Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016

Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեակին ձօնուած շքեղ համերգին ներկայ էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ հանապազ զօրակցութիւնը հայցեց իր հոգեւոր եղբօր համար:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը տուն դար­ձաւ Սրբոց Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­դի­սու­թեան: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան եւ Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղե­ցոյ հո­վիւ եւ Տ. Լե­ւոն Ար­ք. Զէ­քիեա­նի նէր­կա­յա­ցու­ցիչ Հ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Գա­մա­ռի, ու­սու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ հոծ թի­ւով ծնող­ներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեա­նը։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի կեան­քին, մա­նա­ւանդ ման­կա­պար­տէ­զի ա­ռօ­րեա­յին տե­ղեակ են՝ վեր­ջին շրջա­նին կ՚ող­ջու­նեն Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Սու­րիոյ բա­նա­կը մուտք գոր­ծեց Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը, ո­րոնք ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու հա­կակշ­ռին տակ կը գտնուէին։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին շրջա­նին Հա­լէ­պի մեր­ձա­կայ­քին մար­տե­րը սաստ­կա­ցած էին՝ կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րուն եւ ընդ­դի­մա­դիր մար­տիկ­նե­րուն մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նի այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով կը հիւ­րըն­կա­լուի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ռուսաստանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարը:
Երկկողմանի համագործակցութեան մեծ ներուժը լիարժէք օգտագործելու համար կը նախատեսուին բազմաբնոյթ քայլեր:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման ուղղութեամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղեր։ Թուրք ու­ղե­ղի խում­բի խմբա­պետ եւ Մտա­խա­ղե­րու ամ­սա­թեր­թի ղե­կա­վար Ֆեր­հաթ Չա­լափ­քու­լու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այս ձեռ­նար­կին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց մեր հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած տա­րե­կան պտոյտ ճաշ­կե­րոյ­թը։ Այս հա­ւա­քը մեր ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս ստեղ­ծուած լաւ ա­ւան­դու­թիւն մըն է թէ՛ կրթա­կան մշակ­նե­րը մե­ծա­րե­լու եւ թէ ա­նոնց փոր­ձա­ռու­թե­նէն միշտ օգ­տուե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի ալ ա­ւան­դա­կան պտոյտ-ճաշ­կե­րոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կին կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Հայագիտութեան ապագան մթագնած չեմ տեսներ, փակուղիի մէջ չեմ տեսներ, դժուար, դանդաղ, բայց անպայման կը զարգանայ»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­նու­նը ինք­նու­թի՛ւն է, այս պատ­ճա­ռով, ա­նու­նը մարդ­կա­յին թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ՛ հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ կեն­սա­կան դեր մը կը խա­ղայ եւ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի։ Այս ի­մաս­տով եւ այս տե­սան­կիւ­նէն դի­տե­լով «ա­նուն»ը, կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ օգ­տուե­լով Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի, Ար­տա­շէս Տէր Խա­չա­տու­րեա­նի եւ André-Marie Gerard-ի բա­ռա­րան­նե­րէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Նիւ Եոր­քի մէջ շուրջ հա­զար ան­ձեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի ծննդա­վայր Քուինզ թա­ղա­մա­սէն մին­չեւ Թրամ­փի երկ­նա­քե­րը քայ­լար­շաւ մը կա­տա­րե­ցին՝ առ ի պաշտ­պա­նու­թիւն բազ­մա­զա­նու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու: Քայ­լար­շա­ւը տե­ղի ու­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան դե­մոկ­րա­տա­կան ան­դամ Վան Պրայ­մը­րի հրա­ւէ­րով:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Ռու­սա­սատ­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը չի պատ­րաս­տուիր վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել Աբ­խա­զիոյ եւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ Ժը­նե­ւի մէջ սկսած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վեր­ջին պա­հուն ձա­խո­ղե­ցան։ ՄԱԿ-ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սա­ռե­ցուած են։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը հա­ղոր­դեց, որ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րուին՝ Ե­րե­ւա­նի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մի­ջեւ ու­ղիղ թռիչք­նե­րու հաս­տատ­ման հա­մար։ Այս­պէս, մօտ ա­պա­գա­յին, հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­ներ կ՚ակն­կա­լուին. «Ա­մե­րի­կա­յի Ձայ­ն­»ին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին այս­պէս յայտ­նած է հայ գոնկ­րէ­սա­կան Ճե­քի Սփիր:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութը կը կազմակերպէ «Գրքի գիշեր 2016» ծրագիրը:
Հայաստանի ընթերցասէրները պիտի աջակցին այն մանուկներուն, որոնք կը տառապին քաղցկեղէ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն խումբ մը աշ­խա­տա­կից­ներ։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ պար­գե­ւատ­րեց քա­նի մը յայտ­նի լրագ­րող­ներ, ո­րոնք կ՚աշ­խա­տակ­ցին Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան եւ Հան­րա­յին ռա­տիո­յին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ կա­յա­ցած աշ­խա­տան­քա­յին հեր­թա­կան խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ՝ քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան յանձ­նա­րա­րած է քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ­ներ Ա­րամ Սու­քիա­սեա­նի եւ Դա­ւիթ Օ­հա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ստեղ­ծել աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ սեղմ ժամ­կէ­տի մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հա­մա­պար­փակ ծրա­գիր: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կատ­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Դա­ւիթ եւ Նաթա­լի Գա­զան­ճեան ա­մո­լը։ Հարկ է նշել, որ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով Հա­յաս­տան փո­խադ­րուած են Գա­զան­ճեան­նե­րը, ո­րոնց եր­կու որ­դի­նե­րը ծա­ռա­յու­թեան կո­չուած են Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն մօտ։ Սու­րիա­հայ այս ըն­տա­նի­քի զա­ւակ­նե­րուն հա­յոց բա­նա­կէն ներս ծա­ռա­յու­թեան անց­նի­լը վեր­ջին օ­րե­րուն ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016

Հայաստանի մէջ քննարկման առարկայ է արեւմտահայերէնի դպրոցներէ ներս ուսուցման խնդիրը:
Սփիւռքի փոխ-նախարար Սրապիոնեանի խօսքով, խառն ամուսնութիւններու հարցը դարձած է մարտահրաւէր:

Էջեր