Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կովկասէ ներս նոր խաղերու հետամուտ են անոնք, որոնք ջանացին Կիպրոսի թուրքերը շրջափակումներով ետ կասեցնել իրենց արդար դատէն։
Նախագահ Էրտողան երէկ, Անգարայի մէջ գլխաւորեց կառավարութեան ժողովը, որու աւարտին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներողամտութիւնը առաքինութիւն է եւ նաեւ՝ վեհանձնութիւն, եւ ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին, եւ ո՛չ մէկ առարկութիւն անշուշտ, բայց…
Բայց, երբ արարքը մոռցուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ զայն ներելը։ Եւ եթէ մոռցուի, ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ պիտի չկրկնուի նոյն արարքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ծնողք իր ձեռքին մէջ ունի կաւ մը, որով Աստուծոյ օրհնութեամբ իր նմանը պատրաստելու կոչուած է: Հմտութիւնը այդ կաւով քանի հատ «նման»ներ պատրաստելու մէջ չէ. երեք կամ չորս զաւակ ունեցող ծնողքը աւելի «յաջող» կարելի չէ նկատել, քան միազաւակ ծնողք մը, որովհետեւ գուցէ ամենէն շատ այդտեղ որակը պէտք է շեշտել եւ ոչ քանակը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ռուսաստան յաղթա՞ծ… Շատ մը վերլուծաբաններ, որոնք աւելի ռուսամէտ են կամ հարցերն ու եղելութիւնները կ՚ընկալեն ըստ Ռուսաստանի ղեկավարութեան տեսանկիւններուն, կը համարեն, որ Ռուսաստան յաղթած է կամ նուազագոյնը չէ պարտուած իր ներկայ միջազգային ռազմական, տնտեսական, մշակութային... եւ այլն դիրքերով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Աղքատութիւնը ամօ՞թ է:
Պատասխան. Դժբախտաբար ներկայի մեր ընկերութեան համար շատերու կողմէ աղքատութիւնը ամօթ կը համարուի եւ նոյնիսկ անարգանք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վրացահայ անուանի նկարիչ Ճոտտոյի՝ Գէորգ Գրիգորեանի թանգարանը Երեւանի մէջ հիմնադրուած է տակաւին 1977 թուականին եւ կը նկատուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մէկ մասնաճիւղը, որ կը գործէ Մաշտոց պողոտայի վրայ՝ շէնքի մը մէջ: Այդ արուեստանոց-թանգարանին մէջ ներկայացուած են նկարիչի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, յուշային ձեռագրային նիւթեր, անձնական իրեր:
Սաղիմահայութիւնը կը ջանայ իր սահմանափակ ներուժով տէր կանգնիլ Սուրբ Քաղաքի իրաւունքներուն:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան զօրակցելու հետամուտ շրջանակները նպատակայարմար կը գտնեն այս փուլին՝ «Կովերու պարտէզ»ի վարաձակալութեան չեղարկեալ պայմանագրի բնագրին հրապարակումը:
«Սապահ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ երէկ արձագանգ գտան՝ Գատըգիւղի ընտանիքին իսկապէս մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն պատճառած՝ շուրջ մէկուկէս տարուան վաղեմութեամբ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած է դրամաշորթութիւն մը, որ թէ՛ թաղեցիներուն եւ թէ համայնքային շրջանակներուն արդէն ծանօթ էր, սակայն մամուլին մէջ արձագանգ չէր գտած։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններ վերջերս այցելեցին Մատենադարան, ուր կատարեցին շրջայց մը, որու ընթացքին ծանօթացան մշտական ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Օտարերկրեայ դիւանագէտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մատենադարանի վերականգնման բաժինն ու արխիւային վաւերագրերու պահոցը։
Գանտիլլիի նորաօծ Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի։
Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» սրահի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական գործիչ ու գրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքին շնորհանդէսը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի Վիգէն Յովսէփեան, որու բանաստեղծութիւններու ժողովածոն կը կոչուի՝ «Աստղերու հաւատքով»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պահրէյն, ուր մասնակցեցաւ Մանամայի երկխօսութեան գագաթաժողովին։ Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջազգային կաճառին կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը համախմբեց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Արարատ Միրզոյեան այս հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին նստաշրջանը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստան եւ Ատրպէյճան տակաւին կը խօսին դիւանագիտական ամենատարբեր լեզուներով:
Շաբաթավերջին Օսմանպէյի մէջ յարգանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ նահատակեալ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի։ Իր հիմնադրած «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, հանրահաւաքի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր այս ցոյցը, որու մասնակիցները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ Հրանդ Տինքի ոճրագործին՝ Օկիւն Սամաստի բանտէն ազատ արձակուելուն դէմ։
Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Պաքըրգիւղի մէջ համախմբուեցան՝ թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռել, թաղային խորհուրդին կողմէ ակնկալուած գումարին հազիւ կէսը գոյացաւ։
«Եոլճու» թատերախումբը շաբաթավերջին «Կոմիտաս»ը ներկայացուց Իզմիրի մէջ։ Այս ծրագիրը, որ Լուսաւորիչ երգչախումբի մասնակցութեամբ յառաջ կը տարուի տարիներէ ի վեր, աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրած է եւ ներկայիս այդ յաջողութիւնը կը թեւակոխէ նոր հարթութիւն մը։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան տարեկան ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ խառն ամուսնութեան պարագաներ կը ներկայանան բաւական յաճախակի կերպով։ Ասիկա պէտք է բնական համարուի, քանի որ միջազգային յարաբերութիւնները զարգացած եւ կարելի է ըսել, որ աշխարհ այլեւս փոքրացած է եւ հեռուները մօտեցած, մարդիկ աւելի սերտ յարաբերութիւններու մէջ գտնուած են։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սունկերը կը նկատուին Երկիր մոլորակի վրայ ամենահին օրկանիզմներէն: Միաժամանակ անոնք մեր մոլորակի ամենաբազմազան օրկանիզմներն են՝ պտուղներու հետ միասին:
Սունկերու ամենահին գտածոներէն պարզուած է անոնց հաւանական տարիքը՝ մօտաւորապէս 900 միլիոն տարեկան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ նորեկ մայրեր հարց կու տան, թէ մեր զաւակներուն ամենէն դժուար ժամանակաշրջանը ո՞րն է. իրականութեան մէջ բոլոր ժամանակաշրջանները դժուար են, որովհետեւ իւրաքանչիւրին մարտահրաւէրը տարբեր է միւսէն եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին կարեւոր հանգրուան մըն է մարդկային կեանքին մէջ: