Արխիւ
Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» սրահի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական գործիչ ու գրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքին շնորհանդէսը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի Վիգէն Յովսէփեան, որու բանաստեղծութիւններու ժողովածոն կը կոչուի՝ «Աստղերու հաւատքով»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պահրէյն, ուր մասնակցեցաւ Մանամայի երկխօսութեան գագաթաժողովին։ Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջազգային կաճառին կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը համախմբեց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Արարատ Միրզոյեան այս հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին նստաշրջանը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստան եւ Ատրպէյճան տակաւին կը խօսին դիւանագիտական ամենատարբեր լեզուներով:
Շաբաթավերջին Օսմանպէյի մէջ յարգանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ նահատակեալ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի։ Իր հիմնադրած «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, հանրահաւաքի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր այս ցոյցը, որու մասնակիցները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ Հրանդ Տինքի ոճրագործին՝ Օկիւն Սամաստի բանտէն ազատ արձակուելուն դէմ։
Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Պաքըրգիւղի մէջ համախմբուեցան՝ թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռել, թաղային խորհուրդին կողմէ ակնկալուած գումարին հազիւ կէսը գոյացաւ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ վարչապետը նշեց, թէ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները կը շարունակեն աշխոյժ զարգանալ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց դպրոցներուն պատասխանատուները երէկ Եուսուֆ Թեքինի հետ տեսակցեցան՝ Պէյօղլուի Ուսուցչաց տան երդիքին տակ:
Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին համայնքային վարիչները ներկայացուցին առկայ հարցերու կարգաւորման շուրջ իրենց մտահորիզոնը՝ առաջարկելով նաեւ գործնական լուծման շարք մը տարբերակներ։
Բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը առիթ ընձեռեց կարծիքի փոխանակումներու դրական մթնոլորտի մը, որու ընդմէջէն բիւրեղացան հրատապ առաջնահերթութիւններն ու անոնց նկատմամբ պետութեան վերաբերմունքին ազդանշանները։
Լենա Ենիեորկան, Աքսել Թոփալեան, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Մանուկ Էօղէր թարգման հանդիսացան թրքահայ շրջանակներու սպասումներուն՝ մինչ հաւաքի յայտագիրը գործադրուեցաւ Եւա Օրագեանի հանդիսավարութեամբ։
Ազգային կրթութեան նախարարին ժողովի ատեն ծաւալուն թղթածրար մը յանձնուեցաւ՝ պոլսահայ վարժարաններու ցանցի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքի հարցին մէջ, յաճախ մարդիկ կը դիմաւորուին դժուարութիւններու՝ որոնք կը կանգնին հաւատացեալներուն առջեւ։ Հաւատացեալին հաւատքի կեանքի ընթացքին առաջացող եւ գործօն դեր խաղացող երկրորդական պատճառներ արգելք կը հանդիսանան հաւատքի կեանքին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 25.9-26.7։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել գոյաբանական մարտահրաւէրներ եւ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Սուրբ Աթոռէն ներս նոր տնօրինութիւններ եւ նշանակումներ կը կատարուին։ Կը հաղորդուի, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի գլխաւորութեամբ հայոց վանքէն ներս գումարուած է տնօրէն ժողով։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Մեծարանքի հանդիսաւոր հաւաքոյթը նախատեսուած էր «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։
Նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ, երէկ, օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Գանտիլլիի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ քահանայ հայրեր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որպէս ծնողք անկասկած բոլորս ալ կ՚ուզենք, որ մեր զաւակները դպրոց յաճախելով լաւ կրթութիւն մը ստանան ու հասնին այնտեղ՝ ուր գուցէ մենք չենք կրցած հասնիլ: Մանաւանդ Միջին Արեւելքի պատերազմական վիճակը նկատի ունենալով, շատ անգամ մեր հայրերն ու մայրերը դպրոցն իսկ աւարտելու բախտաւորութիւնը չեն ունեցած:
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը երէկ արձակեց վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը կը պարտաւորուի ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքը։ Լահէյի միջազգային դատարանը այս որոշումը տուաւ՝ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ՝ Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ ողորմածութիւն։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւնը եւ եղբայրական խրատ, ան բարեացակամ է, առիթ կը ստեղծէ փոխադարձութեան, կը մնայ անշահախնդիր եւ առատաձեռն, ան բարեկամութիւն եւ հաղորդութիւն է՝ հաղորդակցութեան միջոց։ Եւ «ողջոյն»ը սիրոյ եւ ուրախութեան ամենահարազատ եւ անկեղծ արտայայտութի՛ւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողներու համար ինչքան ալ դժուար ըլլայ, մեր մարդկային կեանքին մաս կը կազմէ հիւանդ եւ կամ յատուկ խնամքի կարօտ երեխաները. շատեր այդ մէկը կ՚որակեն «փորձութիւն», իսկ ուրիշներ «տանջանք» եւ կամ կեանքի «քննութիւն». կան նաեւ այդ մէկը որպէս «օրհնութիւն» անտրտունջ ընդունողները: Ամէն պարագայի ալ նման երեխաները տարբեր ու յատուկ խնամք կը պահանջեն՝ քան միւսները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ կը սիրեն լսել երգ մը, քանի որ մեր ուղեղի մէջ կը զարգանայ այդ երգերու հետ յուզական կապ մը: Այդ երգերը լսելը շատ աւելի քիչ ջանք կը պահանջէ՝ քան նոր երգեր գտնել փորձելը:
Վերջերս կատարուած է ուսումնասիրութիւն մը՝ հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կրկին ու կրկին կ՚ուզեն նոյն երգը լսել:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայրետտին Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ այս շրջանին ահազանգի վրայ ահազանգ կը հնչէ՝ Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Երէկ, հայկական լրասփիւռին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեանի կողմէ կատարուած գրառումը, ըստ որու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16 դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյակցութեան սպառնալիքին ներքեւ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աղուոր անկեղծութեամբ միշտ կրկնած եմ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին «երկար» հիւանդութենէս հազիւ ապաքինած, այս տարի եկած էի Հայաստան կրկին երկարօրէն վայելելու անոր արեւն ու լոյսը, աշունն ու ժամանակը: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձէի միշտ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Որովհետեւ հաստատ համոզում ունէի, որ աշխարհի վրայ չկայ մեզի նման ժողովուրդ մը, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, այնքան կապուած ըլլայ անոր: