ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգիին աստուածային գալուստը քարոզուած է բոլոր մարգարէներու կողմէ, բայց կատարելապէս անոր գալստեան մասին առաքեալներուն պատմեց Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, մինչ իր տնօրինական փրկարար չարչարանքները կը կրէր, որպէսզի ճանչցուի Հոգիին էութիւնը եւ անով մխիթարուին անոնք։