Արխիւ
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ հերթական գիտական խրախճանքը։ Միջվարժարանային այս ծրագիրը վերջին տարիներուն կեանքի կը կոչուի հետեւողականօրէն եւ արդէն ստացած է աւանդական բնոյթ մը։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, սատարողները, կրթական մշակներն ու բոլոր սաները։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական այս հանդիպումը հանդիսացաւ սերունդներու մեծ ու խանդավառ ժամադրութեան մը թատերաբեմը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին միջվարժարանային անդրանիկ նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
«Պողազիչի» համալսարանի «Կարանթի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ օրուան տեւողութեան ներկայացուեցան հայկական ժողովրդական բազմաթիւ պարեր:
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի շաբաթավերջին պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի պետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարգադրութեամբ։ Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին շրջագծով կատարուեցաւ Շահան Արծրունիի պարգեւատրումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի բերկրառատ տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծահանդէս արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շաբաթավերջին ստորագրուած հրամանագրին վրայ՝ Տիգրան Մկրտչեան նշանակուեցաւ Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպան։ Ան յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի պաշտօնավարել Վիլնիուսի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Լիւսքեմպուրկ։
Թուրքիա-Սուրիա սահմանի Քիլիս քաղաքը շաբաթավերջին հերթական անգամ ահաբեկիչներու կողմէ արձակուած հրթիռներու թիրախը դարձաւ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ արձակուած երկու հրթիռներ ինկան այս քաղաքը։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան 65-րդ կառավարութիւնը շաբաթավերջին վստահութեան քուէ ստացաւ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան կազմը խորհրդարանի վստահութեան արժանացաւ՝ 315 երեսփոխաններու կողմէ տրուած քուէներով։
«Ակօս» շաբաթաթերթին հիմնադրութեան 20-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագրին շրջագծով:
Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին քննարկուեցան ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու իրաւունքներուն շուրջ հարցեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամ Մելգոնեան վարժարանի շէնքը տեսայ 1999 թուականի Նոյեմբերին: Սեւ ու բարձր դարպասները կը բաժնէին աղմկոտ Նիկոսիան 1924 թուականին առաջին անգամ ըլլալով զանգ հնչեցուցած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄՀԿ) տարածքէն: Տարածքը նաեւ կը յուշէր, որ Մելգոնեանը միայն քարեղէն ամրոց մը չէր, այլ ոգի էր:
«Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու ժողովը:
«Մարաթոն-2016» հանգանակութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախի վերականգման ծրագրերուն:
Միջնորդները պիտի տեսակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները քննարկելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Փարիզի մէջ պիտի հանդիպին Նալպանտեանի, իսկ Պրիւքսէլի մէջ Մամէտեարովի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
29 Մայիս, Կիրակի, Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տօնն է։ Այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկէ Մայր Տաճարի հիմնադրութեան տօնը՝ որպէս խորհրդանիշ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի փառաւոր տեսիլքին։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արիոն» նուագախումբին համերգը։ Վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս բացօթեայ ձեռնարկին նպատակն էր երիտասարդներուն մօտ հետաքրքրութիւն ու սէր ստեղծել դասական երաժշտութեան նկատմամբ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն բանաստեղծութեան, պարի եւ երաժշտութեան ելոյթներու փառատօնը։ Յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աշակերտները վերջերս ծափահարելի շարք մը յաջողութիւններ արձանագրած են մարմնամարզի բնագաւառին մէջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն ապրուեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնի խանդավառութիւնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աւարտական դասարանի սաները վերջերս պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Եգէականի շրջանը։ Ուղեւորութիւնը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, մինչ խումբին մաս կազմեցին նաեւ կրթական մշակներ։

