Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շուտով իրադարձութեան մը կը սպասուի հայաստանեան թատերական կեանքին մէջ: Հայաստանի Հենրիկ Մալեանի անուան թատրոնէն ներս, առաջին անգամ կը ներկայացուի Յակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն արեւելեան» ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ատամնաբոյժն...նորէ՞ն» ներկայացումը՝ արեւմտահայերէնով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կաթիլ մը հպաւ:
Մեծ կաթիլ մ՚էր անձրեւի:
Որքան հաճելի հպում մ՚էր,
Խորհրդածութեամբ տաքցած գլխուս վրայ:
Հ. Յակոբեանի հեղինակութեամբ «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհի մէջ»:
«Հայոց պետականութիւնը պէտք է ապահովէ, որ ՄԱԿ հռչակագիր մը ընդունի սփիւռքներու մասին»:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը նպատակադրած է սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ՝ Սուրիայէ եւ Իրաքէ ներս ահաբեկչական կառոյցներուն հակազդելու համար։ Արաբական թերթի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով ըսաւ. «Բոլոր մակարդակներով Անգարայի եւ Թեհրանի հետ Մոսկուայի ամէնօրեայ համագործակցութիւնը կը վկայէ, թէ Թուրքիա եւ Իրան բուռն իմաստով հանգուցային դեր կը խաղան Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադրութեան կայունացման ուղղութեամբ»։
Արեւելեան գործընկերութեան Պրիւքսելի գագաթաժողովին ընդառաջ յանձնակատարը այցելեց Երեւան:
Հաան. «Մասնակից ըլլալով Եւրոասիական համարկման գործընթացին, Հայաստան միեւնոյն ժամանակ ընդլայնուած ու համապարփակ գործընկերութիւն կը հաստատէ Եւրոմիութեան հետ։ Սա է համաձայնագրի հիմնական գաղափարը»:
Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանային իրադրութիւնը կ՚արժեւորեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ
Զօրավար Հուլուսի Աքարի շփումներէն վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալուի Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ
Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նաեւ Ս. Գրոց միացեալ ընկերակցութեան հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ սա մշտական յանձնախումբի մը ժողովն էր, որու այս անգամուան աշխատանքը տեւեց երեք օր։ Քննարկումները կեդրոնացան Աստուածաշունչի թարգմանութեան ու տարածման կարելիութիւններուն վրայ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Դաւիթ Տամլա, Նուրհան Ճէմճէմ, ինչպէս նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ընթերցանութիւնը՝ ահա լաւագոյն ուսումը: Մեծ մարդոց մտքերուն հետեւիլը ամենահետաքրքրական գիտութիւնն է» (Բուշքին)։
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովի աշխատանքները աւարտելէ ետք ուզեցի դարձեալ այցելել Հայաստանի պատմական որոշ վայրեր: Տեսած էի Գառնին, Գեղարդը եւ Խոր Վիրապը, բայց բնականաբար կ՚արժէր զանոնք նորէն տեսնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ մամուլը ընկերային աշխարհին լո՛յսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին հերթական անգամ այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանը։ Այսպէս, եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին շփումներ պիտի ունենան հակամարտութեան տարածքաշրջանէ ներս
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառը վերջերս ստացաւ արժէքաւոր նուէր մը, որու շնորհիւ յատկանշական նմոյշով մը համալրուեցաւ, ճոխացաւ անոր հաւաքածոն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի Երաժիշտներու միութենէն ներս ի պահ դրուած Կոմիտասի Պոլսոյ բնակարանի (1911-1915) աշխատասենեակի մանրակերտը նուիրաբերուեցաւ թանգարան-կաճառին։
Թուրքիա այս առաւօտ մեծ ցաւ ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած լուրերով։ Այսպէս, Եիւքսէքօվայի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ կազմակերպուած պայթումին հետեւանքով 4 զինուոր նահատակուեցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հնդկաստանի հանդէպ մեր շատ յաճախ ունեցած ըմբռնումները իրաւացի չեն եւ կը պատկանին անցեալին: Կրթութիւն, բժշկութիւն, առողջապական ոլորտ, տնտեսութիւն, ջերմուժ, այլընտրանքային տնտեսութիւն, բանակ եւ տարբեր ոլորտներ այսօր հասած են բաւական բարձր մակարդակի: Ու այդ բոլորին շնորհիւ է նաեւ, որ միջազգային ընտանիքին անդամ Հնդկաստան աշխարհին կը ներկայանայ որպէս աճ ապրող երկիրներու կարգին առաջնակարգ դիրք գրաւողներէն:
Հոկտեմբերի 7-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ համաքաղաքային շաբաթօրեակ՝ «Էրեբունի-Երեւան 2799»ին ընդառաջ։
Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն ընդառաջ Երեւանի «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւնը եւ բնութիւնը. ուրարտական քաղաքները եւ բնական գիւղանկարը» խորագրով նոր ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Երեւանի քաղաքապետարանի, «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ ԻՔՕՄՕՍ-Հայաստան կազմակերպութեան համագործակցութեամբ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնի ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) փոխ-նախագահները՝ Քրիստինա Արիակա տը Պուքհոլս եւ Սանտրա Ժոլի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ ընդհանուր ընթացքը սխալ է։ Իւրաքանչիւր փուլը պէտք է համաձայնեցնել պետութեան հետ։ Սա չի նշանակեր, որ պետութիւնը պէտք է ըսէ եւ համայնքը պէտք է ընէ, բայց անհրաժեշտ է ընդհանուր երթը համաձայնեցնել, այլապէս գործերը կը մատնուին փակուղիի:
«Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պէտք չէ ներքաշել այսպիսի տեղական խնդիրներու մէջ։ Պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք միակ հարցումի մը վրայ. Պոլսոյ Աթոռը ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ իր նոր գահակալը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեսակէտէ ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՞ր թեկնածուն պիտի ընտրուի»:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի պատրաստութիւններուն ձեռնարկած է՝ պիւտճէի ծանր բաց մը հաւասարակշռելու առաջադրութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որով ազդարարուեցաւ տարեկան մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններու մեկնարկը։