Արխիւ
Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի 6-ին, Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» մարզադաշտին վրայ։ Իսկ օգոստոսի 17-ին խաղերու եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։
Հայաստանի նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ IMF-ի տնօրէն-կառավարիչ Քրիստին Լակարտի հետ:
Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ Ղազախիստանի մէջ ֆորում. «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ»:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու նախաձեռնութեամբ իֆթարի աւանդական սեղան՝ CVK Park Bosphorus պանդոկին մէջ:
Փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի. «2013 թուականէն ի վեր ընտրութեան արտօնութիւն չունենալը այլեւս մեզի՝ յոգնութենէն ալ անդին, մաշեցնել սկսած է»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ագահութիւն»ը՝ որ կը նշանակէ՝ դրամի չափազանց սէր, որուն հոմանիշն է. «արծաթասիրութիւն», մոլութիւն մըն է, որ ամէն չարութեան արմատն է, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է…» (Ա ՏԻՄ. Զ 10)։ Ագահութիւնը սրտէն յառաջ կու գայ, եւ կը վնասէ թէ՛ ենթական եւ թէ իր շուրջինները։ Արդարեւ, ագահութիւնը ինքնախաբէութիւն է, քանի որ մարդ ինքզինք շահաւոր կը կարծէ, բայց շա՜տ բան կը կորսնցնէ անզգալաբար։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արդէն տարի անցաւ, բայց կարծէք Հայաստանը եւ իր ղեկավարութիւնները դեռ կը շարունակեն իրենք զիրենք եւ դժուարութիւններու մէջ շնչահեղձ ժողովուրդին օրհնութեան գիրի պէս ջամբել յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան հոգեպարար բառերը: Ինչպէ՞ս չյուզուիլ: Իսկ յուզումներու պարագային տրամաբանութիւն եւ իրատեսութիւն կանգ կ՚առնեն:
«Ոսկէ ծիրան»ի պատասխանատուները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
Շարժանկարի միջազգային փառատօնը յառաջիկայ յուլիսին պիտի կազմակերպուի 16-րդ անգամ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովի պատուիրակութեան անդամները, որոնք մասնակցեցան անցեալ շաբաթավերջի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։ Յիշեալ ժողովի միջեկեղեցական յանձնաժողովի նախագահ եւ Մակտեպուրկի առաջնորդ Ֆայկէ Եպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ներկայութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի, Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ողբերգական շերտերով լի են ամերիկահայ երկու հայ նկարիչներու՝ Արշիլ Կորքիի եւ Արթիւր (Աշոտ) Փինաճեանի կեանքի անցած ճանապարհները: Մինչ կարգ մը արուեստաբաններ կը համեմատեն այս երկու նկարիչները ամերիկեան վերացական արուեստի մէջ ունեցած անոնց հսկայական դերին համար, ուրիշներ՝ տարբեր հարթութիւններու վրայ կը դնեն Փինաճեանն ու Կորքին:
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Փոլոնէզգիւղ։ Ամառնամուտի առթիւ կատարուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։
«Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու համացանցային կայքէջի հաստատման հնգամեակին առթիւ երէկ յոբելենական խանդավառ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մեր վարժարաններէ բազմաթիւ պատանիներու մասնակցութեամբ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ»ի հէքեաթատօնը, որու հանդիսավարն էր Պօղոս Չալկըճըօղլու։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի նախաձեռնութիւնները:
Ընտանիքի տարուան առթիւ լոյս տեսաւ Խրիմեան Հայրիկի բարոյախրատական ժողովածոն:
Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք յայտնեց, որ ամրան արձակուրդի նոր օրացոյց մը պիտի հաստատուի յառաջիկայ շրջանին։ Ըստ նախարարին, ներկայիս արդիւնաւէտութեան եւ հաւասարակշռութեան հիման վրայ աշխատանքներ կը կատարուին։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Այսօր Փարիզի Առեւտրական հարցերու ատեանին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ դատավարութիւն մը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախօրէին ամերիկացի պետական քարտուղարը հանդիպած էր իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Մնացականեանի եւ Մամետեարովի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումը կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ:
Երեւան եւ Պաքու միշտ տարակարծիք՝ Արցախի բանակցային սեղան վերադառնալու հաւանականութեան շուրջ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Պելժիա, ուր նախագահեց Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Պրիւքսելի մէջ կեցութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունեցաւ նաեւ շարք մը միջեկեղեցական հանդիպումներ։
Անգարա եւ Պաղտատ կարեւոր քայլեր առնել կը ձգտին տարածքաշրջանի առկայ իրավիճակին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Իրաքի վարչապետ Ապտիւլմեհտին:
Atv-ի հեռուստակայանին վրայ վերջերս տեսասփռուեցաւ Նիհատ Հաթիպօղլուի հանդիսավարութեամբ յայտագիր մը, որու ժամանակ լսարանին ներկայացուեցաւ ուղիղ եթերի վրայ դաւանափոխ դառնալով իսլամը ընդունած հայազգի պատանի 13-ամեայ Արթուրը։ Այդ դրուագները թէ՛ համարուեցան վիրաւորական եւ թէ դուռ բացին վէճի մը։ Հաղորդումի սփռուելէն վերջ Պատրիարքական Աթոռն ալ շարժման անցած է զանազան ուղղութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ Աստուած Ադամը եւ Եւան օրհնեց եւ անոնց պատուիրեց որ երկիրը արդար սերունդով լեցնեն եւ երկրին տիրեն եւ ստորադաս կենդանի արարածներուն վրայ իշխանութիւն ունենան, այն ատեն Ան պատուէր չտուաւ որ «շաբաթ» եւ կամ հանգստեան օր մը պահեն։ Սատանային կատարած փորձութիւնը եւ Ադամի ու Եւայի մեղանչումը որեւէ կապ չունէին 24 ժամ տեւող «շաբաթ»ի օրէնք մը չպահուելուն հետ։