Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր Պերլինի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընդառաջ Պինալի Եըլտըրըմ հարցազրոյց մը տուաւ ARD գերմանական հեռուստակայանին եւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ բացուի նոր էջ մը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Իսրայէլի խորհրդարանը երէկ մերժեց հայկական բանաձեւ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քնեսեթ նախապէս ալ մերժած էր հաւանութիւն տալ հայկական բանաձեւերու եւ 1915 թուականի դէպքերը որակել՝ որպէս ցեղասպանութիւն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերը միշտ կը դառնան ուշադրութեան առարկայ:
Լոս Անճելըսի նշանաւոր «Ապրիլ» գրատան երդիքին տակ բոլոր հատորները կը տրամադրուին գրասէրներու:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած լարուած կացութիւնը կը քննարկուի բոլոր երեսակներով ու հաւանական հետեւանքներով:
Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ, Նուրետտին Ճանիքլի եւ Ճէյմս Մաթիս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ խրախճանք մը։ Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարուան Բարեկենդանի խրախճանքն ալ տօնական մթնոլորտի առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Գուգարաց թեմի առաջնորդը՝  Պատրիարքարանի իրադարձութիւններուն շուրջ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան խստիւ կը քննադատէ Կրօնական ժողովի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ամերիկահայ համայնքի նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն Տքթ. Շէյտա Մելքոնեան վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք ու որպէս հոգեբան՝ մանաւանդ Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կը դասուի իր ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու շարքին։ Շէյտա Մելքոնեան ուսում ստացած է հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ եւ ներկայիս կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը՝ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնը։ Այս առթիւ երէկ երեկոյեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ ազդարարուեցաւ այս կարեւոր տօնը։ Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդեց նախատօնակը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի կարգը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ թողուց տեղապահի պաշտօնը, երէկ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ իրեն ողջերթ մաղթեցին խումբ մը համակիրներն ու Սուրբ Խաչ դպրեվանքի շրջանակներէն դէմքեր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ուշ գիշերին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այս  լուսաբանութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հիփոքրաթի ուխտեալ հետեւորդները այսօր կը սգան իրենց հանրածանօթ դասակիցներէն Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի անդարձ մեկնումը։ Հանրածանօթ մորթաբանը, իր ծով փորձառութեամբ եւ գիտութեամբ ծառայեց մարդկութեան, հաւատարիմ մնալով իր ուխտին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկնքի ու երկրի ստեղծումէն ետք, տակաւին բուսական ու կենդանական աշխարհը գոյութեան չեկած, Աստուծոյ առաջին արարքը կ՚ըլլայ մարդը ստեղծել։ Ադամամարդի ստեղծումէն ետք, Աստուած չ՚ուզեր մարդը լքել եդեմին մէջ, այլ կ՚ուզէ անոր օգնական արարածներ տալ։ Հետեւաբար, կնոջ ստեղծումէն առաջ կենդանիներ կը ստեղծէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մասնաւոր յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Պետրոս Շիրինօղլու. «Բոլորս դաս քաղենք Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններէն եւ իրարու դէմ չտրամադրուինք հաշուեյարդարի համար»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Աշխարհի մէջ գրեթէ ամէն երկրէ ներս կը տօնուի Սիրահարներու օրը։ Այս տօ­նին առ­թիւ մարդիկ կը գնեն զանազան նուէրներ, իրենց սիրած անձերուն նուի­րե­լու հա­մար։
Այս տա­րի ա­մե­րի­կա­ցի սպա­ռող­նե­րը Ս. Վա­լըն­թայ­նի օ­րուան առ­թիւ նուէր­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար ծախ­սե­րը ա­ւել­ցու­ցած են մին­չեւ մրցան­շա­յին մա­կար­դակ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահոց շրջանի ամենակարեւոր ապրումն է «զղջում»ը, որ հետեւա՛նքն է ներհայեցողութեան, ինքնաճանաչութեա՛ն։ Արդարեւ, այս շրջանը առիթ մըն է անդրադառնալու ամէն մէկը իր ներաշխարհին եւ հոն փնտռելու եւ գտնելու՝ այն ամէն ինչ որ կ՚արատաւորէ, կ՚ապականէ հոգին եւ արդէն պղտոր միտքը՝ աւելի եւս պղտորութեան եւ անորոշութեան կը մատնէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս ամբողջէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը երէկ հիւրընկալեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, միութեան նորընտիր վարչութիւնը վերջին շրջանին աշխոյժ թափով յառաջ կը տանի բազմակողմանի շփումներ համայնքային շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Սփիւռքի նախարարութիւն:
Կարէն Կարապետեան. «Լայն հնարաւորութիւններ կան՝ ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու համար մեր հայրենակիցները»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի շրջագծէն ներս պուլկար ղեկավարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Աշխարհահռչակ հանճարեղ մորթաբանին մահը խոր ցաւի եւ սուգի մատնեց մեր ամբողջ համայնքը:
Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի անշահախնդիր ծառայութիւնները կը վերյիշուին համատարած երախտագիտութեամբ:

Էջեր