Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Արեւմտահայ գրականութեան վիթխարիներէն Գրիգոր Զօհրապի սոյն հատորին գրութիւնները լաւագոյնս կը բացայայտեն մեր առօրեայ կեանքը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Չեն թողնում, բալէս, որ էնտեղ՝ մի քիչ հեռու, քաղաքին մօտ գնամ ու պամիտորներս մի քիչ թանկ վաճառեմ, թէկուզ 100 դրամի:
Եօթանասունը անց մամիկին հնչիւնները մի առ մի կը կրկնուին մտքիս մէջ, պատկերն ալ կարծես դաջուած է բիբիս վրայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

«Շիրակի էսքիզներ» հանրապետական պարային 4-րդ մրցոյթ-փառատօնի կալա-համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 28-ին, Կիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի դահլիճին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

«Հնչիւն եւ լռութիւն. երաժիշտը եւ նուագարանը դարերու հոլովոյթին մէջ» ժամանակաւոր ցուցադրութեան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան թանգարան-կաճառին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է՝ «Դուն ի՞նչ կ՚ընես Արցախի համար» շարժման շրջանակներէն ներս Հայաստան ժամանած Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ որոնց կարգին էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է միացնել՝ ռազմական արտադրութեան երկու գործարան:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան շեշտը կը դնէ վերանորոգման եւ արդիականացման գործընթացին վրայ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Օգոստոս 30-ի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ Յաղթանակի 95-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017

Պորիս Աճէմեան. «Մեր դերակատարութիւնը սահմանափակ չէ միայն ժառանգութեան պահպանումով»:
ՀԲԸՄիութեան Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ կը գտնուի Պոլսոյ Պատրիարքութեան արխիւին մէկ մասը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017

Պէյրութի «Բագին» ամսագրին մէջ, Հրակ Փափազեանի ստորագրութեամբ շահեկան գրախօսական մը՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերուն մասին:
Յօդուածի հեղինակին խօսքերով, այս հրատարակութիւնները ընթերցողին առջեւ իսկապէս դուռ մը կը բանան դէպի Ի. դարասկիզբի հայ մտաւորականութեան մտահոգութիւններու աշխարհը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբէն ներկայացուցիչներ՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը, վարչայիններէն Նուպար Կիւզելտեւլեթեանը եւ անդամուհիներէն Ալիս Շահինօղլուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017

ՀԵ­ՂԻ­ՆԱԿ՝ ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐ­ՏԷ­ՐԵԱՆ
ԿԸ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱՑ­ՆԷ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ճանապարհորդութիւնը միայն երթուղիներու եւ խաչմերուկներուն հետ կապուած, զուգորդուած գոյական մը չէ, այլ ան գրականութեան տարբեր ժանրերու, աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան մէջ տարբեր իմաստներով օգտագործուած բառ մըն է։ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերու գործերուն մէջ ալ յաճախ կը հանդիպինք այս կամուրջ-բառին, որուն նշանակութիւնը մէկ բան է՝ ԴԱՐՁ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքին մէջ, որ կը կարդացուի պատարագիչ քահանայ հօր կողմէ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, սապէս կ՚ըսուի. «յայնմ ժամանակի, որ է օր վերջին՝ այսմ կենցաղի, եւ օր առաջին՝ երկրին կենդանեաց»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

​Կազդուրման կայանի ամրան շրջանը իր աւարտին հասաւ այս շաբաթավերջին։ Աշակերտները եղանակի փակումը տօնեցին մասնսկցութեամբ Գընալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ կայան այցելեց մասնակցելու համար ամավերջի հանդիսութեանց։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աթէնքի Մոնասթիրաքի հրապարակի բոլոր կողմերէն կը նշմարուի մայրաքաղաքին հպարտութիւնն ու զարդը նկատուող Աթէնքի Աքրոփոլիսը: Հրապարակը շրջապատուած է յուշանուէրներու բացօթեայ եւ տանիքի տակ գործող կրպակներով, որոնք լեցուն են զբօսաշրջիկներով: Յունական ամէն տեսակ արտադրանք եւ երկիրը բնորոշող իր կարելի է գտնել այս կրպակներուն մէջ՝ ծովային սպունգէն մինչեւ Հելլատա գրութեամբ հագուստներ եւ թեւնոցներ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը, ընդհանրապէս այն ցոյց կու տայ, թէ որեւէ բանի արժէքը կը զգացուի երբ ան կորսուի։ Կան առարկաներ, որոնք միշտ աչքի առջեւ են, բայց մա՛րդ չ՚անդրադառնար անոնց գոյութեան, բայց երբ պակսի կամ կորսուի, կերպով մը հեռանայ աչքէ, անմիջապէ՛ս կը զգացուի անոնց բացակայութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

Երեւանի մէջ բացուեցաւ խորհրդահայ լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ժամանակի ստուերներ» խորագրեալ առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան պահպանուած սեւապատկերներու վերականգնուած տարբերակները։ Ցուցահանդէսին,  որ բացուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան երդիքին տակ, ներկայացուեցաւ 183 լուսանկար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

Կարծախ գիւղին մէջ, Օգոստոսի 27-ը, նշանաւոր դարձաւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացումով: Նախորդ տարի բացուած էր թանգարանին ցուցասրահը, իսկ այս տարի բացուեցաւ յուշային մասը: Տօնական օրը սկսաւ գիւղի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

Երեւանի մէջ 77 տարեկանին մահացած է բեմադրիչ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Փրոֆ. Անտոն Աղայեանց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Անտոն Աղայեանցի թաղման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

​Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան ոսկէ մետայլներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետայլակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետայլակիր Արթուր Ալեքսանեանն ու աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017

«Հայաստանի, Վրաստանի եւ աշխարհի մէջ կրօնի եւ համոզումի ազատութեան հիմնախնդիրները»:
Երեւանի իշխանութիւնները լաւատես պատգամներ կու տան վրացահայութեան խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ:

Էջեր