Արխիւ
Շիշլի գաւառակը եւ Տիարպաքըրի Չընար գաւառակը, որոնք դարձած են քոյր գաւառակներ, կեանքի կը կոչեն զանազան ընկերակրթական ծրագրեր։ Այս շարքին մէջ էր «Արեւմուտքէն դէպի արեւելք պարզուած եղբայրութեան ձեռքը» խորագրեալ նախագիծը։
Գալֆաեան Տան սաները անցեալ ամիս զանազան մշակութային ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Այս ծիրին մէջ անոնց տեսակէտէ շատ հետաքրքրական էր «Փորթագալ» գեղարուեստի տուն տրուած այցելութիւնը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան տարեվերջի խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժնի աշակերտներուն համար նախատեսուած էին այս հանդիսութիւնները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներուն համար նախընթաց օր մասնաւոր հանդէս մը կազմակերպուեցաւ՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին թաղի պատուոյ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, դպրոցի զօրակից մեր ազգայիններէն Վազգէն Վարդանօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, ծնողաց միութեան անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Տարրական կրթութեան առաջին փուլը աւարտած աշակերտները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մանկարանի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան սկիզբին մանկարանի առաջին երկու դասարաններու տղոց հանդէսը տեղի ունեցաւ, իսկ երեկոյեան՝ մանկապարտէզի վերջին դասարանի սաները ստացան իրենց վկայականները։
Այս առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ քննարկուեցան պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման եւ յառաջիկային որդեգրուելիք ընթացքի շուրջ հարցեր։
«Այն աշխատանքը, որ կը գտնուի մեր առջեւ՝ շատ է։ Մեզի կը սպասեն բարելաւելու շատ գործեր ու սիրաշահելու բազմաթիւ սրտեր։ Աստուծոյ օգնութեամբ ու ձեր աղօթքներով պիտի կարենանք յաջողիլ ամպայման։ Հաւատքով ու յամառ կեցուածքով պիտի դիմագրաւենք դժուարութիւնները։
Մենք այս օրը կարողացանք շահիլ մեր ժողովուրդի անսասան կամքով։ Ինձ նման դուք ալ երբեք մի՛ մոռնաք այս ճշմարտութիւնը։ Իմ ներկայ պարտականութիւնն է աւանդութիւններու համաձայն պատրաստել պատրիարքական ընտրութիւնները։ Տէրը օրհնէ ձեզ, լսէ մեր բոլորին աղօթքները»։
Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան Ա. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ուխտը կատարելով ստանձնեց տեղապահի պաշտօնը եւ իր առաջին պատգամը տուաւ ժողովուրդին։
Նորին Սրբազնութեան ժամանումը անկիւնադարձային պահ մը կը համարուի Պատրիարքական Աթոռը այլեւս նոր գահակալով մը օժտելու ճանապարհին՝ շուրջ ինն տարուան սպասումէ մը վերջ։
Մարտակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, կեդրոնի բակին մէջ, ցուցադրած են իրենց պատրաստած աշխատանքները:
«Սիսթըմ օֆ է տաուն» խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան նախաձեռնած է գծապատկերի գիրքերու նուիրուած իր երկրորդ խանութի «Թորփիտօ քոմիքս»ի բացումին, Լաս Վեկասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին Թրքական օդային ընկերութեան սաւառնակով Քէօլնէն հասաւ Իսթանպուլ։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը օդանաւին իսկ մօտ դիմաւորուեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի՝ որպէս տեղապահ Աթոռանիսկ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ երէկ փոխանցած պատգամը։
Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ։ Մեր ժողովուրդը վերջապէս ձայնը բարձրացուց եւ լսելի դարձուց։
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Եթէ դուն Հալէպի փողոցները իջնես այս ամիս, անկարելի է, որ կապոյտը չտեսնես: Կիներն ու աղջիկները կապտաւուն կը դառնան մայիսին: Եկեղեցին ալ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս ամսուան ու կը նուիրաբերէ Աստուածածինին:
Լոռիի մարզի Օձուն գիւղի Զ. դարու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը նախատեսուած է աւարտել Հոկտեմբերի 5-ին: Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Օձունի հոգեւոր հովիւ Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան նշեց, որ աշխատանքները պատշաճ կարգով եւ որակեալ կ՚իրականացուին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ հաճելի են, մարդուս երջանկութեան զգացումներ կը պատճառեն, թէեւ ժամանակաւոր, բայց գոնէ ատեն մը մարդ կը գոհանայ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ Այդ պահերը, ընդհանրապէս պատահական են, նախապէս պատրաստուած, աշխատանքի մը արդիւնք չեն, այլ կու գան մեղմ ու հաճելի զեփիւռի նման։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս խումբ մը աշակերտներու կողմէ ստեղծուած լուսանկարչական խմբակը վերջերս կազմակերպեց ցուցահանդէս մը։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Նորընտիր վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Այսօր Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925 թուականին՝ Ժընեւի մէջ երախաներու պաշտպանութեան համար հը-րաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ կրթօճախէն ներս։ Յայտագրի սկիզբին մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Մուհթարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։
Türkiye Ermeni toplumu, uzun ve çalkantılı bir süreç sonrasında, patriklik seçimi sorununda bir kırılma noktasına varmıştır. Cemaat olarak bugün Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan'ı karşılamaktayız. Hepimiz açısından yorucu bir dönem sonrasında, artık patrik seçimine odaklanabileceğimiz umudu ve beklentisindeyiz.