Արխիւ
Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2022 տարուան յատուկ կայքերու գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Նոր բաներ չեն ուզածներս.
Առանց վախի մարդոց մօտեցած, քիթ-ականջ իրար մէջ մտնելով խօսած, կամ խօսելու կարիք չզգալով՝ զիրար գրկած ու ջերմօրէն փաթթուած մեր հին ժամանակները կրնա՞մ խնդրել։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը ծրագրէ 14-15 յունուարին այցելել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ այդ երկրէն ներս նախատեսուած միջազգային մեծ ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ազգային օր մը։
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մութ էր եւ ցուրտ…
Ոչ արեւ կար եւ ոչ լուսին…
Յայտնի չէր ցերեկ էր թէ գիշեր…
Լռութիւն, լռութիւն, լռութիւն…
Եւ այս համատարած լռութեան մէջ լսուեցաւ, քարի վրայ նստած, փոքրիկ աղջկան մը մեղմ հեծկլտոցը, որ շուտով փոխուեցաւ լացի…
Ներկայ տարեմուտը յոբելենական հորիզոն մը կը բանայ մեր այնքան սիրելի եւ մեծատաղանդ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի առջեւ։ 2022 թուականին ան կը դառնայ 60 տարեկան։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Տեւականօրէն եւ ամէն բնագաւառէ ներս ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, իր պատկերացումները եւ աշխարհի ընդունումը տեսած է Արեւելք-Արեւմուտքի բաժանարար գիծերու, տարբերութիւններու եւ այդ շարուածքի, ուղղուածութեան ընտրութեան ընդմէջէն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը 2022 թուականին պիտի ոգեկոչէ թերթիս նախկին խմբագրապետուհի Լիլի Գօչը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Իր յիշատակը որքան քաղցր է, այնքան եւ թանկ՝ աւանդուած թերթիս դարաւոր անցեալէն։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նոր թուականի մը սեմին կանգնած ենք։ Երեք քառորդ դար մը ետիս նետած, երկրէ երկիր փոխադրուած եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած, այս օրերուն անխօս ու շուարած որոճալու սկսած եմ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ափրիկէի սրտէն կը խօսինք, Սոմալիի քաղաքացիական պատերազմէն, Եթովպիայի տագնապէն, կը խօսինք նոյնիսկ Սուտանի ներքին լարուածութեան մասին։ Մեր պաստառներուն մէջէն իրենց ձեռքերը մեզի կ՚երկարեն այդ վայրերու նուիրեալները։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Տատի՛կ, այս տարի բաւարար չափով մեծցա՞յ:
-Այո՛, ձագս: Չափենք հասակդ, որ տեսնենք:
Տատիկը թոռնուհին պատին մօտեցնելով, գլխավերեւէն հասակը չափեց եւ գծիկ մը աւելցուց պատին՝ նախորդող ուղղահայեաց գծիկներուն վրայ:
ԱԼԷՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տօնական օրերու ու յատկապէս Ամանորի առիթով, մարդիկ սովորաբար զիրար կը շնորհաւորեն, բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն առաւելաբար իրենց կարիքները բաւարարելու՝ չունեցածը ձեռք բերելու եւ պակասները համալրելու ցանկութիւններ յայտնելով։ Այս վարքագիծը ընդհանրացած է ո՛չ միայն անհատական, այլ նաեւ հասարակական յարաբերութեանց հարթութեան վրայ։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
բուռ մը յոյսեր եւ յոյզեր
փշրուած տենչ ու սէրեր
Երկչոտ կարօտ․ անուրջներ
ճամպրուկի մէջ ամբարած
ճամբորդ ենք մենք այս կեանքին
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ բարձրեալն Աստուած, որ արժանի դարձուց անգամ մը եւս հոգեկան ցնծութեամբ եւ յուսադրումներով դիմաւորելու Ամանոր մը։ Կրկին մեր հարազատներով ի մի համախմբուելով բաժնեկից կը դառնանք ամանորեան սիրոյ զօրութեան, քանզի Աստուած ինքզինք յայտնեց սիրոյ գաղափարի ճամբով համայն մարդկութեան. «Գոհութիւն կը յայտնեմ քեզի՝ քու սիրոյդ եւ հաւատարմութեանդ համար, որովհետեւ ամէն ինչէ գերազանց են անունդ եւ խոստումներդ» (Սղմ. 139.2)։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի Մարկոսի Աւետարանը կը ներկայացնէ քրիստոնեային կեանքը, որ կը պարփակէ չարչարանք՝ յար եւ նման Քրիստոսի, երբ ան խաչին վրայ տանջուեցաւ եւ մահացաւ։ Մարկոս աւետարանիչ այս իմաստով կը կամրջէ քրիստոնեային կեանքը Քրիստոսի աշխարհի վրայ ապրած իրականութեան հետ։ Վեր առնենք Մարկոս աւետարանիչին պատմական ենթահողը աւելի լաւ ընկալելու իր աւետարանին միտք բանին։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ, ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդէն եղած էր»։ (Ժողովողի 1։9-10)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հինցող իւրաքանչիւր տարի «երնե՜կ»ներով ու յոյսերով մեզ կ՚առաջնորդէ նորի մը, որ նոյնպէս տարի մը ետք հին դառնալով այլ նորերու կ՚առաջնորդէ մեզ, անփոփոխ պահելով «երնեկ»ներն ու յոյսերը:
Այս մէկը քանի՞ երրորդ «Երնե՜կ»ը պիտի ըլլայ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր հինցող նորին հետ նոյն այդ «Երնե՜կ»ը դուրս պիտի գայ հայու շուրթերէն:
ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Երբ ողջ մարդկութիւնը կանգնած է օրացուցային անուանումով 31 դեկտեմբերին, եթէ մեր միտքը առտնին նախապատրաստութիւններէ առիթ կը գտնէ մտածելու, կը դիտենք մեր օրացոյցը։ Եթէ նկատի առնուի տողերս գրողին եկեղեցական մը ըլլալու պարագան, պատշաճ կ՚ըլլայ, որ նախ նայինք եկեղեցական օրացոյցին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանոր է։
Իւրաքանչիւր դեկտեմբերի 31-ին ականատեսները կ՚ըլլանք ժամադրութեան մը։ Ժամադրուողներն են անշունչ իրեր, ժամացոյցի սլաքները։ Ժամադրավայրն է ժամացոյցի 12 թիւը։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Նոր տարուան առթիւ փոխանակուած շնորհաւորական մաղթանքներու, նուէրներու, կազմակերպուած խնջոյքներու եւ տօնախմբութիւններու կողքին, կարեւոր է ստեղծել պահ մը՝ խորհրդածութեան, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան համար։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ճիշդ ինն տարիներ առաջ՝ Սուրիոյ պատերազմի սկզբնաւորութեան, ընտանեօք Հալէպը լքողներու առաջին շարքերէն եղանք, ետին թողելով ամէն ինչ: Տասնամեակներէ ժառանգուած, անթեղուած անապահովութեան նորայայտ բարդոյթը մեզ մղեց նոր ափեր որոնելու պարտադրանքին: