Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը մտաւորականներ մեր աշխարհաբարը ձախողած նկատեցին, որովհետեւ աշխարհաբարը սպասուածին հակառակ հիմք չունեցաւ ժողովրդական լեզուն. հաստատուած մնաց գրաբար լեզուի սկզբունքներուն եւ քերականութեան, ինչ որ շատերու կարծիքով հեռու էր ժողովրդական լեզուամտածողութենէն. այս մասին բողոքողներէն մէկն է Դանիէլ Վարուժան։
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլեւըրլին, որ հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։
Պատմաբան, ակադեմական ու դիւանագէտ տքթ. Ժիրայր Լիպարիտեան այս շրջանին հրատարակած է անգլերէն նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Անկայուն Հայաստան. Երրորդ Հանրապետութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւններ»։
Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ «Politico Europe»ին, նաեւ երէկ հանդէս եկաւ խորհրդարանի ամպիոնէն՝ պատասխանելով հարցումներու:
«Հայաստանը այլեւս իր պաշտպանութեան համար յոյս չի կրնար դնել Ռուսաստանի վրայ, որուն հնարաւորութիւնները փոխուեցան Ուքրայնայի պատերազմով»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Աբովեան փողոց: Աշնան տաք օրերէն է, երբ շաբաթավերջին տունէն դուրս կ՚ելլես ոչ թէ յատուկ նպատակով մը, այլ՝ վայելելու ամրան վերջին շունչը, որ խառնուած է աշնան մեղմ հովիկին հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ արարածը իր բնաւորութեամբ միշտ կը սիրէ ինքզինք տարբերել ուրիշներէն, ինքզինք աւելի բարձր, կամ աւելի արժէքաւոր համարելով:
Տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ կան, ինչպէս նաեւ մարդիկ մորթի տարբեր գոյներ ունին, սպիտակամորթ եւ սեւամորթ, սակայն բնաւորութիւններու եւ մորթի գոյնի տարբերութիւնները մարդուն մարդ ըլլալու հանգամանքը չեն փոխեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա նշանակալից իրողութիւն է, թէ՝ աշունը մարդուս տեսակ մը մելամաղձոտ, տրտում հոգեվիճակ կը պատճառէ. թերեւս այն պատճառով որ շուտով ձմրան պաղ շունչը պիտի ներշնչուի եւ խաւարը պիտի տիրապետէ հոգիներու մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ժողովուրդը իրականութեան մէջ ո՛չ թէ գրաբարէ աշխարհաբարի անցաւ, այլ գրաբարէ անցաւ թրքախառն հայերէնի եւ այդ թրքախառն հայերէնն է, որ ստեղծեց մեր արդի աշխարհաբարը՝ շատ մը բառեր զտելով, իսկ շատերը պահելով:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որպէսզի արդիւնաւոր առաքելութիւն ունենայ Հայաստանի մէջ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կան կարմիր գիծեր, զորս պէտք չէ հատել՝ յատկապէս երբ խնդիրը կը վերաբերի պետականութեան հիմքին, երկրի գերագոյն իշխանութեան ընտրութեան, ինչ որ պարագան է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի։
Երեւանի կեդրոնին արդէն սկսած են գործել ելեկտրական հանրակառքեր։ Յառաջիկային կը նախատեսուի հետզհետէ բարձրացնել անոնց թիւը։
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին Զանգեզուրի միջանցքի բացման աշխատանքները։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի ավտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ջերմուկի դէպքերու առաջին տարելիցին խորհրդարանին մէջ յարգանքի լռութիւն՝ մինչ Հայաստանի սահմանները միշտ Ատրպէյճանի յարձակման տակ:
ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստ. Երեւան միջազգային գետնի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Պաքուի կողմէ անվտանգային իրավիճակի լարման ուղղեալ գործողութիւնններուն դէմ:
Երեւանի Պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս երէկ մեծարուեցաւ Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որուն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։
Լեզուակռիւի սեմին հասած բանավէճի պայմաններով երէկ Մոսկուայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Երեւանին:
ԱՄՆ-ի հետ համատեղ զօրավարժութիւններու սկսած օրերուն Քրեմլինէն յայտարարութիւն. «Եթէ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչցած է, վե՛րջ, ալ ինչի՞ մասին է խօսքը»:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց տօնական տրամադրութեամբ։ Տարեմուտի հանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան եւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, ինչպէս նաեւ Արեւ Փեքմելիքեան եւ Լիզա Չոլաքօղլու։
Թոփգափուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանի սկիզբը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վերամուտը տօնական տրամադրութեամբ դիմաւորուեցաւ՝ մինչ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին բոլորին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանքի շրջան մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ 2023-2024 կրթական շրջանը սկսաւ ոգեւոր հանդէսով մը։ Վերամուտի հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որու կողքին էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանի սկիզբը տօնական մթնոլորտի համազօր էր։ 2023-2024-ի տարեմուտը բնորոշուեցաւ նաեւ այլ հանգամանքով մը՝ քանի այլեւս դասաւանդութիւնները դպրոցի համալիրի նորակառոյց բաժնէն ներս տեղի պիտի ունենան։