Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վստահաբար շատերուն արդէն յայտնի է վերջին օրերուն համացանցի վրայ տարածուած այն սարսափելի տեսանիւթը, ուր այսպէս կոչուած «մայր» մը իր միւս զաւակներուն մասնակցութեամբ բռնութեան կ՚ենթարկէր իր միւս աղջիկ զաւակը, նուաստացնելով, անարգելով… (անկեղծ ըլլալու համար տեսանիւթը չեմ նայած…):

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ անդամները երկուքի կը բաժնուին՝ աշխարհականներ եւ հոգեւորականներ. հոգեւորականներն ալ ըստ իր կարգի՝ հասարակ պաշտօնեաներ, եկեղեցական-վարչական իշխանութիւն ունեցողներ եւ վանականներ ըլլալով՝ երեքի կը բաժնուին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ մեծն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը աշխարհ կը հրաւիրէր Տանթէն, որպէսզի անոր նկարագրած դժոխքէն տարբեր ու շօշափելի դժոխք մը ցոյց տար ու Շիրազ այնքան վստահ էր այդ երկու դժոխքներու տարբերութեան, որ կը հաւատար, թէ Շիրազի ցոյց տուած դժոխքը տեսնելով Տանթէ պիտի մոռնայ իր դժոխքը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ, երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ձիթաիւղի օրհնութեան կարգ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս գնահատուեցան հանդիսատեսին կողմէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խուրհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնցմէ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուին ու հասած են վերջին փուլին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է համակրելի պրպտող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Tanzimat, İstibdat ve Meşrutiyet Tiyatrosunda Mardiros Mınakyan (Türk Devlet Tiyatrosu Darülbedayi)»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Միջազգային լրահոսին վրայ երէկ ռումբի ազդեցութիւն գործեցին՝ Ռուսաստանի մէջ պատահած օդանաւի արկածի մը մասին լուրերը։ Այսպէս, Մոսկուա-Սեն Փեթերսպուրկ ուղղութեան վրայ թռիչքի ժամանակ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքի հարաւին անկում ունեցաւ մասնաւոր ինքնաթիռ մը, որու ուղեւորներու շարքին կը գտնուէր «Վակներ» վարձկան զինեալներու խմբաւորման հիմնադիր ու ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Հայաստանի հասարակական կարեւոր կազմակերպութիւններէն «Թաթոյեան» հիմնադրամը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որու, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը աշխուժացուցած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ թշնամանքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան վարչապետներու հաւաքին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիքը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց կ՚ուզեն Լաչինի միջանցքը բանալ միակողմանիօրէն, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը պատրաստուի քաղաքիս մէջ նշել Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սահակ Սարգսեանէն վերահասու դարձաւ յոբելենական ծրագրի մանրամասնութիւններուն:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկու օր առաջ՝ օգոստոսի 22-ին, օրհնուած ձիթաիւղով լի արծաթեայ կաթսան դրուեցաւ Մայր Աթոռի Ս․ Վարդան-Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ եւ ծածկուեցաւ նրբահիւս շղարշով:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023

«Պաքու մարտահրաւէր կը նետէ՝ կայունութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն»:
«Ցարդ չենք լսած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ատրպէյճանի հրապարակային խօսքերը»:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, երէկ, ծրագրի հերթական փուլին մէկտեղուեցաւ փոքրիկներու հետ, որոնց աշխատանքները կը գլխաւորէ Թանիա Փաքերթիք։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի իսկապէս տիրական եւ ազնուական դէմքերէն Այտա Աբգարեան, որ այնքան մեծ յարգանք, սէր ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակէն ներս։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց՝ Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ Հայաստան մեկնած թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Պելժիա։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մենք եւ սա աշխարհը: Բայց անպայման... ՄԵ՛ՆՔ:
Անկեղծօրէն, յաճախ այս մասին երկար կը մտածեմ: Անոր համար այսօր պահանջք զգացի արտայայտուելու: 

Էջեր