Արխիւ

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017

Պարսելոնայի «Քաթալոնիա» հրապարակին վրայ մեծ հանրահաւաք՝ ԻՇԻՊ-ի կատարած յարձակման դէմ:
Սպանիոյ Վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ. «Եւրոպայի գլխաւոր խնդիրն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երջանկաբեր ու յաջողակ կեանք մը ապրելու բուռն ցանկութիւնը ստէպ մարդուս նպատակակէտը ու թիրախը դարձած է: Չկայ արարած մը, որ չուզէ իր համակ կեանքը երջանիկ ապրիլ, ուրախութեամբ անցընել ամէն մէկ քայլափոխ՝ ինքզինք հեռու պահելով տրտմաթախիծ պատահարներէ ու տխրութիւն պատճառող դէպքերէ: Սա բնական երեւոյթ մըն է:

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիական տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար յստակ ու երեւելի է, որ տակաւին մօտիկ անցեալին պատերազմական թէժ ճակատներ հանդիսացած տասնեակ շրջաններ սկսած են համաձայնութեան թատերաբեմ դառնալ: Երկրին մէջ օր ըստ օրէ ընթլայնող այդ համաձայնութեան կէտերը Սուրիան կը դնեն նոր փուլի մը մէջ:

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Շուրջ 200 հոգի մասնակցեցաւ այս ընթրիքին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ ամէն առիթով կը խօսին «բարի»ին եւ «բարիք»ի մասին։ Բարի ըլլալու, բարիք գործելու հեռանկարը հաստատուած է բոլորին մէջ մանկութեան շրջանէն ի վեր. տունը ծնողքը կը պատուիրէ տղուն՝ բարի՛ ըլլալ, դպրոցը, դաստիարակը եւս կը հրամայէ աշակերտին «բարի» ըլլալ, կեանքի մէջ ալ միշտ կը գնահատուին «բարի» մարդիկ եւ անոնց «բարիք»ները կը խօսուին ամէնուրեք։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

Համայն աշխարհ քարացաւ երէկ Պարսելոնայէն հասած սահմռկեցուցիչ յարձակման լուրերով:
Ահաբեկչական դէպքին հետեւանքով 13 հոգի մահացաւ, նաեւ 100 վիրաւոր: Միջազգային ընտանիքը զօրակից:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մարդ միայն հա­ցով չ՚ապ­րիր, այլ բո­լոր այն խօս­քե­րով, որ Աս­տուած խօ­սած է» (ՄԱՏԹ. Դ 4)։
­Տես­նել մէ­կը՝ որ ա­նօ­թի է, ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ ան­հո­գու­թեամբ անց­նիլ ու եր­թա՞լ, թէ հո­գա­ծու­թիւն ցոյց տալ, կա­րե­լին ը­նել, մին­չեւ իսկ իր ու­նե­ցա­ծէն բա­ժին հա­նել ա­նոր, որ­պէս­զի ա­նօ­թի չմնայ ան, գո­նէ մի­ջո­ցի մը հա­մար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը յատուկ նշականակութիւն ունեցաւ յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն Իրաքի զանազան քաղաքներու մաքրագործումէն ու յատկապէս Մուսուլ քաղաքի ազատագրումէն ետք: Այդ հանգրուանին էր նաեւ, որ շուրջ հարիւր հայ ընտանիքներ գաղթականի կարգավիճակով կը հասնէին Հիւսիսային Իրաքի տարբեր քաղաքները. ինչպէս՝ Էրպիլ, Զախօ, Հաւրեսք եւ Աւզրուք:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

Աւստրալիոյ երեք քաղաքներ, Գանատայի երեք քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Նոր Զելանտայի, Ֆինլանտիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքները տեղ գտած են ապրելու համար 2017 թուականի աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու տասնամեակին մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

KARYYN բեմական անունով հանդէս եկող երաժիշտ Կարին Թաթոյեանի Moving Masses (Շարժող զանգուածներ) ստեղծագործութիւնը ճանչցուած է ելեկտրոնային ոճի մէջ լաւագոյնըի՝ ամերիկեան երաժշտական հեղինակաւոր «Փիչֆորք» (Pitchfork) առցանց ամսագրին կողմէ: Այս մասին, Asbarez.am-ին կը գրէ Նանէ Աւագեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքը աստիճանաբար կը վերականգնուի՝ անցնելով իր երբեմնի բնականոն հունը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

Ռումանիոյ Արճեշ նահանգին մէջ սկսաւ «Կարպատներ» միջազգային ազգագրական 34-րդ փառատօնը, որու բացումը տեղի ունեցած է նահանգի Փիթեշթ կեդրոնին մէջ, ապա շարունակուած՝ նահանգի այլ քաղաքներէն ու բնակավայրերէն ներս:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017

«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի տնօրէնը շեշտը կը դնէ Արցախի պահպանման հրամայականին վրայ:
Րաֆֆի Տուտագլեան. «Հայկական սփիւռքը արթուն է եւ իր միակ նպատակը պէտք է ըլլայ հզօրացնել Հայաստանը»:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

​Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց այժմ աւստրալաբնակ նախկին պոլսահայեր՝ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Քարաքաշեանը, Վարդան Սրկ. Էլմասեանը եւ տեղւոյն Վարչական խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Զօրլուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինս թափուր դարձած Աթոռին նոր գահակալի ընտրութեան համար հնաւանդ ընկալեալ կանոններուն զուգահեռ Նախարարաց Խորհուրդի 18.09.961 թուակիր ու 5/1654 համարաւ ընտրական որոշմնագրի ու Ներքին Գործոց Նախարարութեան 1990 ու 1998-ին կատարուած պատրիարքական ընտրութեանց  մասին կանոնագրութիւններու լոյսին տակ ձեռնարկած է ընտրութեան բաղկացուցիչ աշխատանքներուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

 Ներքին գործոց նախարարութեան ուղղեալ աղերսագիրը յղուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան:
Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը զեկոյց մը հրապարակելով տեղեակ պահեց հանրային կարծիքը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

Հայ բժիշկներու համաշխարհային վերջին համագումարի լոյսին տակ ուրուագծուած հեռանկարները:
Տքթ. Վարդան Թաշճեան. «Նոր գիտելիքներու լոյսին տակ քննարկումներ՝ մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով»:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փաթրաս տանող ճանապարհներէն կը նշմարուի Յունաստանի ամենէն նշանաւոր կամուրջներէն մին, որ նաեւ տեղ գտած է 21-րդ դարուն կառուցուած եօթ նշանաւոր կամուրջներու ցանկին մէջ: Հայ է անոր ճարտարապետը: Այս մասին կը յայտնեմ կամուրջին շատ մօտ գտնուող Ռիօ պանդոկի (ուր իջեւանած ենք) աշխատակազմին, կը զարմանան, միթէ՞ մեր նշանաւոր այս կամուրջին ճարտարապետը ձեր հայրենակիցն է:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Բարեկամուհիներով համախմբուած կը զրուցեն Աստղիկենց տան մէջ: Տարիներու մտերմութիւնը զիրենք հաւաքած է այս անգամ Երեւանի մէջ: Զուարթախոհ ու հումորով լի յուշեր կը թեւածեն, որոնք կը քաղցրանան ժպիտներով ու քահքահներով:

Էջեր