Ճկուն եւ արդար լուծում
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ երէկ սկսաւ կարեւոր երկխօսութիւն մը։ Եկեղեցական համագումարէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին տեղի ունեցան բազմաթիւ բարդ իրադարձութիւններ, յայտարարուեցան իրերամերժ դիրքեր ու կատարուեցան հակադիր յայտարարութիւններ։