Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էվիկտոր Լիպըրմանի պաշտպանութեան նախարար նշանակուելէն ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը յաջողեցաւ Քընեսէթի անդամներու ամբողջական նեցուկը ապահովել: Ու հակառակ անոր, որ իսրայէլեան քաղաքականութեան հետեւող տարբեր դէտեր խոր մտավախութիւններ ունեցան, ծայրայեղական կեցուածքներով Լիպըրմանի նախարար նշանակուելուն առընթեր երեւելի է նաեւ, որ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու այս քայլով պիտի փորձէ իր իշխանութիւնը փրկել միաժամանակ քաղաքական աջ թեւը դուրս հանելով խոր տագնապէ մը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սոփրանօ Գարին Պոզքուրթ վաղը հանդէս պիտի գայ համերգով մը, որ կազմակերպուած է ի զօրակցութիւն լէօսեմիէ տառապող երախաներուն։ Համերգի յայտագրին մէջ Գարին Պոզքուրթ պիտի երգէ թենոր Պիւլենտ Քիւլեքճիի հետ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։
Մխիթարեան վարժարանի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարանի աշակերտները այս տարի իրականացուցին մարդասիրական շատ կարեւոր ծրագիր մը: Ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու շրջագծով, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի սկիզբը իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան ներքեւ անոնք ընտրեցին ընթերցման հաճելի եւ ուսուցողական գիրքեր ու ամբողջ տարուան ընթացքին զանոնք տակաւ առ տակաւ ձայնագրեցին խտասալիկներու վրայ:
Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի երիտասարդաց կազմը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը ներկայացաւ մեր համայնքին:
Խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ կազմակերպուած համերգին ընթացքին արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն մը ապագայի համար վառ յոյսերով:
Համայնքային շրջանակները երէկ երեկոյեան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ համախմբուեցան Կայրէթթեփէի «Տետեման» պանդոկին մէջ:
Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ Մոնիք Երկանեանին, որ կոչ ուղղեց մեր դպրոցներու գոյատեւման համար:
Մանկական հիւանդանոցի մը աջակցութեան առաջադրութեամբ, «Նոր կեանքի ծիածան» հասարակական կազմակերպութեան ի նպաստ խանդավառ երեկոյթ:
Յայտնի մեներգչուհի Լէյլա Սարիբէկեան Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ երաժշտասէրներուն ներկայացաւ համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ «Միասնութեան շուրջպարով»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
4 ՅՈՒՆԻՍ 2016, Շաբաթ, Էսաեան վարժարանի «ԲԱԺԱԿԻ ՕՐ» է։ Յիշատակներու վերակոչման, ոգեւոր եւ խանդավառ օր մը՝ բոլոր անոնց համար, որ Էսաեան վարժարանէն յիշատակ մը ունին, ապրուած կեանք մը, սիրոյ եւ ջերմ զգացումներու շրջան մը, որ անջնջելի դրոշմ մը թողած է իրենց հոգիին խորը։
«Եռագոյն» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Վերջին ժամերուն Նոր Գիւղի մէջ աւելի քան երեսուն հրթիռներ ինկած են։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Եռանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ հարցեր։
Գերմանիոյ խորհրդարանը երէկ 1915-ի դէպքերը պաշտօնապէս ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն, ինչ որ աննկարագրելի զայրոյթ մը պատճառած է Անգարային։
Պունտեսթակէն աղմկայարոյց որոշում։ Հայկական հարցին վերաբերեալ զգայացունց իրադարձութիւնը եկաւ յեղաշրջել Թուրքիոյ օրակարգը: Ըստ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի, յարաբերութիւնները պիտի ազդուին լրջօրէն: Երեւանի ղեկավարութիւնը կ՚ողջունէ Պերլինի նախաձեռնութիւնը։ Հայերը պարզեցին գերմաներէնով շնորհակալութեան պաստառներ։ Քուէարկութենէն վերջ Անկելա Մերքէլ յիշեցուց կողմերուն միջեւ ռազմավարական կապերուն խորութիւնը։ Դեսպան Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլու ետ կանչուեցաւ խորհրդակցութիւններու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ երէկուան դրութեամբ ծագեցաւ տագնապ մը։ Պունտեսթակ հաւանութիւն տուաւ հայկական բանաձեւին։ Պերլին եկաւ համալրել շարքը այն մայրաքաղաքներուն, որոնք 1915 թուականի դէպքերը կը բնութագրեն հայոց տեսակէտներուն կամ որակումներուն համահունչ՝ այսինքն որպէս ցեղասպանութիւն։
Մոսկուայի մէջ սկսաւ հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ՚ապրիմ» խորագրեալ համերգաշարը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած ծաղիկներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տալ կը շարունակենք։ Սաղմոսաց գիրքին մէջ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւնիի պէս պիտի մեծնայ». (Սաղմոսաց ՂԲ 12)։ Կը տեսնուի, որ ծառերու եւ ընդհանրապէս բոյսերու յատկութիւնները շատ գեղեցիկ օրինակ են արդարին, այսինքն՝ բարեպաշտ մարդուն, բնաւորութեան, նկարագրին եւ օգտակարութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային The Washington Post կը մատնանշէ համատեղ գոյակցութեան ցանկութեան բացակայութիւնը:
Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք կրկնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան ընթացքին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պունտեստակի մօտ այսօր օրակարգի վրայ է հայկական հարցը։ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը քուէարկէ բանաձեւի մը համար, որու ընդունման պարագային այդ երկիրը իւրացուցած պիտի ըլլայ այն մօտեցումը, թէ 1915-ի դէպքերը կը համարուին ցեղասպանութիւն։
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պատանիներու կազմերը ներկայ եղանակը եզրափակեցին ողջունելի յաջողութիւններով։ Թաքսիմի մինչեւ 11 տարեկաններու ֆութպոլի կազմը յաղթական դուրս եկաւ այս եղանակին ունեցած բոլոր հանդիպումներէն ու դարձաւ ախոյեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ՝ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակման առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր գործող «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի համալսարաններէն երեք ուսանողներ, որոնք այս տարի արժանացած են Հայրապետական կրթաթոշակին։ Ներկայ էին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։


