Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տեմիրճան աւելի առաջ երկար տարիներ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

«Նահանջի տեղ չունինք: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը անխախտելի է: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ մեր տարածքէն նոյնիսկ մէկ սանթիմ զիջինք: Եկէ՛ք, խօսինք մեր սահմանները պահելու, ուժեղացնելու մասին: Ես չեմ ըսեր, թէ մենք պէտք է պատերազմ հրահրենք: Հազարումէկ եղանակներ կան այդ հարցերը լուծելու եւ կարգաւորելու համար: Բայց այդ մէկը ընելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել մեր անվտանգութեան համակարգը, որ վերջին պատերազմէն ետք ամբողջութեամբ քանդուած է»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն են զինեալ ուժերը, որոնք կը գտնուին ոչ-բարւոք վիճակի մէջ: Բայց 8-9 ամիս է, որ արդէն աւարտած է պատերազմը: Հակառակ անոր՝ մենք տեսանք, որ մինչեւ այսօր որեւէ քայլի չէ ձեռնարկուած մեր զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Չպաշտպանուած ու չկահաւորուած սահմանագիծ ունինք: Մամուլի մէջ բազմաթիւ լուսանկարներ ու տեսանիւթեր տարածուեցան, թէ մեր զինեալ ուժերը ի՛նչ պայմաններու մէջ կը կատարեն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: Պէտք է բոլորը հասկնան, որ եթէ մենք բանակ չունենանք, հարեւանները միշտ պիտի փորձեն ինչ-որ բան խլել մեզմէ: Մենք կ՚ապրինք այնպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր եթէ քեզի մէկ անգամ ապտակեն եւ դուն արժանապատիւ պատասխան մը չտաս, ապա անպատճառ պիտի շարունակեն ապտակել քեզի: Մենք պէտք է ունենանք հզօր, մարտունակ եւ իր առջեւ դրուած խնդիրները կատարող բանակ մը եւ ոչ թէ խաղաղութիւն մուրանք: Իրաւունք չունինք խաղաղութիւն մուրալու: Պէտք է այնպիսի խաղաղութիւն մը ունենանք, որ մեր հարեւանները հասկնան, թէ զայն խախտելու պարագային իրենք շատ ծանր հարուած պիտի ստանան: Ասոր համար կայ մէկ ճամբայ. Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանի բարձրացում՝ ամէնօրեայ աշխատանքով: Հիմա անցնինք բանակի բարեփոխումներուն: Անընդհատ կը խօսուի այս մասին, բայց յստակ ծրագիրներու մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Ժամանակը ահաւասիկ կ՚անցնի: Բարեփոխումներու մասին խօսք տալով, բայց չգործելով՝ կարելի չէ բարեփոխել բանակը»:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը։ Այս առթիւ ատենապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարան։ Այսպէս, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը, փոխ-ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, նախկին ատենապետներէն Մուրատ Չաքան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան ընդունուեցան Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

​Քու մէջ կայ մեծ յոյս: Կը պակսի ուրախութիւնը: Բաւական դժուար է ապրիլ քեզմէ հեռու, թէկուզ հայրենիքիդ մէկ ուրիշ անկիւնի մէջ: Երբ կը շնչէի քու մաքուր օդը ու կը վայելէի մեծ ու փոքր սարերուդ, լեռներուդ ներկայութիւնը՝ երջանիկ էի, անհոգ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օգոստոս 8-ին, պատմութեան անցաւ, Թոքիոյի մէջ յուլիս 23-ին սկիզբ առնող համաշխարհային ամառնային Ողիմպիական 32-րդ խաղերը: Այսպէս, երկու եւ աւելի շաբաթներու ընթացքին, ամէն օր հետեւելով ճշդուած յայտագրերուն, հիւրըընկալող Ճաբոնի մեծ ու փոքր եւ գեղեցիկ ու արդիականացուած մարզադաշտերու, լողաւազաններու եւ մարզասրահներու եւ մարզադաշտերու մէջ, աշխարհի բազմազան երկիրներու հազարաւոր մարզիկներ, նոյնիսկ քորոնա համաճարակի պատճառով սահմանուած արգելքին, առանց հանդիսատեսի ներկայութեան, իրարու դէմ մրցեցան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր երբ մարդիկ Ամերիկա երթալու «անփոխարինելի» երանութեան մասին կը մտածեն, կը կարդամ մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին Ամերիկա մեկնած ուսանող երիտասարդի մը մորմոքած նամակը.
«Եկայ Ամերիկա եւ ահա քանի տարի է ընկած եմ մի խուլ անկիւն, հայերից հեռու:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող շաբաթներուն բեմբասացի յատկութիւններ ունենալ կարծող երիտասարդ մը գրութիւններս կ՚որակէր «լալկանութիւն» եւ սիգանքով ու սոնքալով կ՚եզրակացնէ. «Նոյն կերակուրները մի՛ հրամցներ»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդահամար կը կազմակերպուի տասն տարուայ պարբերութեամբ եւ այս օրերուն հրապարակուեցան վերջին մարդահամարի արդիւնքները։ Ըստ այս ամենաթարմ տուեալներուն, 2010-2020 թուականներու ժամանակաշրջանին զանազանութիւնը աստիճանաբար աւելցած է երկրէն ներս, ուր աճած է թիւը անոնց, որոնք ինքզինքնին կը համարեն «բազմացեղ», «լատին» եւ «ասիացի»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ աւարտեց դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ան երէկ յայտարարեց որ իր երկիրը կը պատրաստուի դեսպանատուն մը բանալ Երեւանի մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Խնդրայարոյց տրամաբանութիւն. այն ինչ որ ընդունելի է Ատրպէյճանի համար, հանդուրժելի եւ թոյլատրելի չէ Հայաստանի պարագային:
Ըստ Ալիեւի, Պաքու կը ձգտի խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Երեւանի հետ, սակայն վերապահութիւններ ունի Մոսկուայի կողմէ հայկական բանակի զինման կապակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ ժամը 18.10-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական սադրանքներ իրականացուցած են։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունուեցաւ Հաթայի կուսակալին եւ գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ:
Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտի աղօթք մը ըրաւ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս ուղղափառ պատմական եկեղեցւոյ մէջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկի ծրագրերու համակարգող եւ քաղաքական մեկնաբան Ռուբէն Մեհրաբեան (Ռուբեն Մեհրաբյան) համոզուած է, թէ Երեւան այսօր կը խօսի միջազգային հանրութեան լեզուով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յայտարարութիւնները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլի մարզակումբի մարզիկները ճատրակի մէջ զանազան տարիքային դասաւորումներէ ներս վերջերս արժանացած են մետայլներու եւ նուաճած՝ բաժակներ։ Շիշլիցիները մասնակցութիւն բերին 2021 թուականի Թուրքիոյ փոքրերու եւ աստղերու դասաւորման ճատրակի խմբային մրցաշարքի Իսթանպուլի հանդիպումներուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամենագեղապաշտ բանաստեղծը նկատուող Միսաք Մեծարենցի նամակներուն մէջ առանձնակի տեղ ունին գրողին գրած նամակները՝ Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեանին:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Ինծի համար շատ հետաքրքրական է դիտել մարդը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, եւ ուսումնասիրել անոր տարօրինակ յատկութիւններն ու ամփոփել զանոնք՝ կարենալ տրամաբանական եզրակացութեան մը հասնելու համար, անոնց նկատմամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ» (Յհ 12.1):
Մեկնութիւն.
այս խօսքին մասին չորս բան գիտելի է. առաջին՝ գիտելի է կարգը, թէ Աւետարանիչը նախ Քրիստոսի Աստուածութիւնը ցոյց տուաւ Քրիստոսի գործերէն, որ կատարեց մարդոց մէջ շրջելով: 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021

Գնալը կղզիի մէջ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ երէկ տեղի ունեցան ֆութպոլի հանդիպումներ։ Տաղաւարի օրուան բնորոշ համայնքային մարզակումբերուն կողմէ կեանքի կոչուած աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։

Էջեր