ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութիւնը հին դարերու ընթացքին: Բազմայրութիւն եւ բազմակնութիւն: Ամուսնանալու երեք կերպերը. առեւանգում (աղջիկ փախցնել), գնում (պաշլըղ) եւ փոխադարձ համաձայնութիւն: Կնոջ դրութիւնը: