Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Անգարա ահազանգ կը հնչեցնէ Հիւսիսային Իրաքի մէջ այսօր կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէին դէմ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

Անապահով եւ հաշմանդամ երեխաներու ուսումնական եւ վերականգնման ժամանակակից կեդրոն մը:
Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեան ամոլի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիրը կ՚ընձեռէ լուրջ հնարաւորութիւններ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

22 Սեպտեմբերին, 222 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհի վրայ արշաւած Աղա Մոհամմէտ խան անունով ասպատակի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող պոկուեցաւ կեանքի թելը հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային գրականութեան անմահ մեծութիւններէն Սայաթ Նովայի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութիւնը ունի իր եղանակները եւ անոնցմէ մէկն է աշունը։ Եւ ինչպէս բնութիւնը ունի իր եղանակները, մարդիկ ալ իրենց կեանքի ընթացքին ունին իրենց յատուկ եղանակները ե՛ւ աշունը…։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սաղիամահայ բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանի նոր գրքին շնորհանդէսը։ «Այդ սերմը ես էի» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս տարի կատարեց ուշագրաւ պարգեւատրումներ եւ բարձր գնահատանքի արժանացուց բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Կարօ Փայլանը, կարեւորեց համահայկական օրակարգի խնդիրներուն նուիրման ուղղեալ համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տասն օրեր առաջ լիբանանցի հանրածանօթ բեմադրիչ Զիատ Տուայրի ձերբակալուեցաւ: Պէյրութի օդակայանին մէջ եղած ձերբակալումէն ետք ապահովական մարմիններ առգրաւեցին անոր երկու՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան անցագրերը եւ զինք առին կալանքի տակ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Գատիր Թոփպաշ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սարաչհանէի քաղաքապետարանին մէջ, երէկ ժամը 18.30-ին ան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն տեղեկացուց, որ կը լքէ իր պաշտօնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած հանրաքուէն սպառնալիք կը նկատէ իր  անվտանգութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Այդ տարածքները միային քիւրտերուն չեն պատկանիր»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը 152-րդ թատերաշրջանի բացումը կ՚ազդարարէ Սեպտեմբերի 23-ին՝ Վեպերի «Առնէտները» ներկայացմամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին բացատրութիւններ տուած են թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Լուտվիկ Յարութիւնեան եւ տնօրէն Տիգրան Վիրաբեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով:
Սարգսեան. «Համոզուած եմ, որ կարելի էր ընել աւելին, բայց մեր ընթացքը եղած է ճիշդ, այսօր ալ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Հանրապետութեան նախագար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման աշխատանքներուն առթիւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեայ յոբելեանին, կը սկսի Հոկտեմբերի 11-ին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբէն՝ աւելցնելով. «Ուղիղ երկու ամիս՝ մինչեւ Դեկտեմբերի 11-ը, դասական երաժշտութեան սիրահարները Խաչատրեանի միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս կ՚ունկնդրեն բազմաթիւ սիմֆոնիկ եւ քամերային համերգներու, որոնց ընթացքին կը հնչեն նաեւ առաջնաունկնդրութիւններ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազին՝ Սիւլէյմանիյէի պաշտօնատան մէջ։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդուս մէջ սէրը, ընդոծին զգացում մըն է, եւ հետզհետէ կ՚աճի եւ զօրանալով կը շարունակուի։ Սէրը Աստուծոյ գոյութեան մէկ ապացո՛յցն է մարդուս մէջ, եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Գրադարանիս մէջ տեղ գտած անլեզու բայց մշտաբարբառ ոսկեղնիկ գիրքեր զիս անդադրում կը կանչեն ըսելով. «Կարդա՛ մեզ։ Ըմբոշխնէ՛ մեր աստուածապարգեւ հայ լեզուն։ Հարստացո՛ւր հոգեիմացական աշխարհդ անանց արժէքներով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն՝ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
«Յովակիմ 1461» հիմնարկը աստիճանաբար դադրեցնել կը նախատեսէ՝ Պէյքոզի մասին գործարքներուն իր մասնակցութիւնը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Բարեւ Ենովք, ես Հայաստան կ՚իջնեմ: Յուսամ հոն կը հանդիպինք: Բաւական տուներ գտած եմ, ցոյց կու տամ քեզի. իմ տանս մօտ են, ընդարձակ տարածութիւններ ունին, կառոյցը փլատակ է, աւելի լաւ, գոնէ դուն կը նորոգես ուզածիդ պէս, OK՞:

Էջեր