ԵՐԱ՜Զ ՄԸ ՏԵՍԱՅ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երա՜զ մը տեսայ. վարդաստան մը, պարտէզ մը՝ ուր մարդիկ սիրով կը խօսէին, սիրով կը վարուէին իրարու հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երա՜զ մը տեսայ. վարդաստան մը, պարտէզ մը՝ ուր մարդիկ սիրով կը խօսէին, սիրով կը վարուէին իրարու հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարդալը անշուշտ որ հաճոյք կը պատճառէ մարդուս, քանի որ մարդ բնական հետաքրքրութիւն մը ունի սորվելու, գիտնալու եւ տեղեկանալու։ Մարդուս այս ընդոծին պահանջքը ամենէն ազդու կերպով կը գոհացնէ ընթերցումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերային կեանքի ներդաշնակութեան եւ ընդհանուր խաղաղութեան ու անդորրութեան վտանգ սպառնացող մարդկային արարքն է՝ դատարկախօսութիւնը, այսինքն անիմաստ, աննպատակ եւ սնամէջ ամէն խօսակցութիւն եւ նողկալի ունայնամտութիւնն է մարդոց, այսինքն առանց հետեւանքը խորհելու, առանց դատելու, բանականութեան ներհակ գաղափար յայտնե՛լ, որոնք ամենէն շատ վնաս կը պատճառեն մարդկային ընտանիքին, մարդկութեան ընդհանուր կառուցուածքին, կատարելագործութեանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրականին, աննշան եւ սովորական երեւոյթներ եթէ խորհիք, շատ աւելի մեծ գաղափարներ կրնան ստեղծել։ Ամէնօրեայ, ընթացիկ կան այնպէս պատահարներ՝ որոնք իրենց տեսնուածէն շատ աւելի վեր իմաստներ ունին։ Եթէ մէկը շրջահայեաց է, հաճոյք կ՚առնէ ամէն մէկ իրադարձութենէն իմաստ մը քաղելէ, կը տեսնէ ու կը խորհի անոնց վրայ եւ կ՚ընդլայնէ իր մտային հորիզոնը եւ կ՚ընդարձակէ միտքը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան Սրբադասման արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով, զոր կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
«Իսկ եթէ նախատիցի՛ք եւս վասն անուանն Քրիստոսի, երանելի՛ էք, զի …Աստուծոյ Հոգին ի վերայ ձեր հանգուցեալ է»
(Ա ՊԵՏ. Դ 14)
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրարու հարցնենք սիրելինե՜ր. իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անարդարութիւններու, անիրաւութիւններու չենթարկուած մէկը կա՞յ արդեօք։ Ամէն մարդ, քիչ կամ շատ չափով, դիմաւորուած է անիրաւ ու անարդար դէպքերու հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ատելութիւնը, մարդկային յարաբերութիւններու վնաս պատճառող, անոնց մշակումը կասեցնող, անոնց աճման արգելք հանդիսացող «ա՛խտ» մըն է։ Եթէ ո՛չ մարմնական, այլ՝ բարոյական ախտ մը, հիւանդութի՛ւն մըն է ատելութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Նոր տարի» մը՝ նոր կեանքի մը առաջին օրն է, որ մարդուս կ՚աւետէ նորոգուած, բարեփոխուած նոր շրջան մը։ Երանի՜ անոնց, որ գիտեն օգտագործել այդ նորութիւնը իրենց կեանքէն ներս։ Արդարեւ, «Նոր»ը դիմաւորել չի բաւեր, այլ պէտք է իւրացնե՛լ, օգտագործել, առիթ մը նկատել զայն, էապէս նորոգուելու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն՝ թէ ծերութեան շրջանը երկարատեւ ըլլալու համար պէտք է կանուխ ծերանալ։ Արդարեւ տարիքոտ ըլլալ եւ ծեր ըլլալ, թէեւ մերձիմաստ են, բայց էապէս կը տարբերին իրարմէ։ Տարիք ունեցող մէկը կրնայ ինքզինք երիտասարդ զգալ, եւ փոխադարձաբար տարիքը քիչ ըլլալ բայց ծեր զգալ ինքզինք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահ մը դիտենք մեր շուրջը եւ անդրադառնանք բնութեան եւ անոր մէջ մարդուն ընդհանուր նկարագրին։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Բնութիւնը շարունակ կը շինէ, կ՚արտադրէ եւ կը պահէ, կը պահպանէ, հոգ կը տանի, կը խնամէ իր շինածին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ընէ։