Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայրետտին Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ այս շրջանին ահազանգի վրայ ահազանգ կը հնչէ՝ Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Երէկ, հայկական լրասփիւռին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեանի կողմէ կատարուած գրառումը, ըստ որու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16 դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյակցութեան սպառնալիքին ներքեւ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աղուոր անկեղծութեամբ միշտ կրկնած եմ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին  «երկար» հիւանդութենէս հազիւ ապաքինած, այս տարի եկած էի Հայաստան կրկին երկարօրէն վայելելու անոր արեւն ու լոյսը, աշունն ու ժամանակը: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձէի միշտ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Որովհետեւ հաստատ համոզում ունէի, որ աշխարհի վրայ չկայ մեզի նման ժողովուրդ մը, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, այնքան կապուած ըլլայ անոր:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան չէր մասնակցեր ԱՊՀ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի (…) Մոսկուայի [վերջին] ժողովին։ Երրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կը խուսափի Ռուսաստանի ստեղծած յետխորհրդային կառոյցներու ժողովներուն մասնակցելէ։ Նոյնիսկ մերժած է ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ նշանակելէ։ Ինչո՞ւ այս հեռաւորութիւնը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ առկայ անվստահութեան կապակցութեամբ։ 2024 թուականի պետական պիւտճէի նախագծին վրայ ծաւալուած քննարկումներու ծիրէն ներս, Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն երէկ Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Եթէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան սկզբունքները համաձայնեցուած են, ապա ի՞նչ է խնդիրը, ինչո՞ւ համար չենք երթար, ինչո՞ւ չենք ստորագրեր խաղաղութեան պայմանագիրը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վիգէն Յովսէփեան. «Խնդիրը այն է, որ կարելի չէ սփիւռքը առնել՝ որպէս գործիք։ Ընթացիկ խնդիրներէն վեր ելլելով՝ համազգային հարցերով զբաղելու բանական որեւէ ծրագիր չկայ, ոչ ալ այս ուղղութեամբ ճիգ մը կայ»:
«Հայ մարդը պէտք է հասկնայ, թէ ինք հայ կը մնայ նպատակի մը համար եւ ո՛չ անոր համար, որ իր հայրը հայ եղած է»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շա՜տ տարիներ առաջ, երբ Հէնովըր կը գտնուէր բրիտանական թագին տակ, երիտասարդ մը զինուորագրուեցաւ հէնովըրեան պահակազօրքին եւ որոշ ժամանակ մը հաւատարմօրէն ծառայեց իր երկրին եւ թագաւորին։
Սակայն ժամանակ մը ետք ան բանակէն դասալիք եղաւ՝ կռիւէն, պայքարէն վերջ։ Թերեւս իր սիրտը նուաղեցաւ, կամ պատերազմէն ձանձրացաւ։ Պատճառը ի՛նչ որ էր, ան լքեց բանակը եւ որպէս «դասալիք», փախստական կը շրջէր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցեալին ծնողներու համար մեծագոյն վտանգ կը սպառնար շրջապատը, սակայն այսօր շրջապատը աւելի նուազ վտանգ կը սպառնայ՝ քան համացանցը: Անցեալին պատանիի մը շրջապատը գրեթէ յստակ էր. անոր ընկերները կա՛մ դասընկերներն էին եւ կամ դրացի հասակակիցները. առաւելագոյն պարագային մի քանի փողոց վեր ապրող տղաքը, սակայն այսօր վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ազգովին կ՚ապրինք հանգրուան մը, ուր ամէն ինչ գլուխն ի վայր շրջուած է: 2020 թուականին մեր կրած ամօթալի պարտութիւնը եւ այդ պարտութենէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները, կարծէք հարուած հարուածի ետեւէ եկան հիասթափեցնելու, յուսախաբ դարձնելու մեզմէ շա՜տ շատերուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2021 թուականին Հայաստանի մէջ մեկնարկած «Հայահաւաք» նախագծի ծիրէն ներս այս նոյեմբերի սկիզբին Հայաստան ժամանած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ բնակող հայ ջութակահար, խմբավար «Չիլինկիրեան» լարային քառեակի հիմնադիր, Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիայի դասախօս, Կիդհոլի երաժշտատրամաթիքական դպրոցի ջութակի եւ քամերային երաժշտութեան դասախօս, աշխարհահռչակ հայ ջութակահար՝ Լեւոն Չիլինկիրեան: Համերգը նուիրուեցաւ անոր 75-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ըստ որու 2023 թուականի նոյեմբերի 6-ին փաստաբան Քլակսպալտ՝ «Arnon» ընկերութեան փաստաբան Ապարպանելին ուղարկած է նամակ մը, որու մէջ միանգամայն զրպարտչական յայտարարութիւն կատարուած է Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանի հասցէին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամաստ երէկ դուրս եկաւ բանտէն։ 19 յունուար 2007 թուականին լուսահոգի Հրանդ Տինքը նահատակած Օկիւն Սամաստ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Պուքրէշի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ նուիրուած էր Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ տեղահանեալ հայութեան ընկերային կացութեան։ Ռումանիոյ Կրօնից նախարարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ժողով-քննարկումը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Երեւան ամբողջ թափով կը բիւրեղացնէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ տեսլականը:
Արարատ Միրզոյեան Լոնտոնի շփումները աւարտելով անցաւ Պրիւքսել, ուր մատնանշեց Կրանատայի սկզբունքները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ մէջ նոր պատերազմի մը ծագիլը անհաւանական չէ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ համոզուած են, թէ Սուրիոյ մէջ պատերազմի էջը չէ փակուած եւ այդ երկրին «մոխիրներուն» տակ կրակը դեռ կը բոցավառի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Ծովափին յայտնուած են քով քովի։ Թէեւ նոյն նստարանի երկու ծայրամասերուն վրայ են, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ զիրար նոյնսիկ նկատած չըլլան։ Օտար են իրարու ու լրիւ անհաղորդ։ Անծանօթներու միջեւ տարրական քաղաքավարական կապ մը հաստատելու համար՝ ընդունուած ձեւերէն որեւէ մէկուն դիմելու կամքն ալ չունին, ակնյայտօրէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս մասնաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս բացառիկ ձեռնարկը հովանաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սուրբ Հրեշտակապետներու եւ երկնային զօրքերու տօնը։ Այս առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Դաւիթ Քհնյ. Գիշեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն անդամներէն Քոզէթ Ավանուսն ու Նուպար Մանավեանը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբերի 19-ին նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։

Էջեր