Արխիւ
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիսի կողմէ նախընթաց օր ստացանք շնորհակալութեան նամակ մը։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին հասցէագրուած այս նամակը ունի շնորհակալագրի մը բնոյթը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սերունդներ կու գան ու կ՚երթան,
երբեմն անհետք,
երբեմն բարի,
երբեմն ալ չար յիշատակներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս երկխօսութիւնը կը շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
TRT-ի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին տեսագրութեան համար:
Յոբելեանի առթիւ հարցազրոյց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Աֆրին եւ Մենպիչէն սկսեալ Սուրիոյ ահաբեկչական լծակները պիտի ցրենք»:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ տեղի կ՚ունենան շփումներ, փոխանցուած պատգամները վերջնականօրէն ժխտական չեն, սակայն յստակութիւն չկայ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան այսօրուան ժողովներուն ընթացքին կը ճշդուին Թուրքիոյ՝ ներկայ փուլի առաջնահերթութիւնները:
Հեղինակ՝ ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Կը ներկայացնէ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին բազմավաստակ ծառայութեան պտղաբեր արդիւնաւորութիւնը անուրանալիօրէն անջնջելի եւ սրբադրոշմ կնիքով լուսաւորեց Հայ Եկեղեցին՝ հարստացնելով անոր հոգեմտաւոր գանձարանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առաջաւորաց պահք»ը կը հաշուուի Զատկին հետ համեմատելով եւ անոր հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունենալով՝ Յունուար 11-էն մինչեւ Փետրուար 15։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ոգեկոչեց անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանը։ Հայ մշակոյթի այս մեծ նուիրեալը վերյիշուեցաւ՝ մասնակցութեամբ իր անուանակից թոռան։
Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վարժարաններու սաները վերջին օրերուն այցելեցին մայրաքաղաք:
Զէքիեան Գերապայծառին կողմէ գլխաւորուած խումբը Անգարայի մէջ ունեցաւ անմոռանալի տպաւորութիւններ:
Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի Լիւպէք քաղաքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւնը փոթորիկի պատճառով յայտնուած է Գանատայի տարածքին մէջ:
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութներու ցանցը եւ Արարատեան Հայրապետական թեմը Սիրահարներու տօնին ընդառաջ նախաձեռնած են «Իմ գաղտնի գրքասէր. սիրոյ խոստովանութիւն գիրքով» միջոցառման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Անկարողութիւն» բառը այս յօդուածին մէջ, ինչպէս անգլերէն թարգմանութիւնը կը բացայայտէ, կ՚ակնարկէ մարմնական թերակատարութեան եւ ոչ թէ մտային կամ մասնագիտական անկարողութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուար 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ իր հանճարեղ զաւակներէն Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 94-ամեակը։ Շարժանկարի արոոեստին բանաստեղծականութիւնն ու խորհրդապաշտութիւնը Փարաճանով մարդկութեան մատուցեց ամենայն գեղեցկութեամբ ու կենսայորդ տեսարաններով։
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հնարաւոր չէ մէկ փաստաթուղթով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ անհրաժեշտ է փուլային մօտեցում։
Գերմանիոյ հայոց թեմի թեմական խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը կը փոխարինէ Տ. Սերովբէ Ծ. Վարդապետ Իսախանեան:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Աֆրինի գործողութիւնները կրնան սկսիլ ամէն պահ»:
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները անխուսափելի եւ անհեռանկար լարուածութեան մը ծնունդ տուած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու պիտի տեսակցի Թիլըրսընի, իսկ զօրավար Հուլուսի Աքար՝ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ հերթի փոխանցման հաւաքոյթ։
Ոչ-իսլամ համայնքներու աշխարհական ղեկավարները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ողջունեցին նոր շրջանն ու նոր դէմքը փրոֆ. Թորոս Ալճան արարողութեան ընթացքին ամենայն թափանցիկութեամբ բոլոր փաստաթուղթերն ու տուեալները պաշտօնապէս յանձնեց իր յաջորդին, որու բերնէն հնչեցին ուիլիըմ սարոյեանէ մէջբերումներ։
Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ հեղինակաւոր հաշուապահ Մուրատ Պէրպէրօղլուին, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին յանձնառութեամբ աշխատանք տարաւ կամաւոր։