Արխիւ
Նիւ Տելհիի մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ համախմբեց համաշխարհային յառաջատար դերակատարներու ղեկավարները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս մասնակցեցաւ գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։
Պաշարեալ Արցախը շաբաթավերջին ընդունեց Ռուսաստանի Կարմիր խաչին կողմէ ուղարկուած բեռները։ Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներով, օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեամբ ապրանքներ:
Պաշարեալ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր մարդասիրական իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, այսօր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը կը նախատեսուի։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ այսօր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կը տեսակցի։
Վերամուտ է այսօր։ Դպրոցներուն մէջ դարձեալ հնչած է առաջին զանգը։ 2023-2024 կրթական շրջանը սկիզբ կ՚առնէ՝ աշակերտներու եւ կրթական մշակներու առջեւ նոր աշխատանքային ժամանակահատուածի մը դռները բանալով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Այսպէս, ան երէկ նախագահեց Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած երբեմնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակի միակ պատասխանատուն Պաքուն չէ, հաւասարապէս պատասխանատու է նաեւ Մոսկուան՝ քանի Փութին կանաչ լոյս վառած է Ալիեւին:
Ո՞ւր էր Քրեմլինը, երբ պաշարումի առաջին ճաղերը կը կառուցուէին եւ Արցախը դարձաւ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ խաղին պատանդը, իսկ այսօր իր խաղաղապահները փուռերէն կը պահանջեն իրենց օգտագործած չափաբաժինէն աւելի հաց՝ մինչ ժողովուրդը հասած է սովամահութեան եզրին:
Թուրքիա-Ռուսաստան ռազմավարական մեծ սէրը, որ ունեցաւ սկիզբ եւ ընթացք, անպայման պիտի ունենայ վախճան մը: Հայաստանի պարագային առայժմ միայն հարցականներ ու խոր մտահոգութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փերուի մէջ քանդել սկսած են «ամօթի պատ»ը, որ հարուստներն ու աղքատները իրարմէ կը բաժնէր տարիներ շարունակ եւ ընկերային խաւերու միջեւ շօշափելի պատնէշ մըն էր: Առհասարակ, աշխարհի մէջ միշտ ալ պատնէշներ եղած են հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ, բայց անոնք անտեսանելի ու յարաբերական սահմաններ են եւ գոյութիւն ունին մարդոց միտքերուն մէջ:
Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ այս շաբաթավերջին առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան, տեղի կ՚ունենայ Հնդկաստանի մայրաքաղաքը՝ Նիւ Տելհիի մէջ։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։
Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու խաղը բուռն մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Երէկ երեկոյեան, Էսկիշեհիրի մարզադաշտին մէջ համախմբուած մարզասէրները թէեւ յաղթանակի ուրախութիւն չկրցան ապրիլ, սակայն ֆութպոլի իմաստով յագեցած երեկոյթ մը ապրեցան։ Երկու ընտրանիներն ալ լաւ խաղարկութիւնով հանդէս եկան
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախէն շուրջ 35 երիտասարդներ։ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն յորդորեց՝ անկոտրուն կամքով շարունակել իրենց պայքարը յանուն Արցախի ազատ, անկախ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման հեռանկարները միշտ հարցականներու տակ:
Երկրի դերակատարներուն որդեգրած ընթացքը հետզհետէ աւելի հաւանական կը դարձնեն վատ բեմագրութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 13.1-11:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ նամակէն 7.4-16:
Մարկոսի Աւետարանէն 7.31-37:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վտանգի դէմ ապահովութեան երաշխիքն է օրէնքը։
Անձնական դատողութեան անստուգութիւններու եւ արտաքին պայմաններու քմահաճոյքին ձեռքէն առնելով դէպքերու ընթացքը՝ զայն օրէնքի մը հրամանին տակ դնել կը նշանակէ օրէնքի մը ներկայութիւնը ե՛ւ անհրաժեշտութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մամուլի մէջ լեզուի աղաւաղումը վերջին տասնամեակին յատուկ երեւոյթ մը չէ. մեր թուականէն աւելի քան իննսուն տարի առաջ այնպէս ինչպէս պոլսահայ մամուլը թրքերէն, նոյնպէս ալ արեւելահայ մամուլը ռուսերէն բառեր կը գործածէր. այս երեւոյթին դէմ կը բողոքէր խմբագիր-գրող մը՝ Շաւարշ Միսաքեան, որ իր գրութիւններուն մէջ յաճախ տեղ կու տար թրքերէն բառերու:
Երէկ, հայկական մարզական աշխարհը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ Ողիմպիական ախոյեան, «Օղակներու արքայ» Ալպերթ Ազարեանին, որ բոլոր ժամանակներու ամենայայտնի եւ ամենայաջող մարզիկը կը համարուի։
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Երեւան-Մոսկուա վերջին՝ լեզուակռիւի մակարդակին հասած բանավէճը երէկ ուշագրաւ դրսեւորում մը ունեցաւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ։ Այսպէս, Ռուսաստանի կողմէ բողոքի վերջնագիր մը տրուեցաւ Հայաստանին։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ դէպի Իսրայէլ ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին ամսաթոշակները պիտի կարգաւորուին՝ նպատակադրուած գնաճի համեմատութեան հիման վրայ։