Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Պուն­տես­տա­կի մօտ այ­սօր օ­րա­կար­գի վրայ է հայ­կա­կան հար­ցը։ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կը քուէար­կէ բա­նա­ձե­ւի մը հա­մար, ո­րու ըն­դուն­ման պա­րա­գա­յին այդ եր­կի­րը իւ­րա­ցու­ցած պի­տի ըլ­լայ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ 1915-ի դէպ­քե­րը կը հա­մա­րուին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի պա­տա­նի­նե­րու կազ­մե­րը ներ­կայ ե­ղա­նա­կը եզ­րա­փա­կե­ցին ող­ջու­նե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։ Թաք­սի­մի մին­չեւ 11 տա­րե­կան­նե­րու ֆութ­պո­լի կազ­մը յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ այս ե­ղա­նա­կին ու­նե­ցած բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն ու դար­ձաւ ա­խո­յեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցաւ՝ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փակ­ման առ­թիւ։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ռըն­թեր գոր­ծող «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ե­րեք ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք այս տա­րի ար­ժա­նա­ցած են Հայ­րա­պե­տա­կան կրթա­թո­շա­կին։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԵ­ՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նա­հայ բե­մադ­րիչ Վա­չէ Պուլ­ղուր­ճեա­նի ա­ռա­ջին գե­ղա­րուես­տա­կան ժա­պա­ւէ­նը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Քան­նի փա­ռա­տօ­նի «Քննա­դատ­նե­րու շաբ­թուան» բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին: Նախ­քան այդ, լի­բա­նա­նեան «Տէյ­լի Սթար» թեր­թը 13 Մա­յի­սին տպած էր Ճիմ Քիլ­թիի հե­տե­ւեալ յօ­դուա­ծը:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ե­րե­ւա­նի պու­րակ­նե­րը, հրա­պա­րակ­նե­րը, կա­ռոյց­նե­րու բա­կե­րը կը հարս­տա­նան նոր ար­ձան­նե­րով եւ քան­դակ­նե­րով: Հին ար­ձան­ներ ու կա­ռոյց­ներ վար չեն առ­նուիր, փո­խա­րէ­նը գրե­թէ ա­մէն ա­միս ար­ձան մը, քան­դակ մը կը դրուի քա­ղա­քին մէջ:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ման­կու­թեանս օ­րե­րուն կը յի­շեմ, երբ մեր հա­յա­շատ թա­ղի բնա­կիչ­նե­րը հա­ւա­քուէին, ան­յա­պա­ղօ­րէն ա­նոնց մի­ջեւ կ­­՚ըն­թա­նար ին­ծի հա­մար մա­սամբ ան­հասկ­նա­լի զրոյց մը: Ա­նոնք կար­ծես ան­սա­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու կան­չին եւ զար­մա­նա­լիօ­րէն կրե­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու յատ­կու­թիւն­նե­րը, կը զրու­ցէին ու եր­բեմն նոյ­նիսկ կը վի­ճէին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ո­ճով ու բար­բա­ռով:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի մէջ բոյ­սե­րը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւեն։ Ուս­տի փա­փա­քե­ցանք «ցանկ» մը պատ­րաս­տել եւ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ ա­նոնց մա­սին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի մէջ յի­շուած զա­նա­զան բոյ­սե­րու ցան­կը կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ԵՄԻԱ վճիռ արձակեց, որպէսզի Թուրքիա հատուցում վճարէ Յունաստանի քաղաքացի Չիրոփուլոսին:
Պէշիկթաշի մէջ գտնուող տարածքի պարագային 46 միլիոն լիրա փոխարժէք սահմանուեցաւ դատարանին կողմէ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րը մտա­հո­գուած են, թէ Ի­րա­քի մէջ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն հար­կա­դիր տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը կրնան թափ ստա­նալ ու որ­պէս հե­տե­ւանք՝ պար­տա­դիր տե­ղա­հա­նեալ­նե­րուն թի­ւը կրնայ կրկնա­պատ­կուիլ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ այս հար­ցը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան տա­կա­ւին կրնայ շի­նիչ դեր մը խա­ղալ հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծե­րուն մէջ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա միայն պի­տի շա­հի, ե­թէ հա­մա­գոր­ծակ­ցի դա­շին­քին հետ։ Ե­րէկ, Վար­շա­ւիոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Սթոլ­թեն­պերկ ը­սաւ.

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 8-10 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն Մի­լոշ Զե­ման նախ պի­տի այ­ցե­լէ Մա­կե­դո­նիա, ա­պա Հա­յաս­տան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

«Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ»:
Ըստ Սարգսեանի, Երեւան չի կրնար անտարբեր մնալ Արցախի դէմ Պաքուի յարձակումներու պարագային եւ համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

​Պունտեստակի վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր:
Էրտողանի Եւ Մերքէլի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է հայկական հարցին բերումով: Թրքական կողմը կու տայ հաւանական պատժամիջոցներու ազդանշանը: Գերմանական կողմին համոզմամբ, նախագիծը որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր իր մօտ ապրող փոքրամասնական հաւաքականութեան վրայ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Աս­տուա­ծա­մօր Մա­յի­սեան ա­ւան­դա­կան ջեր­մե­ռան­դու­թիւ­նը ա­մէն տա­րուան իր նուի­րա­կա­նու­թիւ­նը պա­հե­լով, նոյն ե­ռան­դով եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու Ա­նա­րատ Յղու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած 2015-2016 շրջա­նի դա­սըն­թացք­նե­րը եզ­րա­փա­կուե­ցան ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ հոծ բազ­մու­թիւն մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

​Պունտեստակի մէջ հայկական բանաձեւի քննարկման ընդառաջ հեռախօսազրոյց՝ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Անկելա Մերքէլի միջեւ:
Ազգային մեծ ժողովի երեք կուսակցութիւնները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ որպէսզի թշնամութիւն չյառաջանայ:

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սը, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։

Էջեր