Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Գիտաժողովներու ընթացքին ներկայացուած հետազօտութիւնները ունին բարձր արժէք:
Մատենադարանի հաւաքոյթները կը հետաքրքրեն աստուածաբաններն ու պատմաբանները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

«Հայփոստ»ի կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթերը Երեւանի մէջ կնքուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
«Աշխարհահռչակ հայեր. Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը» նիւթին ձօնուած հինգ նամականիշ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները տեսակցեցան՝ քննարկելով տարածքաշրջանի կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին համակարծիք են, թէ ստեղծուած է գետին մը՝ Սուրիայէ ներս քաղաքական լուծման վրայ կեդրոնանալու համար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կազմերը արդէն բուռն պայքարի մը մէջ ներգրաւուած են ներկայ եղանակին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին կը բանայ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ ու կը համագործակցի նաեւ համայնքային մամուլին հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալէնտէրն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը անցեալ տարի հանդիսացած էր այս մրցաշարքին առաջինը՝ այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալը կը հանդիսանան գարակէօզեանցիները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Քա­րա­սուի գա­ւա­ռա­պետ Ա­զիզ Մեր­ճա­նին։ 
Քա­րա­սուն Սեւ ծո­վու ա­փին Սա­քա­րիա քա­ղա­քի գա­ւա­ռակ­նե­րէն մին է, ա­մա­րա­նո­ցի յայտ­նի շրջան մը եւ ա­նոր բնակ­չու­թիւ­նը ար­ձա­կուր­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն կը հաս­նի կէս մի­լիո­նի սահ­մա­նին։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երիտասարդ ազգագրագէտ, աշխատութիւններու հեղինակ Խորէն Գրիգորեան, տարիներէ ի վէր ոչ միայն կը զբաղի հայկական աւանդական խոհանոցի ուսումնասիրութեամբ եւ տարածմամբ, այլեւ մասնաւորապէս կ՚ուսումնասիրէ ուտեստեղէնը՝ հայկական ձեռագիրներուն մէջ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժի­նը վեր­ջերս նոր գիրք մը լոյս ըն­ծա­յեց՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ եւ «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ։ Թով­մա Մե­ծո­փե­ցիի «Յի­շա­տա­կա­րան»ն է այս մէ­կը։ Բնագ­րին զու­գա­դիր՝ գոր­ծը կը բո­վան­դա­կէ գրա­բար եւ աշ­խար­հա­բար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը այսօր Սոչիի մէջ կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Թէեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենատարբեր ղեկավարները ըլլալով ցոյց կը տրուին Ճոն Քենետի եւ Ապրահամ Լինքոլն, սակայն ներկայիս յաճախ կը խօսուի անոնց նմանութիւններուն մասին։ Արդեօք զուգադիպութի՞ւն է անոնց այսքան նմանութիւնը։ Այս պարագան տակաւին անծանօթ է։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին օրակարգի վրայ է իրենց նման եզրերը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկար տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի Թեմէն ներս ծառայող Տ Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան ծնած է Սուրիոյ Արաբունար, որ որոշ ժամանակի մը համար եղած է հայկական աւան: Տէր հօր Սուրիոյ հանդէպ ունեցած սէրը, կարօտը եւ վաղ պատանեկութեան տպաւորութիւններն ու հոնկէ ստացած հոգեւոր սնունդը կ՚արտացոլան իր համացանցային գրառումներուն մէջ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դատարանը գերազանցապէս շահեկան եւ հրահանգիչ վայր մըն է։ Հո՛ն է ընկերային աշխարհը իր բոլոր հարցերով եւ ցաւերով, իր արկածներով եւ բազմատեսակ երեւոյթներով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանը եւ գործակից ընկերները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

​Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Հայերէնի արժէքաւոր ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի եւ դասարանի ուսուցչուհիներու մականին ներքեւ պատրաստուած էր հանդիսութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճաւաք վերջերս այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։

Էջեր