Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ար­ձա­գան­գեց օր մը ա­ռաջ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը «Պար­տադիր լու­սա­բա­նու­թիւն մը» խո­րագրեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է վեր­ջին հինգ-վեց ա­միս­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք պատուոյ հիւրն էր «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կ՚ա­պա­կա­նենք օ­դը եւ յե­տոյ՝ ա­հա­զան­գը կը սկսի, ո՛չ միայն օ­դը ան­շուշտ: Շար­քը եր­կար է: Բայց յայ­տա­րա­րուած­նե­րը՝ սա­կաւ:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ Կի­րա­կի պի­տի ժա­մա­նէ Իս­թան­պուլ։ 
Ինչ­պէս ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, նա­խըն­թաց օր ա­ռա­ւօ­տեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին յայ­տա­րա­րած էր, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հաս­նի Իս­թան­պուլ եւ իր ժա­ման­ման հա­ւա­նա­կան օրն է՝ Ուր­բաթ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ըն­թաց­քին ե­ղած են կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­ներ, ո­րոնց լոյ­սին տակ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի ժա­ման­ման օ­րը ճշդո­ւած է՝ որ­պէս Կի­րա­կի։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Հայր Զա­քա­րիա Բա­ղու­մեան վեր­ջերս ար­ժա­նա­ցաւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նին։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր թե­զի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ այդ փու­լը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լէ վերջ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի տասն աս­տի­ճան­նե­րը ի­րեն շնոր­հուե­ցան Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ձե­ռամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեա­նի։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայ­կա­կան գի­տա­կան աշ­խար­հը վեր­ջին օ­րե­րուն ու­նե­ցաւ ծանր կո­րուստ մը. ոչ եւս է ա­կա­դե­մի­կոս Վլա­տի­միր Բար­խու­դա­րեան։ 90 տա­րե­կան հա­սա­կին վախ­ճա­նե­ցաւ ա­կա­նա­ւոր պատ­մա­բան Փրոֆ. Վլա­տի­միր Բար­խու­դա­րեան, ո­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Իր կեն­սագ­րու­թիւ­նը դժուար թէ կա­րե­լի ըլ­լայ ամ­փո­փել սահ­մա­նա­փակ սիւ­նա­կի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ե­րե­ւան ե­րաժշ­տա­կան շքեղ տօ­նի մը մէջ է. Մարտ 26-ին մեկ­նար­կած է եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նը, որ Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն փա­ռա­տօն­նե­րէն մին է: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ այ­ցե­լեց «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նի գրա­սե­նեա­կը, ուր ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­չա­կան մարմ­նի ե­րի­տա­սարդ ու գոր­ծու­նեայ աշ­խա­տա­կից­նե­րը մե­զի տրա­մադ­րե­ցին տե­ղե­կու­թիւն­ներ այս տա­րուան ծրագ­րին եւ փա­ռա­տօ­նին մա­սին:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յով­հան Ման­դա­կու­նի Հայ­րա­պետ ապ­րած եւ գոր­ծած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 420-490 թուա­կան­նե­րուն։ Ան ե­ղած է «կրտսեր թարգ­մա­նիչ»նե­րէն՝ որ­պէս ար­ժա­նա­ւոր ա­շա­կերտ Ս. Սա­հակ Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի յա­ջոր­դած սե­րուն­դին։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղա­կար­գին հա­մա­ձայն, տա­րուան ըն­թաց­քին ո­րոշ տօ­նե­րու եւ սուր­բե­րու յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րու օ­րե­րուն կը կա­տա­րուին ջու­րի, ձէ­թի, կա­րա­գի եւ խա­ղո­ղի օրհ­նու­թեան կար­գեր: Նշեալ կար­գե­րէն՝ ձէ­թի օրհ­նու­թեան կար­գը ա­մէն տա­րի տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ս. Քա­ռա­սուն մա­նուկ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը, որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ Մեծ պահ­քի հին­գե­րորդ՝ Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կիին նա­խոր­դող Շա­բաթ օ­րը:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է հա­յե­րէն նոր գիրք մը։ Սա Զա­ւէն Պի­պե­ռեա­նի գործն է, որ կը կո­չուի «Ան­կու­տի սի­րա­հար­ներ»։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

«Հայաստանի ներդրողներու ակումբ» պայմանագրային նորաստեղծ ֆոնտը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շարժման կ՚անցընէ ռուսահայ գործարարներու ներուժը:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

ԵԱՏՄ-ի երկիրներու կապի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի նախարարներուն առաջին հանդիպումը:
Երեւանի ժողովին մասնակիցները հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ այցելեցին Երեւան, իսկ այսօր շփումներ կ՚ունենան Արցախի ղեկավարութեան հետ:
Ըստ Ռիչըրտ Հակլընտի, սեղանի վրայ կը գտնուին խելամիտ առաջարկներ եւ երեք մասէ բաղկացեալ ծրագիր մը մշակուած է հակամարտութեան լուծման համար:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Վա­ղը Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Մոս­կուա, ուր պի­տի տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի ճգնա­ժա­մա­յին կա­ցու­թիւ­նը թէեւ յաղ­թա­հա­րուած է, սա­կայն ա­նոնց օ­րա­կար­գը միշտ կը մնայ ծան­րա­բեռ­նուած։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան գու­մա­րուե­ցաւ Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին ընտ­րուե­ցաւ նոր վար­չու­թիւն։ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ մար­զա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Չո­պա­նօղ­լու» փո­ղո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ղա­զա­խիս­տա­նի ընտ­րա­նին։ «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պու­մը, ո­րու ա­ւար­տին Հա­յաս­տան յաղ­թա­նակ տօ­նեց 2-0 ար­դիւն­քով։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ծի­ծեռ­նակ» ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը։ Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին մրցա­նա­կի մը ար­ժա­նա­ցաւ նաեւ պոլ­սա­հայ մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ, որ ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017

Մե­րազն հա­մայն­քի սի­րե­ցեալ զա­ւակ­ներ,
Հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քէն ներս վերս­տին կը դի­մագ­րա­ւենք դժուա­րու­թիւն­ներ։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ա­լե­կո­ծում­նե­րուն վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն նոր ե­րե­սակ­ներ ա­ւել­ցան՝ Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի կող­մէ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան փու­լին։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին tert.am կայ­քէ­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի առ­կայ խնդիր­նե­րու լոյ­սին տակ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ բաց նա­մակ մը ու­ղար­կած էր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան եւ իր կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եւս կազ­մա­կեր­պուած է «Յա­ւեր­ժու­թիւն» խո­րագ­րեալ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին պա­րի մրցոյ­թը։ Այս տա­րի երկ­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած է Է­սաեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Էջեր