ՅՈՅՍԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի եւ քու լուսինդ պիտի չնուազի. հապա Աստուած քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան». (ԵՍԱՅԻ Կ 20)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի եւ քու լուսինդ պիտի չնուազի. հապա Աստուած քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան». (ԵՍԱՅԻ Կ 20)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախորդ մեր յօդուածներուն մէջ խօսեցանք պատուելի Մանավեանի պատասխանած երկու հարցերուն մասին եւ մեր անհամաձայնութիւնը յայտնեցինք, սակայն պէտք է ըսենք, որ այդտեղ տեղ գտած հարցերը յատուկ չեն միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն. սփիւռքի բոլոր տարածքին մենք որպէս հայ ժողովուրդ դիմագրաւեցինք եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք դիմագրաւել այդ հարցերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան եւ տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 28)։
Բնութիւնը ուսուցի՛չ է։ Ծառերը եւ բոյսերը իրենց վրայ կը կրեն համապատասխան եղանակի նախանշանները շատ աւելի կանուխ, քան այն յայտնի կը դառնայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է միշտ հոզուած ըլլալ, որ մեր ազգային դժբախտութիւնները մէկ օրուան մը ծնունդն ու արդիւնքը չեն. մեր ազգային կեանքին մէջ ունեցած ենք որոշ փոքր վէրքեր, որոնք անբուժութեան պատճառով ժամանակի ընթացքին տարածուելով վտանգած են ամբողջ մարմինը. մենք յաճախ լուռ մնացած ենք «փոքր» կարծուած թերութիւններու դիմաց, կարծելով թէ անոնք մեծ վտանգ մը չեն ներկայացներ, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ փոքրերը միանալով կազմած են մեծ հարցեր՝ մեր անփթութեան պատճառով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զօրաւորէն աւելի զօրաւորը միշտ կը գտնուի։ Եւ երբ զօրաւորը եւ աւելի զօրաւորը դէմ առ դէմ գան՝ իրաւունքը կը տեղափոխուի։
Մարդկութիւնը միշտ զբաղած է սա հարցով, թէ՝ իրաւունքը զօրաւորի՞նն է, թէ իրաւունքն է զօրաւո՛րը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկականութիւն ու ազգային արժէքներ հասկացողութիւնը իւրաքանչիւր անձի համար կրնայ ըլլալ տարբեր ու շատ անգամ նոյնիսկ հակասական եւ մեր պատմութեան ընթացքին բազմիցս տեսած ու լսած ենք գոյութիւն ունեցող այդ իրերամերժ համոզումները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ոչ միայն յատուկ ցեղի, ազգի, պետութեան, այլ ընդհանուր մարդկութեան աճումը, բարոյականութիւնը, մտաւոր զարգացումը, բարօրութիւնը, մէկ խօսքով՝ նոյնիսկ գոյութիւնը եւ յարատեւութիւնը, սերտ կապակցութիւն ունեցած է միշտ ընտանեկան կեանքի հետ՝ որուն գլխաւոր եւ էական շաղկապը եւ հիմը ամուսնութի՛ւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երգիչը երգիչ դարձնողը իր հանդիսատեսն է, նկարիչը նկարիչ ընողը՝ արուեստասէրը, իսկ գրողը գրող դարձնողը անկասկած ընթերցողը, այլապէս անոնք կը նմանին այն ոսկիի գանձին, որ դարեր շարունակ կը շարունակուի անյայտ վայրի մը մէջ թաղուած մնալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գոյաբանութիւնը՝ «ontologie», գոյութեան էութիւնը ուսումնասիրող գիտութեան բաժի՛նն է։ Արդարեւ, լուսամիտ, լայնախոհ եւ յառաջադէմ վիճակի վերածող եւ բոլոր գիտութիւններու առաջնորդող գիտութիւնը «métaphysique»՝ բնազանցութի՛ւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կ՚ուզեմ որպէս հանդիսատես հեռուէն դիտել ընդհանրապէս բոլոր աշխարհին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաոսը, ուր «շունը տիրոջ չի՛ ճանչնար». ընդհանուր անհասկնալի վիճակ մը պարզապէս թէ՛ ազգային, թէ՛ քաղաքական եւ թէ հոգեւոր գետնի վրայ. մէկ կողմէն ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մեր յաղթուած քաղաքական գործիչներն ու ղեկավարները իրենց մահամերձ ու խայտառակ վիճակը ծածկելով կը փորձեն ներկայացնել «յաղթական» իշխանութիւն մը, անտես առնելով թշուառութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ գաղթականները. միւս կողմէ կը տեսնենք, թէ հոծ բազմութիւն մը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ կը պայքարի ու կ՚ընդդիմանայ ներկայ իշխանութիւններուն, հակառակ Աստուածաշնչական այն խօսքին, որուն համաձայն «որ հակառակ կայ իշխանութեանն, Աստուծոյ հրամանին հակառակ կայ» (Հռ 13.2):