Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բարդ եւ անշնորհակալ գործ է, անշուշտ, «լաւ բժիշկ»ի մը տանիլ Հայաստանի վիրաւոր մարմինը, որ այսօր դարձեալ ինչպէս անցնեալ չորս տարիներուն, կ՚ապրի մշուշոտ պահեր։ Ներքին քաղաքական վերիվայրումներէ անդին, յստակ է, անշուշտ, որ Հայաստանի շուրջի գործընթացներուն մէջ ո՛չ միայն ինք կամք թելադրելու ուժ չունի, այլեւ յայտնուած է առաւել չափով խաղը դիտողի ծանր կացութեան մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շուտով հանդիսաւորութեամբ, շուքով եւ նոր տեսքով կը բացուի եւ կ՚օծուի Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը: Դարերու ընթացքին հայոց ամենահին եկեղեցին բազում անգամ նորոգուած է, սակայն այս վերջին նորոգումը կը նկատուի ամենաարդիականն ու ամբողջականը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Զանազան կարծիքներ յայտնուած են եսասիրութեան, «ես»ի կարեւորութեան, նաեւ եսամոլութեան մասին։ Կրօնները յաճախ եսամոլութիւնը կը համարեն մեղք կամ չարիք եւ կը կեդրոնանան ուրիշներու կարեւորութեան վրայ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ յետ այսու ամիսը մէկ անգամ, մեր շաբաթ օրուան սիւնակը պիտի տրամադրենք թերթատելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական օրակարգը կը շարունակէ ձեւով մը մնալ՝ «զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» դրոյթը. բան մը, որ վերջին շրջանին յատկապէս շեշտադրուեցաւ անցեալ տարուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեանն ու գործակից ընկերները։
«Foreign Policy» վերջերս ուշագրաւ հրապարակում մը ըրաւ. կլիմայի փոփոխութիւնը Մերձաւոր Արեւելքը պիտի վերածէ կեանքի համար անպիտան տարածաշրջանի մը։

Հայաստանի բեւեռացած եւ անկայուն ներքին քաղաքական մթնոլորտին մէջ միշտ կը շարունակուին իշխանութեան եւ ընդդիմութեան գործունէութեան վերաբերեալ գնահատականները։
Հայաստանի մէջ 2027 թուականին տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ այս նիւթին շուրջ լրագրողներու հետ զրուցեց Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան, որ կը գլխաւորէ նաեւ բարեփոխումներու խորհուրդը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ։
30 Օգոստոսի առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ երէկ կազմակերպուած ձեռնարկներու
Նորին Ամենապատուութիւնը թրքահայութեան անունով Յաղթանակի տօնը շնորհաւորեց Իսթանպուլի նահանգապետարանին մէջ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս պատմական անձ մը չէ՛. Ան կենդանի Աստուածն է՝ միշտ ներկայ, միշտ մեզի հետ։ «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ Ուստի երբ կ՚աղօթենք, պէտք է համոզուած ըլլանք, որ մեր դէմ կենդանի Անձ մը կա՛յ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ իւրաքանչիւր արարք, անկախ անոր լաւ կամ վատ ըլլալէն, կը հանդիպի տարբեր կարծիքներու եւ մենք որպէս մարդ ինչքան ալ ձեւացնենք անտեսել այդ կարծիքները, մեր մարդկային տկարութեամբ տեղ մը կ՚ուզենք ուրիշը հաճեցնել, դրական հաստատումներ ընդունիլ, միաժամանակ ի մտի ունենալով անխուսափելի հիասթափութիւնը՝ որ բնական մէկ մասնիկն է կեանքին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին պաշտօնական լրահոսը որեւէ հիմնական նորութիւն չի փոխանցեր:
Մինչ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական, երկու երկիրները կը վերաբանաձեւեն իրենց դիրքորոշումները։ Անգարայէն եւ Դամասկոսէն կը հնչեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, որոնցմով կողմերը յարափոփոխ իրավիճակի մէջ կը մատնանշեն իրենց առաջնահերթութիւնները։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրը։ Էլիզէի պալատին մէջ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերբեռնելու հնարաւորութիւնը։
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երկար ժամանակ անց դրական եւ յուսադրիչ իրադարձութիւն մը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան. «ԵՄ-ի երկիրներու իմ գրեթէ բոլոր պաշտօնակիցներուն համոզմամբ՝ Թուրքիոյ հետ կանոնաւոր երկխօսութիւն պէտք է յառաջ տարուի՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասի հարցերուն շուրջ»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու գործունէութեան մասին կանոնակարգը այսօրուան դրութեամբ ստորագրուեցաւ։