Արխիւ
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան երդիքին տակ ուշագրաւ հաւաքոյթ մը՝ սփիւռքեան կրթական խնդիրներուն շուրջ:
Սիլվա Գույումճեան եւ Կարապետ Տաքէսեան ներկայացուցին Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի վարժարաններու այժմու ընդհանուր կացութիւնը:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Փարիզի մէջ։ Տարեկան այս աւանդական հաւաքին ժամանակ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան Դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատգամ մը ուղարկեց Փարիզի հաւաքին առթիւ։

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Տատեան վարժարանի տարեկան շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Թէեւ աւանդական են այս հաւաքները, սակայն այս տարուանը ընթացիկ նշանակութենէն դուրս էր, որովհետեւ զուգադիպեցաւ վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիան։ Այս առթիւ Տէ Ֆարիա Նորին Սրբութեան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը։
Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ ԳԱՏՕՍ-ի նախաձեռնութեամբ:
Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը անդրադարձաւ Գատըգիւղի մէջ հայոց պատմական գոյութեան եւ ծաւալած գործունէութեան:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Երբ Հայոց պատմութեան անցքերուն մէջ կը շրջինք եւ ականաւոր գործիչներու կեանքն ու կատարած ներդրումը կը փորձենք արժեւորել, անկախ մեզմէ, մեր տեսադաշտէն դուրս կը մնան այնպիսի անհատներ, որոնց պատմական ու հասարակական դերն ու նշանակութիւնը, իրականութեան մէջ, պակաս չէ՛ քան քաղաքական, ռազմական, մշակոյթի ու գիտութեան գործիչներունը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող տասն օրերուն ընթացքին նոր տեսակի լարուածութեան աճ կ՚արձանագրուէր Արաբական ծոցի շրջանին մէջ։
Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս Ծոցի երկիրներու նաւթի պաշարներու արտահանման ծովային գիծերուն եւ գլխաւոր նաւահանգիստներուն, ուր նաեւ տեղի ունեցան քանի մը «անհասկնալի» պատահարներ։
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
15 նոյեմբեր 2017-ին, Նիւ Եորքի «Քրիսթի՚ս» աճուրդի ժամանակ, «Սալվատոր Մունտի» կտաւը վաճառուեցաւ 450.3 միլիոն տոլարի. Գեղարուեստի ստեղծագործութեան համար վճարուած այդ բարձր արժէքը մինչեւ այսօր չէ գերազանցուած: Այդ կտաւին հեղինակը տաղանդաւոր Լէոնարտօ տա Վինչին է:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 13-ին կ՚ոգեկոչենք մահուան 89-րդ տարելիցը նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսենի (1861-1930), որ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արժանի տեղ գրաւած հայասէր օտարներու փաղանգին մէջ կը զատորոշուի հայապաշտպանի իւրայատուկ լուսապսակով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մասնագիտութիւններու հարցը սկսած է էական դրոյթ դառնալ Հայաստանի մէջ։ Որեւէ ոլորտէ ներս կը փնտռուին մասնագէտ մարդիկ, որոնք տիրացած են բարձր կրթութեան եւ պատրաստ են իրենց ձեռք բերած հմտութիւնները, մասնագիտական ընկալումները եւ անշուշտ զանազան երկիրներու մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւնը կիսուիլ Հայաստանի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ՚ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ՚ըլլայ» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 20)։
Առակախօսին այս խօսքը մեզի կը յիշեցնէ ժողովրդական այն առածը, որ կ՚ըսէ. «Ըսէ ընկերդ՝ ըսեմ թէ ո՛վ ես»։
ԹՈՒՄՕ ստեղծագործ փորձագիտութիւններու կեդրոնի գործունէութիւնը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի:
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ հանդիսաւոր հաւաքոյթի մը ընթացքին պարգեւատրեց Մարի-Լու Փափազեանը:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 100-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ։
Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականներու տարեկան համագումարը:
Այս շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի կ՚ունենայ ի պատիւ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի:
Մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան բարձր գնահատանքի արժանացաւ իր ծաւալած գործունէութեան համար:
Պարգեւատրեալ արուեստագէտը երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի կողմէ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երէկ, ժամը՝ 11.00-ին, իր հետն ունենալով Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը, այցելութիւն մը տուաւ Քույումճուքենթ՝ ուր հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի ոսկերիչ արհեստաւոր եւ գործարանատէրերուն հետ: Սրբազան հայրը եւ հայր սուրբը դիմաւորուեցան՝ գլխաւորութեամբ համայնքիս կողմէ սիրուած եւ յարգուած Ճեզօ Թաշի, ինչպէս նաեւ Արամ Տեմիրի, Յակոբ Ճանճանի, Մուրատ Վուրալի, Քույումճուքենթի հոգաբարձուներէն Մեսուտ Տէյիրմենճիի կողմէ:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
60-ականներու կէսերուն երաժշտական աշխարհը գրաւեց նոր երաժշտական ուղղութիւն, որ իր վրայ սեւեռեց երաժշտասէրներու եւ երաժշտական աշխարհի ուշադրութիւնը։ Այդ ուղղութիւնն էր պոսանովան , որ ծնունդ առաւ երկու՝ առաջին հայեացքէն իրարմէ շատ տարբեր ժանրերու միախառնումէն՝ ամերիկեան քուլ-ճազ (թեթեւ ճազ) եւ կրքոտ ռիթմերով լատինամերիկեան սամպա։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արդէն տարի անցաւ, բայց կարծէք Հայաստանը եւ իր ղեկավարութիւնները դեռ կը շարունակեն իրենք զիրենք եւ դժուարութիւններու մէջ շնչահեղձ ժողովուրդին օրհնութեան գիրի պէս ջամբել յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան հոգեպարար բառերը: Ինչպէ՞ս չյուզուիլ: Իսկ յուզումներու պարագային տրամաբանութիւն եւ իրատեսութիւն կանգ կ՚առնեն:
«Ոսկէ ծիրան»ի պատասխանատուները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
Շարժանկարի միջազգային փառատօնը յառաջիկայ յուլիսին պիտի կազմակերպուի 16-րդ անգամ: