ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՔԱՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստուն կին մը ճամբու եզերքը ինկած քար մը կը գտնէ։
Յաջորդ օրը ան ճամբորդի մը կը հանդիպի՝ որ շատ անօթի է, եւ կինը իր քովի հացը կը կիսէ անոր հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստուն կին մը ճամբու եզերքը ինկած քար մը կը գտնէ։
Յաջորդ օրը ան ճամբորդի մը կը հանդիպի՝ որ շատ անօթի է, եւ կինը իր քովի հացը կը կիսէ անոր հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հերոս դառնալու եւ անմահանալու չափանիշները մեր ազգին մէջ քիչ մը տարբեր են տրամաբանականէն. մեր մօտ հերոսութիւնը պայմանաւորուած է մահով. հաւանաբար երկու երիտասարդ մասնակից դառնան պատերազմի. անոնցմէ մին մեծամեծ գործեր կը կատարէ, սակայն կը յաջողի իր կեանքը փրկել, սակայն երկրորդը առանց բան մը կատարած ըլլալու հակառակորդին զոհ դառնայ եւ հերոսանայ, մինչ իսկական հերոսը արժանանայ անփթութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մարդը ստեղծեց եւ զայն դրաւ դրախտին փափկութեան մէջ, բոլոր զգայարանքները եւ անդամները առողջ ունենալով իր բնութեան մէջ։ Ապա ուրեմն՝ երբ լսեց անոր, որ խաբեց զինք, այն ժամանակ ստացաւ բոլոր ախտերը եւ հիւանդութիւնները եւ իսկոյն ինկաւ իր մեծ ու չքնաղ փառքէն, որպէսզի մարդը հասկնայ եւ տեսնէ, թէ ախտեր, հիւանդութիւններ կան՝ որոնք զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ որպէսզի բարերար Աստուծոյ, որ օգնէ իրեն եւ ապա ինք կարենայ իրմէ թօթափել բոլոր ախտերը եւ բժշկուիլ ամէն հիւանդութենէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 9 մարտ 1913 թուականին Պոլսոյ Նշան Պապիկեան տպագրատունէն լոյս կը տեսնէ «Բամբիռ» շաբաթաթերթը. շաբաթաթերթի խմբագիրը (որ ցաւ ի սիրտ, իր անունը չի յիշեր շաբաթաթերթի էջերուն մէջ) իր առաջին խմբագրականին մէջ հպարտութեամբ կը գրէ հետեւեալ տողերը.-
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, եւ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն». (ՀՌՈՎ. Ը 6)։
Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. այսինքն մարմնաւոր բարիք մտածել եւ անոնց հետամուտ ըլլալը կը կորսնցնէ մարդուս հոգիին կեանքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այն անձերէ՞ն ես, որ կը կարծէ, թէ կեանքը, օրուան հացի դրամը վաստակիլն ու մարդկային կեանքի մէջ պայքարիլը դժուար է. եթէ այո, ապա վստահ կրնաս ըլլալ, որ աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութիւնը նոյն կարծիքը ունի, սակայն այս կարծիքին հակառակ գոյութիւն ունի խաւ մը, որ կեանքն ու դրամ շահիլը շա՜տ դիւրին կը նկատէ եւ այս երկու իրարու հակառակ կարծիքներն է, որ աշխարհը կը դարձնէ հանելուկի մը՝ որ գուցէ երբեք ալ պիտի չլուծուի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ». (ԵԼԻՑ ԼԱ 17)։
Սուրբ Գիրքը կը վկայէ եւ կը հաստատէ, թէ Աստուած՝ ամբողջ տիեզերքի Արարիչը դադրեցաւ գործելէ եւ հանգստացաւ, քանի որ երկրիս ստեղրագործութեանը նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը կատարած էր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ձեզմէ ո՞վ գէթ մէկ անգամ զԱստուած չէ մեղադրած եւ իր դժբախտութեան ու ձախորդութեան հեղինակն ու պատճառը Աստուած չէ նկատած: Այս մէկը պէտք չէ ընդունիլ որպէս Աստուծոյ դէմ մեղանչում, որովհետեւ մարդկային նկարագիրը սեփական անյաջողութեան համար յանցաւոր մը կը փնտռէ՝ ձեւով մը մեղմելու համար սեփական թերացումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ «Պաղեստին» կոչուած է նախ Քանանու երկիր, քանի որ այն երկրին մէջ բնակեցաւ Նոյի թոռան Քանանու սերունդը. (ԾՆՆԴ. Ժ 15-18)։ Յետոյ Յակոբի սերունդէն «Իսրայէլ» անունով կոչուեցաւ Իսրայէլի երկիր, իսկ գերութենէն ետք սկսաւ կոչուիլ «Յուդայի» երկիր (Յուդայաստան) կամ (Հրէաստան), որովհետեւ Յուդայի ցեղէն էին գրեթէ բոլոր անոնք, որոնք գերութենէն դարձան Պաղեստին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ մշակոյթի, թատրոնի եւ արուեստի ներկայ վիճակը քննարկելը կը ձգենք ուրիշներու եւ կը բաւարարուինք կեդրոնանալով այն իրողութեան վրայ, որ անցեալին՝ մօտաւորապէս դար մը առաջ, հայերը ունեցած են արուեստի մեծ ճաշակ ու հմտութիւն եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ Պոլսոյ մէջ թրքական թատրերգութիւնն ու արուեստը նոյնիսկ մեծ դասեր ու օգուտներ կը քաղէ հայկական մշակոյթէն: