Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան աշակերտներու ուղղեալ յաջորդական շահեկան բանախօսութիւններ: Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուղեցոյց կեդրոնի կարգադրութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցէն երկու մասնագէտներ տղոց հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեցին արբունքի շրջանի մասին:
Համաշխարհային թատրոնի օրը նախընթաց օր մասնաւոր ձեռնարկով մը նշուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ։ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ «Կեանքի մէջէն դրուագներ» խորագրեալ ծրագիր մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով եւ այլ ելոյթներով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն (ատենապետուհի) ու Թանիա Պալճըն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած է քէրմէս մը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտի ցերեկոյթը։ Այս տարի հրաժեշտի արարողութիւնը սովորականէն աւելի վաղ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ ընթացաւարտները պիտի վերադառնան Հայաստան՝ պատրաստուելու եւ մասնակցելու համար աւարտական քննութիւններուն։
Թոմաս Տը Վաալ. «Ապագային չեմ կարծեր, թէ Լեռնային Ղարաբաղ մաս կազմէ Ատրպէյճանին»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ իրենց այցի լոյսին տակ:
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Թուրքիա այսօր Ռեքս Թիլըրսընը կը հիւրընկալէ՝ տարածքաշրջանային խնդիրներու ծանրաբեռնուած օրակարգով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փետրուարի վերջին օրերուն պաղեստինեան Կազզէ արձակուած հրթիռը նոր լարուածութեան դուռ կը բանար հակամարտող կողմերուն միջեւ:
Քանի մը ամիսէն իսրայէլեան բանակին եւ Կազզէի պաղեստինեան ջոկատներուն միջեւ «լայնածաւալ» գործողութիւններէն անցած պիտի ըլլան երեք տարիներ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տարիներու ընթացքին զարգացան ձեռագործի տեսակները, աւանդականներուն վրայ աւելցան նորերը, այս խանութներն ալ քայլ կը պահէին նորարարութեան հետ ու կը զարգացնէին իրենց ապրանքներու տեսականին՝ հլուններու տեսակներով, նորորակ թելերով, ասեղներով, միլերով, կերպասներով հարստացուցած էին խանութներուն ապրանքանին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն ոչ միայն Երեւանի փողոցներուն, այլեւ Մեղրիէն Երեւան տանող ճանապարհներուն վրայ յայտնուած են երկլեզու ցուցապաստառներ, որոնք նախ հայերէնով, ապա պարսկերէնով կ՚ողջունեն Հայաստան ժամանած եւ յառաջիկայ օրերուն մեր երկիրը գալու պատրաստուող հազարաւոր իրանցիները: Երեւանի կեդրոնը տեղադրուած պաստառներէն մին կը շնորհաւորէ Նեւրուզը՝ իսլամական Նոր տարուան ու բնութեան զարթօնքի տօնը, որ իրանցիները, քիւրտերը եւ այլ ժողովուրդներ մեծ շուքով կը նշեն, սպասելով այդ տօնին ամբողջ տարի մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած որ ստեղծեց քեզ առանց քեզի, չուզե՛ց փրկել քեզ առանց քեզի», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։
Աւետարանը, մեղաւորներուն հանդէպ Աստուծոյ ողորմութեան յայտնութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորմամբ։ Ան այս մասին յայտնեց ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առթիւ Պաքու ուղարկած նամակին մէջ։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ արձագանգեց օր մը առաջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ Պատրիարքարանէն հրապարակուած զեկոյցին։ Նորին Սրբազնութիւնը «Պարտադիր լուսաբանութիւն մը» խորագրեալ յայտարարութեան մէջ ներկայացուցած է վերջին հինգ-վեց ամիսներու իրադարձութիւնները։
ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք պատուոյ հիւրն էր «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կ՚ապականենք օդը եւ յետոյ՝ ահազանգը կը սկսի, ո՛չ միայն օդը անշուշտ: Շարքը երկար է: Բայց յայտարարուածները՝ սակաւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն տեսակ պարգեւ իսկական արժէք կը ներկայացնեն երբ տեւական են, անոնց տպաւորութիւնը որքան երկար տեւէ ա՛յնքան արժէք կը ստանան անոնք։ Եւ այս իրողութիւնը ի զօրու է բոլոր պարգեւներու համար՝ աշխարհային-նիւթական եւ հոգեւոր պարգեւներու համար՝ որոնք կը տրուին որեւէ կերպով մարդուն։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Կոմիտասի ուսումնարան-թանգարանին մէջ իրականացուց Դասական երաժշտութեան բնագաւառի «Երգեցողութիւն» եւ «Գործիքային կատարում» անուանակարգերու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի երիտասարդական մրցանակներու ընտրական եւ եզրափակիչ փուլերու մրցոյթ-համերգները:
Անցնող Յունուարին «Նոազ Արք» ցուցասրահը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ «Արթ սթէյճ Սինկափուր» միջազգային ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուց հոյլ մը գեղանկարիչներու (Եուրոզի, Վահրամ Դաւթեանի, Ռուբէն Աբովեանի ու Սուրէն Ոսկանեանի) վաթսունէ աւելի ստեղծագործութիւնները, որոնք ինչպէս միշտ եւ ամէնուրեք արժանացան ջերմ ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքներու:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու հրամանատարութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ամերիկեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց այդ հրամանատարութեան ծրագրաւորման եւ քաղաքականութեան տնօրէնութեան փոխ-տնօրէն զօրավար Տաուն Տեսքինզ։
Մոկերինի. «ԵՄ բազմաթիւ հարցերու մէջ կրնայ զբաղեցնել Ուաշինկթընի դերը»:
Մերքէլ. «Տեսակէտներու միասնականութիւն պէտք է ապահովել արտաքին քաղաքականութեան շուրջ»: