ԻՍՐԱՅԷԼ ՎԵՐՅԻՇԵՑ «ԱԼ ՊՈՒՍԹԱՆ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ. Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏՃԱՌԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն մէկէ աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ խօսեցան «Ալ Պուսթան» անունը կրող գործողութեան մասին, որ իրականացուած էր 2007 թուականին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն մէկէ աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ խօսեցան «Ալ Պուսթան» անունը կրող գործողութեան մասին, որ իրականացուած էր 2007 թուականին:
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Ծաղկազարդը յատուկ տօն մըն է: Մեր Տէրը Քրիստոս Երուսաղէմի մէջ մեծ բազմութեան կողմէ կը դիմաւորուի: Հանդիսաւոր ընդունելութիւն տեղի կ՚ունենայ: Երկու կարեւոր տուեալներ կան, որոնք կը պարզեն, թէ ի՞նչն էր այս յաղթական մթնոլորտին, ուրախալի եւ ճոխ ընդունելութեան պատճառը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 21-ին մահացած է հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Վահան Միրաքեան (1866-1942), որ յատկապէս իր «Լալուարի որսը» երկարաշունչ ու հանրածանօթ բանաստեղծութեամբ՝ մնայուն իր տեղը գրաւած է հայոց անմահներու պանթէոնին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղողը չեմ: Ո՛չ թէ, որովհետեւ չեմ սիրեր, այլ անկեղծօրէն չեմ հասկնար: Եւ ամէն անգամ, երբ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի, եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուիլ ու վիճիլ, կարծես իրենք ըլլային աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու քաղաքականութիւնը գծողն ու ճշդողը. այսպիսի պահերու ես կը մնամ լուռ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դիմատետրը կը թերթէի, երբ համակարգիչիս պաստառին վրայ յայտնուեցաւ հայրենի գրող՝ Վարդգէս Պետրոսեանէն միտք մը, որ կ՚ըսէր՝ «Ամենակարեւոր բաները մեզ չսովորեցրեցին: Առաջին դասարանում անցանք այբուբենը, դա յետոյ էլ կսովորէինք, յետոյ թուաբանութեան դասատուն մեզ անգիր անել տուեց բազմապատկման աղիւսակը…
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Ընդհանուր իմաստով՝ կը նշանակէ դաշինք, համաձայնութիւն, պարտաւորութիւն։ Մասնաւոր իմաստով կը գործածուի՝ նշելու համար այն կապը, որ Աստուած կը հաստատէ.
1.- Ըլլա՛յ համայն մարդկութեան հետ, Նոյի անձին ընդմէջէն (Հմմտ. Ծն 9.9-17)։
2.- Ըլլա՛յ անձի մը հետ, ինչպէս Աբրահամի (Հմմտ. Ծն 15.18) կամ Դաւիթի հետ (Հմմտ. Սղ 89.4-5)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման պին Ապտիւլազիզ իշխանը կը պատրաստուի Միացեալ Նահագներ այցելել: Ուշագրաւը այն է, որ նախօրօք տրուած լրատուութեան համաձայն, Ուաշինկթըն տրուելիք այցի շրջանակներուն մէջ կը սպասուէր, որ Սելման թագաւորը ըլլար սէուտական պատուիրակութիւնը գլխաւորողը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Առնուազն ես երեք անգամ ներկայ եղած եմ այդ դէպքին: Կար նաեւ յունաց պատրիարքը եւ մենք միասին վառեցինք մեր լապտերները», մօտաւորապէս այս խօսքերն էին, որ պատճառ կը դառնային, որ Ուղղափառ աշխարհի ամենէն «վառ» ներկայացուցիչները քննադատութեան թիրախ դարձնէին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանը:
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Կը թուի, որ մենք՝ հայերս արեւապաշտ ըլլալէ առաջ եղած ենք լուսապաշտ: Անշո՛ւշտ ո՛չ արեւապաշտութիւնը եւ ո՛չ ալ լուսապաշտութիւնը մեր ազգային մենաշնորհն է: Թէ՛ լոյսը, թէ՛ արեւը՝ երկուքն ալ պաշտուած են հնդեւրոպական եւ այլ հին ժողովուրդներու կողմէ ու տարածուած՝ աշխարհով մէկ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Յայտնի ճշմարտութիւն մըն է, որ ընթերցանութիւնը մանաւանդ երեխաներուն համար կենսական է: Հրատարակչատուներ, մշակութային միութիւններ, անհատ հեղինակներ, երբեմն՝ գերմարդկային ճիգեր ի գործ դնելով, մանկական որակաւոր հրատարակութիւններ կը հրապարակեն: