպայմանօրէն գիտնալ, թէ ի՞նչն էր պատճառը, որ ստիպեց Խաչիկ Դաշտենցը լքել Հայրենիքը եւ երթալ օտար ափեր: Այդ հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար սկսայ կարդալ անոր «Բոց»ը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Մաքրոնի հանդիպումը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոք այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Հիւր ղեկավարը յետմիջօրէի ժամերուն կը հասնի մայրաքաղաք Անգարա, ուր պետական արարողակարգով կը դիմաւորուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։
Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը։ Երէկ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը, զուգահեռաբար մարդասիրական հրադադար հաստատուեցաւ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ այս նիւթին վերաբերեալ սպասումը միջոցէ մը ի վեր հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս օրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Տիրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ» (Ա. Թգ 2.2): Այս ճանապարհորդութեան համար ինչ տեղին հաստատում՝ «Տիրոջ պէս սուրբ չկայ». «Անկէ զատ ուրիշ մը չկայ» եւ «մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ»:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւոր զրոյց մը ունեցան ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն առաջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ժողովներուն ընթացքին օրակարգի վրայ են եկեղեցա-վարչական, իրաւական ու կանոնական նիւթեր:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ երեկոյեան ժամերուն ի Տէր հանգած է վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան, որու կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է պոլսահայ կրթական համակարգէն, համայնքային շրջանակներէն ներս, ինչպէս նաեւ, բնականաբար, իր սիրելիներուն մօտ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարտի 8-ն է այսօր՝ Համաշխարհային կանանց օր։ Հայաստանի մէջ այսօր կը սկսի կիներուն միամսեակը: Զանազան ձեռնարկներ, հրատարակութիւններու շնորհանդէսներ, ցուցահանդէսներ, կիներուն նուիրուած եւ անոնց մասնակցութեամբ բազմապիսի միջոցառումներ նախատեսուած են այս մէկ ամսուան ընթացքին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մշտապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պետութիւններու միջեւ եղած լաւ, համերաշխ ու ծաղկուն կապերուն հիմքը կը կազմեն անոնց եղբայրական ծագումը: Շատ կան երկիրներ-պետութիւններ, որոնց ժողովուրդները նոյն ազգային ծագումը ունին. ինչպէս՝ արաբական, սլաւոնական, գերմանական եւ կրնանք դասակարգնել նաեւ անկլօ-սաքսոնական... եւ այլն ծագումները:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ես հրապարակաւ խօսեցայ բոլորին, ամէն ատեն սորվեցուցի ժողովարաններու եւ տաճարին մէջ. Ես գաղտնի բան բնաւ չեմ խօսած» (Յհ 18.20):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 8 մարտ 1908 թուականին Նիւ Եորքի մէջ աւելի քան 15 հազար կիներ ցոյց կազմակերպեցին, պահանջելով իրաւունքներու հաւասարութիւն տղամարդու եւ կնոջ միջեւ: Այս բողոքի ցոյցին արդիւնքով 1909 թուականին Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ փետրուարի 28-ը հաստատուեցաւ աշխատաւոր Կանանց միջազգային օր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, մարտի 4-ին, նուիրական եւ յուզիչ ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր: Տեղի ունեցաւ արեւմտահայ եղեռնազոհ գրող, պատմաբան, հասարակական գործիչ Սմբատ Բիւրատի «Բանաստեղծութիւններ եւ պոէմներ» հատորին շնորհանդէսը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատերազմը մարդկութեան պատմութեան նման հին երեւոյթ մըն է։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու, մօտաւորապէս 6 հազար տարիէ ի վեր մարդիկ «կազմակերպուած» ձեւով կը կռուին իրարու հետ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Կ՚ուզեմ տաքուկ-տաքուկ պահել սիրտը իմ»։
Թադէոս Եսայեանը չեմ ճանչցած անձնապէս։ Հանդիպած եմ իրեն առցանց՝ Շաքէ Մանկասարեանի ղեկավարած «Ռատիօ Այգ» կայանին եւ անոր դիմատետրի միջոցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մասնաւորապէս Արցախի 44-օրեայ պատեարզմէն վերջ անվստահութեան մեծ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Այդ անվստահութիւնը մի միայն Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ չէր, այլ նաեւ բազմաբովանդակ առումով կը տարածուէր մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ո՞ւր ես... ի՞նչ կ՚ընես...
Հարցումիս կոտտացող արձագանգը կը յուզէ զիս բացակայութեանդ դիմաց, որուն այնքա՜ն կարօտը ունիմ այսօր: Կարօտդ ունի նաեւ հոգիս, որ բացակայ գութիդ մենութեամբը կը տառապի:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այս կապակցութեամբ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ համահունչ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով։