Արխիւ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը սրբատառ կոնդակով հրաւէր կ՚ուղղէր «նշել Սուրբ Հայրապետի անմար յիշատակը, վերարժեւորել ազգային եւ համաեկեղեցական անդաստանէն ներս միշտ արդիական իր աւանդը, մեծարել քրիստոնէական հաւատքի ականաւոր ուսուցիչը եւ ազգային-հոգեւոր մեր կեանքը նորոգողը»։
Թերթիս երէկուան թիւին մէջ, մեր աշխատակից Անուշ Թրուանցի ստորագրութեամբ հրատարակուած նիւթին մէջ, երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի լուսանկարին փոխարէն թեքնիք վրիպումով մը տեղ գտած էր երջանկայիշատակ Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի լուսանկարը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գրեթէ բոլորս կը ճանչնանք յոռետես մէկը։ Ան միշտ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ սխալ ըլլալ եւ եթէ նոր գաղափար մը առաջարկէք, ան ձեզ կը յայտնէ հաւանական սարսափելի վիճակներու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցին եւ ընտանիքը՝ երկու կարեւոր հաստատութիւններ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու, որպէս հոգեւոր եւ մարմնական կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ ազդակներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հիմա որ հոգեպէս պատրաստ ես ամուսնութեան, պէտք է լաւապէս հասկնաս, որ կեանքիդ մէջ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի կատարուի եւ յետ այսու պիտի չապրիս այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրէին նախապէս:
Տարածաշրջանի երկիրներու հայութեան պարագային ալ զգալի կը դառնան ինքնութեան պահպանման հարցերը:
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները անմիջականօրէն կ՚անդրադառնան հայ համայնքներու կենսակերպին վրայ:
Միջազգային լրահոսին մէջ երէկ լայն արձագանգ գտաւ Հենրի Քիսինճըրի մահը՝ 100 տարեկան հասակին։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղարներէն մին էր, 1973 թուականին իրեն շնորհուած էր Նոպելի խաղաղութեան մրցանակը։
Երեւան Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար անհրաժեշտ կը նկատէ Պաքուի անկեղծ ներգրաւումը:
Միրզոյեան Լաւրովի նկատառման յանձնեց Հայաստանի դիրքորոշումները՝ Ռուսաստանի քաղաքականութեան եւ քայլերուն շուրջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղեալ բանակցութիւնները երէկ շարունակուեցան՝ կողմերու ուղղակի շփումով։ Հայաստանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովն ու Ատրպէյճանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշնան մեղեդիներ» խորագրեալ գրական-երաժշտական հանդէս մը։ Նարինէ Վարդերեսեանի եւ Գայիանէ Ռեւազեանի մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ թարգմանիչ ու պրպտող Սիրվարդ Մալխասեան, որու ի պատիւ կազմակերպուած ձեռնարկին հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային միւս լիսէներէն աշակերտներ։ Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս հրատարակած է «Համառօտ բառարան»ը, որ պատրաստուած է Իւղաբեր Պոյաճեանի կողմէ։ Գիրքին մեկենասն է Շնորհիկ Զօրվարեան, որ զայն ձօնած է իր սիրեցեալ հոգելոյս ամուսնոյն՝ ճարտարագէտ Խաչատուր Զօրվարեանին։
Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան երէկ երախտագիտութեան տուրք մատուցեց՝ բարեյիշատակ մարզական գործիչ լուսահոգի Նազար Հանչէրի նկատմամբ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին շփումներուն ծիրէն ներս, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մշտական ներկայացուցիչ Կապրիէլ Քաչիա Արքեպիսկոպոսին հետ։ Ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն, զրոյցը տեւեց շուրջ երկու ժամ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գիրքը։ Սա հայր սուրբին կողմէ պաշտպանուած վարդապետական թէզի գիրքի ձեւաչափով հրատարակութիւնն է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքի վիճարկման համար բացուած դատին ընթացքը մեծ աղմուկ ստեղծած է։ Ընտրութեան մէջ պարտուած, քուէարկութեամբ ժողովրդական հաւանութեան չարժանացած «կողմ»ին բացած դատը այժմ կը վերածուի հետաքրքրական դիպաշարի մը։
Եգիպտոսէն ղպտի յայտնի գործարար Նակիպ Սավիրիսի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գիրի ու մշակոյթի նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները կը կարդացուին՝ պատմական յօդուածներու նման: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին քանի մը տարուան ընթացքին հօրս, ազգականներուս եւ մէկ-երկու ընկերոջ հետ խօսելու ժամանակ երբ իրենց հարցնեմ հողամշակութեան մասին, գրեթէ բոլորէն նոյն պատասխանը կը լսէի. «Հողը կը շարունակէ իր բերքն ու բարիքը տալ, սակայն ժամանակները փոխուած են, հողէն եկած բերքն ու բարիքը արժեւորող չկայ այլեւս…»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օր մը հայր մը իր տղուն հետ ձուկ որսալու կ՚երթայ եւ որովհետեւ չեն կրնար ձուկ որսալ, հայրը կ՚ըսէ. «Մեր օրը ապարդիւն անցաւ. ժամանակ վատնեցինք»։ Մինչդեռ որդին. «Կեանքիս ամենէն ուրախ օրն էր, երբ հօրս հետ ձուկ որսալու գացինք», կ՚ըսէ։