Արխիւ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յաղթահարուած կը համարէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ հաղորդակցութեան բնոյթով բարդոյթներն ու բարդութիւնները, ինչ որ կարեւոր փաստ մըն է։ «Սա կրնայ թուիլ շատ թոյլ եւ ոչ-էական բան։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համակրելի մեներգիչներէն Պարթեւ Կարեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի տուաւ լաւ լուրեր, որոնք աւետիսի մը համազօր կը նկատուին մեր երաժշտասէրներուն եւ Պարթեւի համակիրներուն տեսակէտէ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը լուր կ՚առնէ, որ խոլերան կը մօտենայ, բնակիչները պէտք է հաւաքուին եւ միասին իրենց դրութիւնը քննեն: Գրագէտները, օրինակ, ուսուցիչները, քահանաները պէտք է ժողովուրդին մէջ խոլերայի մասին գրքոյկներ կարդան ու բացատրեն, թէ ի՛նչ օգուտ ունին իշխանութեան եւ բժիշկներու առաջարկած միջոցները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ես ինծի համար միշտ կը նախընտրեմ նեղ արահետներ, լայն ուղիները ինծի համար չեն: Այդպիսի ճանապարհները զիս կանուխ կը յոգնեցնեն եւ տուրք կու տան իմ մէջ ապրող ծուլութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհի եւ աղօթէ, եւ իմ երեսս խնդրէ եւ իր չար ճամբաներէն դառնայ, ես ալ երկինքէն պիտի լսեմ, եւ անոր մեղքը պիտի ներեմ». (Բ. ՄՆԱՑ. Է 14)։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ հեղինակաւոր մտաւորականը, որ թեւակոխած է իր 80-ամեակը, ներկայ այցելութեան օրերուն Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Քլոտ Մութաֆեան. «Լաւատեսութիւնը իմ տկարութիւնն է»:
«Ֆրանսայի հայութիւնը Արցախի այս վերջին պատերազմէն վերջ քիչ մը արթնցաւ, բայց, սփիւռքը ընդհանրապէս համախմբման կարիք ունի, պառակտուած է՝ կուսակցական կամ այլ պատճառներով»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անառարկելի է որ իւրաքանչիւր սերունդ պիտի ծնի նախորդինէն տարբեր համոզումներով եւ ըմբռնումներով. այնպէս ինչպէս ծնողքը ի՛նք ամբողջութեամբ համամիտ չէ իր ծնողաց ըմբռնումներուն ու համոզումներուն, նոյնպէս պէտք է համոզուի, որ իր զաւակը եւս կրնայ համամիտ չըլլալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդի հետ կը փոխուի չափանիշները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գերման մշակոյթի ռահվիրաներէն, անուանի Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն ԿԷՕԹԷ կ՚ըսէ, թէ հրաշքները բնութեան օրէնքներուն բացառութիւն ներկայացնող երեւոյթներ են։
Իսկ ֆրանսացի Ֆրանսուա Մառի Առուէ ՎՈԼԹԷՐ. «Կեանքը ամբողջ արդէն հրա՛շք մըն է ինքնին», կ՚ըսէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ մեր ծնողները իրենց զաւակներուն հետ այնպէս կը վարուին, որ կարծես իրենց զաւակները որոշելու, մտածելու եւ տրամաբանելու կարողութիւն չունենան: Մարդ արարածին բնազդին մաս կը կազմէ ազատութիւնը եւ իւրաքանչիւր մանուկ երբ դէպի պատանեկութիւն կ՚անցնի, կը փնտռէ եւ առաւելաբար կը պահանջէ՛ այդ ազատութիւնը. մինչեւ որոշ ժամանակ իր օրուան հագուստը, նախաճաշելու, ճաշելու, քնանալու եւ խաղալու ժամը մայրն ու հայրը կ՚որոշեն, սակայն որոշ ժամանակ ետք իր մէջ կը կազմաւորուի ազատութեան գաղափարը, կը սկսի ըմբոստանալ մօր եւ հօր որոշումներուն դէմ եւ կ՚ուզէ պարտադրել իր որոշումները:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Նիւ Եորքի մէջ անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց՝ Եունիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ամենահին հայկական եկեղեցիներէն մին է եւ անոր ծուխի անդամներուն մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ նախկին պոլսահայերէ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Այսպէսով հայ մշակոյթին ձօնուած հոկտեմբեր ամիսը եզրափակուեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնի եւ Թարգմանչաց շարժման արժեւորումով։
ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 28 հոկտեմբեր 2022 թուականին հիմնադրութեան 114 տարին իր ետին ձգելով թեւակոխեց հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ կը յարատեւէ իր հրատարակութիւնը՝ նեղ պայմաններու, հնարաւորութիւններու եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յամառ դիմադրութեան ուժով եւ վճռակամութեամբ:
Ա. Դ.
Մինչ համայն աշխարհ կ՚ապրի իր ամենէն դժուար ժամանակաշրջաններէն մէկը, ինչպէս յայտարարեց ներկայի աղէտալի կացութեան գլխաւոր դերակատարներէն Փութին, բայց եւ այնպէս, այդ աղէտալի համայնապատկերին մէջ ա՛լ աւելի ճակատագրական է հայութեան իրավիճակը։ Ուղղակի գոյութենական հարց է դրուածը։
Սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Բազէ այս շրջանին հրատարակած է երկու գիրք։ Ան հայկական սրբավայրերու՝ արդի ժամանակներու հիմնական վաւերագրողներէն մին է։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Երկու ղեկավարները Սատապատի պալատի համալիրէն ներս բանակցութիւններ վարեցին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին անդրադարձած է՝ նախօրէին Սոչիի մէջ իր տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս գումարուեցաւ այս տարուան հերթական թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան նախագահեց նիստերուն, որոնց ատենապետեց տքթ. Խաչիկ Կազէր։
Անգլիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւս մասնակցեցաւ քննարկումներուն:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը գումարեց ժողով մը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մաստակի վերածած են այս արտայայտութիւնը: Ես ալ նոյնպէս քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, թէպէտ իմ ստացած համալսարանական կրթութիւնը ինծի թոյլ կու տայ զբաղելու վերջինովս: