Արխիւ
ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր զրոյցը երիտասարդութեան հետ՝ անհատապէս թէ հաւաքականօրէն, անպայմանօրէն պէտք է ներառէ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որպէսզի իրենց կեանքին վրայ խոր ազդեցութիւն ունենայ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս աշխարհը՝ որուն վրայ կ՚ապրինք, թանկագին միջավայր մըն է. հո՛ն, է որ մարդկային սերունդը կ՚արտայայտէ ինքզինք՝ իր սքանչելի կարողութիւններով, այդ աշխարհը պէտք է ըլլայ լուսաւոր, երջանկաբեր, որպէսզի միակողմանի չըլլայ մարդկային արտայայտութիւնը.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր օրերուն դիւրին է հանդիպիլ մարդոց, որոնք ստուգապէս մտահոգուած են հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ապագայով եւ նման մարդոց ներկայութիւնը մեր հասարակութեան մէջ գովելի է.
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու պոլսահայ կրթական համակարգէն երեք արժէքաւոր ներկայացուցիչ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր, Էսաեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհիներէն Սիպիլ Աւագօղլու եւ եւ երիտասարդ կրթական մշակներէն Դալար Նալճը։
Հայկական մարմնամարզական աշխարհը վերջին օրերուն հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ Երեւանի մարաթոնին։ Աշնան բարենպաստ եղանակի պայմաններուն ներքեւ կեանքի կոչուեցաւ այս մարզական ծրագիրը, որ արժանացաւ համատարած ուշադրութեան։
Սուրիոյ ներքին կայունութեան վերահաստատման ճանապարհին արձանագրուած վերիվայրումները միշտ կը յառաջացնեն մտահոգութիւն եւ օրակարգի վրայ կը զբաղեցնեն առաջանահերթութիւն։
Ֆրանսայի մէջ ներքին քաղաքական տագնապ մը կը խորանայ։ Այսպէս, վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւ հրաժարեցաւ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ նշանակուելէ ընդամէնը երեք շաբաթ վերջ։
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս շարունակուեցաւ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու՝ Պալեան բարեյիշատակ գերդաստանի անդամներու ոգեկոչման աւանդութիւնը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ եզակի հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքը տօնական տրամադրութեան մէջ համախմբեց զանազան սերունդներէ սաներ։
Երէկ, Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որ համախմբեց մեր համայնքի զանազան սերունդներէ բազմահարիւր ներկայացուցիչները։ Միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը կոչուած էր «Միասնութեան փառատօն», որու պատուոյ հիւրը եղաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ռումելիհիսարի վրայ։ Այժմ թէեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած, սակայն, պատմական աւանդութիւններով հարուստ այս թաղը կարեւոր ձեռքբերում մը ունեցած է՝ ատենապետ Օշին Փոլատի գլխաւորած թաղային խորհուրդի ջանքերով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) տնօրէններու խորհուրդի անդամներն ու բարերարները։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Heaven, I am in heaven»ն է այս շաբթուան մեր երգը։
Եթէ անցեալ շաբթուան «New York-New york»ը յարմար էր Թրամփի «այդ տղան» կոչած մեր ղեկավարին՝ Նիւ Եորքի թաղերուն մէջ ունեցած պտոյտներուն, ապա՝ «Heaven»ը միանգամայն ա՛յն կարգավիճակն է, որուն մէջ կը գտնուի, կ՚ուզէ կամ կը ձեւացնէ գտնուիլ մեր երկրին առաջնորդը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրականութեան մէջ կան ժանրեր, որոնք անցողիկ են՝ համակուած պահի թրթիռով, տրամադրութեամբ, իսկ կան ուրիշներ, որոնք կը վերածուին աւանդի, կ՚անցնին սերունդէ սերունդ ու կը դառնան պատմական ու մարդաբանական վկայութիւններ։ Յուշագրութիւնը այս երկրորդին կը պատկանի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ցաւ մը կայ, որ բառերով բացատրելը դժուար է։ Այդ ցաւը անուն մը ունի. կարօտ։
Կարօտը միայն բացակայութեան զգացում չէ։ Ան մոռցուած ժպիտ մըն է, որ տակաւին սրտիդ մէջ կ՚ապրի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՜վ իմ հայրերու Աստուած եւ Տէրդ ողորմութեան, դո՛ւն ես, որ քու խօսքովդ ստեղծեցիր բոլորը եւ քու իմաստութեամբդ ձեւաւորեցին մարդը՝ որ տիրէ քու ստեղծած արարածներունդ, սրբութեամբ եւ արդարութեամբ կառավարէ աշխարհը եւ ուղիղ հոգւով դատ ու դատաստան ընէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր օրերուն երգահանները ինչ ոճի եւ բնոյթի երգեր կը գրեն՝ այդքան ալ հետաքրքրուած չեմ, որովհետեւ անոնց ոռնոցը, «ջա՜ն ջա՜ն»երն ու իրարու քով փակցուած բառերը այնքան իմաստ ու արժէք չունին՝ ինչքան հին երգերը, որոնք երգ ըլլալէ բացի բարոյական դասեր, ընկերային կեանք ու մարդկային արժէքներ ունին փոխանցելիք:
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար խոչընդոտ մը չկայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ատրպէյճան։ Ան կը մասնակցի Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովին, որ Կեպելէի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ։
«Ուաշինկթընի համաձայնագիրը պարզ թուղթ մը չէ, կայ զայն կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւն»:
Ըստ Անի Բադալեանի՝ Հայաստան ուղղակի Ատրպէյճանի հետ կը քննարկէ գերիներու եւ պատանդներու հարցերը: