Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով՝ Մոլտավիոյ Փոխ-վարչապետ, Արտաքին գործոց ու Եւրոպայի հետ համարկման գծով նախարար Անտրէյ Քալպուր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
Եգիպտոսի մէջ երէկ ապրուեցաւ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, վճռաբեկ դատական իշխանութիւնները որոշեցին կասեցնել երկրի ընտրուած առաջին նախագահին՝ Մուհամմէտ Մուրսիի դէմ արձակուած դատավճիռը։
Անգարայի մօտ Իսրայէլի դեսպան նշանակուելու համար թեկնածու ցոյց տրուեցաւ Էյթան Նաէհ։ Այսպէսով Իսրայէլ առաջին քայլը առաւ՝ Թուրքիոյ հետ վեց տարիէ ի վեր ընդհատուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ։
«Նոր Յառաջ» (Փարիզ).-
Հայաստանի կրթական համակարգի միջազգային համարկման ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այս ծիրին մէջ են նաեւ այն հաղորդումները, ըստ որոնց Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայաստանի դպրոցականներու վկայականները։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր առաջին էջին վրայ մեծադիր հաղորդումով մը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն նիւթին վրայ, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կ՚ընդլայնի զգալի ձեւով եւ Թուրքիոյ անմիջական հարեւանութեամբ զանազան երկիրներ կը մտնեն Մոսկուայի ազդեցութեան տակ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ աննախընթաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի այս կարճատեւ ուղեւորութեան նկատմամբ:
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Սեդա Պէշիկթաշլեանը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թադէոս Կիւնթէր» միջմիութենական նարտի մրցաշարքին բացման արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ մրցաշարքը այս տարի կը կազմակերպուի 20-րդ անգամ, 13 միութիւններու մասնակցութեամբ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, հաստատութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը եւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասուն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս եւ մանրամասնութիւններ փոխանցել հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«… Մեր վիթխարի Սայաթ-Նովան մի հոյակապ սիրահար է, բռնուած ու բռնկած սիրոյ հրդեհով, նրա լուսի տակ էլ նկատում է աշխարհքն ու իրերը, զգում է, որ էրւում, վերջանում է ինքը, բայց մնում է արի ու բարի, անչար ու անաչառ, վեհ ու վսեմ, որպէս աշխարհքի ու մարդու մեծ բարեկամը, հաստատուն սիրով ե՛ւ դէպի էն «զալումը», որ իրեն կրակ տուեց ու միշտ մնաց անտարբեր, ե՛ւ դէպի նրանց, որոնք չորս կողմից տաքացան ու հրճուեցին էն կրակով, որի մէջ էրւում էր ինքը, ե՛ւ դէպի նրանց, որոնք հազար ու մի տեսակ իրեն վշտացրին կեանքում։
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ սփիւռքեան գրականութեան տեսակէտէ յատկանշական եռահատոր մը, որ ձօնուած է անմահ հեղինակի մը՝ Շահան Շահնուրի։ Լիբանանահայ վաստակաշատ գրող, բանասէր ու մանկավարժ Գրիգոր Շահինեանի աշխատասիրութեամբ կեանքի կոչուած է հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոյեմբերի անսովոր տաք կիրակիներէն մէկն է: Աշնանային բազմազան գոյները կը մղեն արուեստի ջերմ միջավայր մը երթալու, Կիրակին կ՚ուզեմ անցընել արուեստի, գոյներու աշխարհի մը մէջ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը Կիրակի օրերը սովորաբար մարդաշատ կ՚ըլլայ, այն նկատառումով, որ հանգստեան օր է, իսկ Երկուշաբթի ալ պատկերասրահը գոց է, եւ մանաւանդ արուեստասէրները կը փափաքին Կիրակին նուիրել արուեստին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ կեանքին արժէքը կը դատեն երկու կերպով՝ համեմատական եւ բացարձակ ստուգանիշերով։
Բայց ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կեանքի արժէքը պէտք է դատել համեմատականի հաշուով, եւ ո՛չ թէ բացարձակի։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը հիւրընկալեց ուղղափառ հոգեւորականներ:
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան մեծարանքի սեղան մը սարքեց առաջնորդարանէն ներս:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ 1 Նոյեմբերին որդեգրուած է օրէնք մը, որ նպատակաուղղուած է երկրին մէջ ընթերցանութեան ժողովրդականացման:
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջհամալսարանական ցուցահանդէս-փառատօն մը։ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ այս ձեռնարկին շրջագծով ներկայացուած են բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՚արժանանան այցելուներու հետաքրքրութեան։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլէօրներու ցանկին մէջ։ Goal.com կայքէջի վարկածով ընթացիկ տարուան 50 լաւագոյն խաղացողներու շարքին է 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպանն է ու ներկայիս Անգլիոյ մէջ կը կրէ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկը։
Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Կարէն Կարապետեան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ժողովներուն մասնակցելու համար կ՚այցելէ Մոսկուա:
Համայնքային շրջանակները բարձր կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած տարեկան մատաղօրհութեան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ tert.am կայքէջին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Ով որ նստի այս Աթոռին վրայ, պարտաւոր է պաշտպանել մեր համայնքին շահերը»: