Արխիւ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ Այս առթիւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մօտ ժամանակներուն կը ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիր մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկարաշունչ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով թէ՛ երկրի քաղաքացիներու եւ թէ սփիւռքահայերու բազմաթիւ հարցումներուն։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին Հայաստան պիտի փորձէ պարզաբանումներ ստանալ, թէ արդեօք Պաքու համաձա՞յն է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ համաձայնեցուած երեք սկզբունքներուն հիման վրայ կամ ոչ։
Գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Իսքենտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։ Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Բենիամին Թապաշի զաւկին՝ Արմինա Թապաշի մկրտութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլուն։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ ծաւալուած աշխատանքներուն եւ մշակուած ծրագիրներուն շուրջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր Ուսուցչաց օրն է։ Կրթական մշակներու մեծարման, անոնց նկատմամբ յարգանքի թարմացման, երախտագիտական արտայայտութեան հերթական փուլը… Պոլսահայ կրթական համակարգն ալ կը նշէ Ուսուցչաց օրը՝ ուրոյն ձեւով եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին յարիր աւանդութիւններով։
Աւելի քան մէկուկէս ամիս անցած է այն օրէն ի վեր, երբ Արցախի վերջին տարածքներուն խլումէն ետք, արցախցիներու բռնագաղթին զուգահեռ՝ տասնեակ մը քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ, որոնց կարգին նախկին նախագահները, գերեվարուեցան դէպի Պաքու եւ մինչեւ օրս բանտարկուած կը մնան Ալիեւի խուցերու մէջ։
Այս օրերուն թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներուն մէջ դարձեալ ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած է՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ, որ թէեւ վերջին օրերուն բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ի մօտոյ վերստին պիտի դատուի։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բանակցութիւններ նախատեսուած են այս ամսավերջին:
Սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովները քննարկումներու համար ժամադրուած են նոյեմբերի 30-ին:
Եւրոմիութիւն-Թուրքիա գաղթի եւ անվտանգութեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան ժողով:
Ալի Երլիքայա հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ վիզաներու ընթացակարգի պարզեցման սպասումը: Անգարա եւ Պրիւքսել տարբեր առաջնահերթութիւններով կ՚ընկալեն՝ 18 մարտի համաձայնութեան թարմացման խնդիրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կը պարզէ, թէ ինչպէս Յիսուսի աղօթքը կ՚իրագործէ փրկութեան յաղթանակը. «Ինքն է որ Իր երկրաւոր կեանքին օրերուն՝ աղօթքներ եւ պաղատանքներ մատոյց բարձրաձայն եւ արտասուքով Անոր, որ կարող էր զԻնք փրկել մահէն, եւ Ան լսելի եղաւ շնորհիւ Իր հնազանդութեան։ Ինք Որդի ըլլալով հանդերձ, Իր չարչարանքներուն մէջ սորվեցաւ հնազանդութիւնը, եւ կատարելութեան հասնելէ ետք, յաւիտենական փրկութիւն եղաւ անոնց համար, որ իրեն կը հնազանդին». (ԵԲՐ. Ա7-9):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն ժամանակաշրջան ամուսնութեան մասին ունեցած է տարբեր տեսակէտ ու հայեցակէտ, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուելով ենթարկուած են որոշ բարեփոխումներու, հասնելով մինչեւ մեր օրերը. մերօրեայ հասկացողութիւնը եւս ժամանակի ընթացքին պիտի յեշաշրջուի եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն՝ որքան մարդկութիւնը գոյութիւն ունենայ այդ երկիր մոլորակին վրայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ուէնտիի համախտանիշը, որ անուանուած է սկովտացի գրող Ճէյմս Մեթհիու Պերիի «Փիթըր Փեն» վէպի Ուէնտի Տարլինկկերպարի հիման վրայ, դարձած է հանրաճանաչ հոգեբանական սահմանում մը, որ կ՚օգտագործուի նկարագրելու համար չափահաս մը, որ կարեկցող, հասկացողութեան տէր եւ նոյնիսկ ինքնավստահ ու զոհաբերող անձ մըն է:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ վերապատրաստման դասընթացքները աւարտած եկեղեցականներու հետ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս այս շրջանին քահանայ հայրեր խումբ առ խումբ վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացքներու կը մասնակցին։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը ընկերային ցանցերու վրայ հերթական հրապարակումով հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին։ Այս գրադարանի համալիրէն ներս կը գործէ Հայկական գրատպութեան թանգարանը, ուր մամուլին յատկացուած բաժնին մէջ կարեւոր տեղ տրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը օժտած, յարմարցուցած եւ կարգաւորած է ամբողջ կենդանութիւնը եւ բուսականութիւնը յատուկ ատակութիւններով եւ զարմանալի մեքենականութեամբ, իր կեանքը տեւականացնելու համար։ Արդարեւ, երբ տակաւին մարդը գոյութիւն չունէր, բուսականութիւնը գոյութիւն ունէր։ Եւ այս բուսական աշխարհը ստեղծած, մշակած են բնութեան մշակները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան ընթացքին՝ սկսած նախամարդէն մինչեւ մեր օրերը, ամուսնութիւնը ունեցած է իր յատուկ ու ուրոյն տեղը, որով դարեր շարունակ ապահովուած է ցեղախումբերու եւ ազգերու գոյութեան ընթացքը: Ամուսնութիւնը հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը եւ այնպէս ինչպէս այսօր մեր հասարակութեան համար, նոյնպէս նախամարդուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է, առանց որուն այսօր գոյութիւն չէինք ունենար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս նշանակալի անուանակոչութիւն կատարուած է աշխարհի խոշորագոյն գրադարաններէն մէկուն մէջ: Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի բարեգիտական (հումանիթեր) հետազօտութիւններու կեդրոնը անուանակոչուած է անուանի հայ գիտնական, պատմաբան, գրադարանային ոլորտի նուիրեալ Վարդան Գրիգորեանի (Կրէկորեան) անունով: Վարդան Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի վերականգնմանն ու վերածնունդին եւ արդարացիօրէն կոչուած է գրադարանի փրկիչը:
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ահմատ Խալէտ Թաուֆիք: Ծնած է 10 յունիս 1962-ին: Մահացած է 2 ապրիլ 2018-ին: Եգիպտացի գրող, համալսարանի դասախօս, բժիշկ, թարգմանիչ: Համարուած է գրականութեան սարսափ ժանրի առաջին հեղինակը: Հեղինակած է երեւակայական պատումներ: Կոչուած է կնքահայր «Godfather»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։
Ողջունելով Իրաքի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ միջպետական կապերու ընդլայնման։ Խօսելով Իրաքի հայ համայնքի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ան կը բերէ իր կարեւոր նպաստը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։