Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Արժանթին։ Բացի տեղւոյն հայութեան հետ բազմակողմանի շփումներ ունենալէ, Պուէնոս Այրէսի մէջ ան տեսակցեցաւ Արժանթինի Մարդու իրաւանց ու մշակութային բազմազանութեան պետական քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխի հետ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ԵՆԺ-ին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած քառօրեայ 6-րդ նստաշրջանը եզրափակուեցաւ՝ կարեւոր աշխատանք ծաւալած ըլլալով Հայ եկեղեցւոյ առկայ վարչական խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին:

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի, պէտք է յաղթահարուին այն փոքր, սակայն լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շրջանաւարտութեան հանդէսը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօզկիւլ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ հիւրեր, ծնողներ, հաստատութեան համակիրներ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

​2016-2017 կրթական շրջանի վերջին շաբաթը Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կազմակերպուած երգի եւ պարի երեկոյթը առանձնացաւ՝ թէ՛ իր ճոխ յայտագրով եւ թէ աշակերտներու կողմէ տարուած ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արդիւնքով։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

​Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Այսպէս, վարժարանի լիսէի բաժնի թատրոնի խմբակը ներկայացուց «Ահ շու կենչլէր» զաւեշտը, որու հեղինակն է Թուրկուտ Էօզաքման։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

2016-17 դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասած ըլլալով, շրջանաւարտից դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսները ամէնուրեք են։ 

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազատութիւնը բանաւորութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ մարդ ազա՛տ է, քանի որ ան բանաւոր էակ մըն է, օժտուած է՝ իր իսկ որոշումներով ընթացք տալու կեանքին եւ իր կեանքը վարելու կարողութեամբ, օժտուած է իր իսկ ճակատագիրը ծրագրելու զօրութեամբ։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդը «մա՛րդ» ընող, իր արժանապատուութիւնը պահպանող կարեւոր ազդակ մըն է ասիկա։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ միտքով եւ հոգիով՝ մտածումներով եւ զգացումներով անկա՛խ ըլլալ։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի քառօրեայ նստաշրջանը պիտի եզրափակուի վաղը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն:

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Մարգրիտ Աւագեանի եւ Նոնա Յարութիւնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին խմբերգներ, պարեր ու մանաւանդ հիանալի արտասանութիւններ։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

​«Փարոս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական գիրք մը, որով ներկայացուած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Գիրքի հեղինակն է Պերճուհի Պէրպէրեան։ Երէկ, Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որուն մասնակցութիւն բերին թրքական շարժանկարի աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

​Երէկ Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Էսֆեսթ» փառատօնը, որ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային միւս լիսէներու աշակերտութիւններէն ներկայացուցիչներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան փոխ-նախագահը Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ խորհրդածելով այժմէական զանազան նիւթերու շուրջ:
Յովսէփ Նալպանտեան. «Ո՞րն է ոգիով հայը, ուրեմն բոլորս օտար լեզուներով խօսելով հայ պիտի մնանք, լեզուն ի՞նչ մեղք ունի»:

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Որ­քան բարդ է մարդ ա­րա­րա­ծը, միշտ փո­փո­խա­կան ու ան­հասկ­նա­լի: Փո­փո­խու­թիւ­նը կեան­քի պայ­ման է կար­ծես, ա­մէն օր նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, նոր դէմ­քե­րու հետ հան­դի­պում­ներ, կար­ծիք­նե­րու բա­խում­ներ ու միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան, ո­րոնք կը կո­փեն, կը յղկեն մար­դը, փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով կը հարս­տաց­նեն ա­նոր միտ­քը ու ան գա­լի­քը ա­ւե­լի սթափ աչ­քե­րով կը սկսի դի­տել՝ «Մար­դը այ­սօր այն չէ, ինչ որ էր ե­րէկ», կ՚ը­սէր դա­սա­տուս տա­րի­ներ ա­ռաջ, մի­թէ սա հա­մա­կեր­պու­մը չէ՞, որ կը ստի­պէ քեզ այ­սօր չըլ­լալ ե­րէ­կուա­նը, հետզ­հե­տէ փո­խուիլ, ա­ռանց նոյ­նիսկ դուն քեզ ներ­քուստ նկա­տե­լու, քա­նի որ ար­տա­քինդ ար­դէն իսկ կ՚ա­ճի վայր­կեան­նե­րու, ժա­մե­րու, օ­րե­րու, տա­րի­նե­րու սա­հան­քով, կնճիռ­նե­րով ու սպի­տակ մա­զե­րով զար­դեր կը հիւ­սէ մարմ­նիդ վրայ:

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս կը հարցուի, թէ՝ ի՞նչ տարբերութիւն կայ «մատուռ»ի եւ «եկեղեցի»ի միջեւ։ Այս երկուքին մասին Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ.

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւններուն զուգահեռ՝ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշեց իր զօրքերը դուրս բերել Թուրքիայէն։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին գերմանական զօրքերը պիտի հեռանան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ու պիտի տեղակայուին Յորդանանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

«Քարնեկի» հիմնարկը զեկոյց մը պատրաստած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ:
ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը տակաւին պէտք է ձեւակերպէ իր քաղաքականութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի պարագային:

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Թոմ Քաթինան այն բժիշկն է, որ Նիւ Եորք քաղաքի հանգիստ պայմանները թողլով կը մեկնէր Սուտան, մարդասիրական առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Ամերիկացի բժիշկը իր աշխատանքը կը ծաւալէր «Մայր գթութեան» անունը կրող հիւանդանոցին մէջ, որ կը պարփակէ անկողին եւ որ միակն է շրջանին մէջ:

Էջեր